Մաս Ա. Լեւոն Շանթ. Կեանքը՝ Յարատեւ Ձգտում Ինքնակատարելագործման
Լեւոն Շանթ անվերապահօրէն արդի հայ գրականութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն դէմքերէն է՝ ապրելով եւ տեւաբար գործելով հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ:
Լեւոն Շանթ իր բացառիկ տեղը կը գրաւէ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու հայ մշակոյթի պատմութեան ու հասարակական եւ կրթական կեանքին մէջ՝ միաժամանակ իբրեւ գրող, թատերագիր, մանկավարժ, փիլիսոփայ եւ կուսակցական, քաղաքական ու պետական գործիչ: Շանթի հարուստ ժառանգութիւնը, նաեւ անոր մանկավարժական եւ փիլիսոփայական ըմբռնումներն ու տեսակէտները ո՛չ միայն ինքնատիպ են, այլև՝ թելադրական եւ դաստիարակող: Ան կը փորձէ պեղել աշխարհի եւ բնութեան գաղտնիքները ու բացայայտել մարդու ներքին էութեան, նաեւ պատմութեան, կեանքի եւ գոյութեան առեղծուածները:
Շանթի ստեղծագործական գանձարանին մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ թատրերգութիւնը, ուր «Եսի Մարդը» (1904), «Ուրիշի Համար» (1906), «Ճամբուն Վրայ» (1909), «Հին Աստուածներ» (1909), «Կայսր» (1916), «Շղթայուածը» (1918), «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» (1921), «Օշին Պայլ» (1932) պատմափիլիսոփայական խաղերը հայ գրականութիւնը կը հարստացնեն բացառիկ գործերով:
Տակաւին, Շանթի փիլիսոփայական տեսակէտները, որոնք թէեւ ձեւաւորուած են հայկական իրականութեան եւ հայ մշակոյթի հիման վրայ, միւս կողմէ սակայն անցած են եւրոպական փիլիսոփայական գրականութեան պրիսմակէն, յատկապէս՝ Նիցչէի, Կէօթէի, Վակների եւ Իբսէնի մտածումներու աշխարհէն:
Լեւոն Շանթի գրական-ստեղծագործական աշխարհահայեացքին վրայ բնակաօրէն պիտի ազդէին իր տեղափոխութիւնները եւ տարբեր մշակոյթներու եւ մտաւորական դպրոցներու հետ անոր շփումը: Պոլիսէն՝ Գէւորգեան ճեմարան եւ Թիֆլիսի «Վերնատունը», ապա Եւրոպա եւ մասնաւորաբար Գերմանիա, վերադարձ նոր գաղափարներով եռացող Կովկաս ու հետագային Միջին Արեւելք, այս բոլորը ազդած են Շանթի ընկերային, փիլիսոփայական, գաղափարական եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումներուն վրայ եւ բնականօրէն՝ իրենց արտայայտութիւնը գտած անոր գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ:
«Առասպելական է Շանթի անխոնջ աշխատունակութիւնը, որ բեղուն ու բարձրորակ հարստութիւն կտակեց հայ ժողովուրդի սերունդներուն՝ իբրեւ լուսաւորիչ ու ճառագայթող ժառանգութիւն մը հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը»։ (1)
Յարատեւ ձգտում ինքնակատարելագործման
Լեւոն Շանթ (իսկական մականունը` Նահաշպետեան, ապա հօր` Սեղբոսի անունով` Սեղբոսեան) ծնած է 6 Ապրիլ 1869ին, գորգի վաճառականութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ: Մանուկ հասակին կը կորսնցնէ ծնողները: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին՝ Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի ճեմարանին մէջ:
1884-1891՝ Էջմիածնի Գէւորգեան ճեմարանի աշակերտ: Շանթ այն սակաւաթիւ արեւմտահայերէն էր, որ բախտ կ’ունենայ ուսանելու էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ուր այդ տարիներուն կ’ուսանէին նաև Կոմիտաս, Ն. Ադոնց, Ն. Աղբալեան, Վռամեան եւ ուրիշներ: Հոգեւոր ճեմարանի մթնոլորտը հայկականութեան իր դրոշմր կը դնէ Շանթի պատանեկան հոգիին վրայ: Հոն ան կը ծանօթանայ իր հայրենի բնաշխարին, ժամանակակից ռուսական գրականութեան եւ քաղաքական շարժումներուն, եւ ինչպէս դիտել կու տայ իր բարեկամներէն եւ ժամանակակիցներէն
Գ. Իփէկեան, «Հոն զգաց իբրեւ հայ իր պարտականութիւնը նուիրուելու հայ ժողովուրդի ծառայութեան» եւ «Հոն է որ ինք դարձաւ ամէնէն արեւմտահայ արեւելահայը եւ ամէնէն արեւելահայ արեւմտահայը. մէկ խօսքով ամբողջական հայը, միաժամանակ եւ լայնախոհ հայը. հաւասարապէս սիրող ու գնահատող այդ բոլորին արժէքներն ու արժանիքները»: (2)
Աւարտելէ ետք Գէւորգեան ճեմարանի ուսումնական ընթացքը, Շանթ անմիջապէս կը վերադառնայ Պոլիս, ուր թափով մը կը նետուի գրական-ստեղծագործական ասպարէզ՝ ընտրելով Շանթ գրչանունը եւ «Հայրենիք» թերթի էջերուն լոյս ընծայելով իր առաջին բանաստեղծութիւններն ու անմիջապէս լայն ժողովրդականութեան արժանացած իր «Մնաք Բարովի Իրիկունը» վիպակը։ Աշխատանքի կ’անցնի Ռոտոսթոյի վարժարանին մէջ իբրեւ աւագ ուսուցիչ:
Անոր Պոլիս վերադարձը կը զուգադիպի յեղափոխաղկան շարժումներու վերելքի օրերուն և Գէւորգեան ճեմարանի ազգային մթնոլորտը, Կովկասի մէջ ծաւալած հասարակական-քաղաքական շարժումները կը ձևաւորեն անոր աշխարհայեացքը: Բնական Է, որ ան չէր կրնար անտարբեր մնալ իր շուրջը զարգացող իրադարձութիւններուն հանդէպ:
Հետագային, անդրադառնալով այս շրջանի իրադարձութուններուն, ան կ’ըսէ. «Գիտակցութեան եկած օրէս կապուած էի, անշուշտ, մեր յեղափոխական շարժումներուն, դեռ Գէորգեան ճեմարանէն: Իմ բոլոր ընկերներս, ծանօթներս, իմ սիրելի մօտիկ մարդիկները այդ շարժման մէջ էին, և ես մօտէն ծանօթ էի ներսի, դուրսի բոլոր կատարուածներուն: Բայց ինքս գիտակցաբար մեջը չէի մտած: Ես իմ վրայ նայած եմ միշտ իբրև գրչի մարդու և յեղափոխութիւնը նկատած եմ միշտ իբրև զէնքի գործ, ես այդ զէնքը չեմ գործածեր, պէտք չէ որ մտնեմ զէնքով քարոզողներու մէջ»: (3)
Երկար չի մնար Պոլիս, այլ ուսանողական կեանքը զինք դարձեալ կը տանի Եւրոպա, կը վերադարձնէ Կովկաս, ուր Թիֆլիսը հայ մշակոյթի ու մտաւորականութեան «արեւելեան մայրաքաղաք»ն էր. մինչեւ Ցեղասպանութեան նախօրեակը, անոր կեանքը անվերջանալի երթեւեկ մըն է Կովկասի, Պոլսոյ ու եւրոպական քաղաքներու միջեւ։ Լայփցիկի ու Միւնիխի մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան ու թատերական ուսումի: Իբրեւ ուսուցիչ կ’ունենայ նշանաւոր բնագէտ, հոգեբան և փիլիսոփայ Վիլհելմ Վունտթը (1832-1920): Աւելի ուշ, Ցեղասպանութիւնը կանխած տարիներուն, ան դարձեալ կþերթեւեկէ Թիֆլիսի, Երեւանի, Փարիզի, Լօզանի ու Ժընեւի միջեւ, առանց մոռնալու ծննդավայր Պոլիսը։ Զուիցերիոյ մէջ է որ կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջ։
«Շուտով տեսայ, որ (մանկավարժութիւնը) առանց հոգեբանութեան եւ հոգեբանութիւնն ալ առանց բնախօսութեան, եւ բնախօսութիւնն ալ առանց բնական գիտութիւններու՝ վերացական բան մըն էր միայն: (…) Գրուեցայ ուսանող մանկավարժութեան, բայց ամբողջ ժամանակս տրամադրած էի մարդակազմութիւն, կենդանաբանութիւն, բնագիտութիւն եւ տարրագիտութիւն սորվելու, որոնց մէջ հետզհետէ խորանալով, ամբողջ աշխարհայեացքս կը զգայի, որ նոր ձեւ կ’առնէր: (4)
Լ. Շանթի աշխարհայեացքը վերջնականապէս կը ձևաւորուի գերմանական համալսարաններուն մէջ և եւրոպական փիլիսոփայական ու գեղագիտական գրականութեան ազդեցութեան տակ: Մէկ կողմէ հոգևոր կրթութիւնը եւ հոգևոր դաստիարակութիւնը Գէւորգեան ճեմարանին մէջ, իսկ միւս կողմէ եւրոպական համալսարանական գիտութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը երկւութիւն մը, ինչպէս Գ. Բանեան պիտի ըսէր ես-ի եւ հակա-եսի երկւութիւն մը կը ստեղծեն անոր էութեան մէջ: (5)
Շանթի ապրած երկւութեան մասին կը վկայէ ինչպէս Վանահայրը, այնպէս էլ Աբեղան «Հին Աստուածներ»ուն մէջ, ուր Շանթ դրած է իր էութիւնը: Այդ մէկը կը վկայէ նաև Գ.Նարեկացիի և անոր «Մատեան»-ի Շանթեան ըմբռնումն ու վերլուծումը… Այս երեւոյթը լաւապէս նկատած է յատկապես անոր աշակերտներէն Գրիգոր ՇաՀինեանը. «Առհասարակ խորհրդաւոր բան մը ունէին Շանթի բնազանցական, փիլիսոփայական միտքերը: Իր կեանքը երկւութիւն մըն էր եղած սկիզբէն իսկ. երազող բանաստեղծ պատանի հմայուեր էր գիտութեան խելացնոր յառաջդիմութենէն, նետուեր անոր ոլորապտոյտին մէջ, առանց դադրելու նախկին երազողը ըլլալէ: Գէւորգեան ճեմարանի կրօնական շունչը և գերմանական Համալսարաններու դրապաշտ իմաստասիրութիւնը տարօրինակ կերպով հիւսուեր էին իրարու»: (6)
1899էն սկսեալ աւելի քան 10 տարի կը դասաւանդէ Թիֆլիսի Գայանեան օրիորդաց եւ Երեւանի թեմական դպրոցներուն մէջ:
Թիֆլիսի մէջ կ’անդամակցի «Վերնատուն» գրական խմբակին՝ սերտ կապեր հաստատելով Յ. Թումանեանի, Ղ. Աղայեանի, Ա. Իսահակեանի եւ Դ. Դէմիրճեանի հետ: «Վերնատունը» կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ Շանթի գրական ըմբռնումներուն եւ ստեղծագործական որոնումներու համար։ Յ. Թումանեանի եւ Ս. Լիսիցեանի հետ կը կազմէ եւ հրատարակէ «Լուսաբեր» հայ լեզուի դասագիրքը:
Իր «Յուշերուն» մէջ, Գ. Իփէկեան այսպէս կը ներկայացնէ այն օրերու Լ. Շանթը, որուն առաջին անգամ կը հանդիպի 1907ին, այդ սրբազան «Վերնատան» մէջ:
«Այդ իրիկուն, ժամը հինգին, հաւաքուեցանք Թումանեանի վերնատունը, որու մասին Ժընեւ Դերենիկ Դեմիրճեանէն լսեր էի:
Գլխաւոր հինգերէն բացակայ էին Ն. Աղբալեանը, որ Եգիպտոս կը գտնուէր, եւ Դեմիրճեանը, որ Լոզան ուսանող էր: Այնտեղ գտանք Լեւոն Շանթը, Աւօն (Իսահակեանը), Թօփճեանը:
Շանթը ծանօթ էր ինծի իբրեւ բանաստեղծ–վիպագիր Պոլսոյ գրական թերթերէն: Սիրած հեղինակներէս մէկն էր: Բոլորովին տարբեր մարդ կ‘երեւակայի զինք: Կարճահասակ, ճկուն, արագաշարժ, երբ շարժուէր, բայց ծուլօրէն թաղուած կը մնար իր շուրջը դիզած բարձերուն, երբ երազկոտ կը հետեւէր խօսակցութեան: Ունէր քթին թառած ակնոց մը, որ ականջի ետեւէն թելով մը կամուած էր եւ վիզին ամրացուած: Սրածայր կսարճ միրուք մը եւ բաւականին երկար պատկառելի պեխեր կը լրացնէին տեսքը, սեւ թռչնաթեւ կապուած փողկապին հետ: Կէս արեւելահայ եւ կէս արեւմտահայ մտաւորականի երեւոյթ ունէր: Իր ճաշակաւոր հագուստ կապուստը եւ իր վարուելակերպը արտասահմանեան դրոշմ կը կրէին: Պահած էր արեւմտահայ բարբառը, բայց հակառակ պոլսական շեշտին, կը խօսէր կովկասեան գունաւորումով մը: Իր խօսակցական լեզուն հարազատ էր իր գրական ոճին: Սակաւախօս էր եւ ընդհանուր խօսակցութեան կը մասնակցէր երբեմն սրամիտ դիտողութիւնով մը: Մարմնով ներկայ, բայց մտքով ուրիշ ոլորտներու մէջ ըլլալ կը թուէր»: (7)
Յեղափոխական իրադարձութիւններու զարգացումները հետագային կը փոխեն անոր դիրքորոշումը, եւ 1909ին Շանթ կ’անդամագրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան՝ գրական գործունէութիւնը համատեղելով քաղաքական գործունէութեան հետ:
1911ին Շանթ կը դասաւանդէ Պոլսոյ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ:
1915-1919 կը գտնուի Եւրոպա: Կովկասի մէջ «Հին Աստուածներ»ու բեմադրութենէն իբրեւ հեղինակի իրաւունք ստացած գումարով Լեւոն Շանթ ընտանիքով կ’անցնի Եւրոպա եւ քիչ ժամանակ ետք կը պայթի առաջին աշխարհամարտը: Շանթ հրաշքով կ’ազատի հայ մտաւորականութեան ճակատագրական սպանդէն՝ 1915ին:
1918 Նոյեմբերին վերջ կը գտնէ պատերազմը եւ խաղաղութեան ժողովի պատրաստութիւններ կը տեսնուին: 1919ին Շանթ Փարիզ գտնուելով՝ կը հրաւիրուի մասնակցելու Պօղոս-Նուպար փաշայի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան ժողովներուն, ուր խիստ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ հայութեան պահանջները պատկերացնող յուշագրի մը պատրաստութեան մէջ, կը հաստատէ Գ. Բանեան իր «Լեւոն Շանթ, Ուրուագիծեր Կեանքի եւ Գործի Մասին» աշխատութեան մէջ: (8)
Եղած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Առաջին Հանրապետութեան Խորհրդարանի ամէնէն աշխուժ գործիչներէն մէկն էր, որոշ ժամանակ նաեւ խորհրդարանի նախագաներէն մէկը: Առաջին հանրապետութեան գոյութեան տարիներուն սուր էր յատկապէս «արեւելահայ» եւ «արեւմտահայ» հակադրութիւնր, որ վճռականօրէն Շանթ կը մերժէր, ինչպէս կը նկատէր Ս. Վրացեան, վնասակար կը նկատէր նոյնիսկ անոր արծարծումը «Ի՞նչ արեւմտահայ, ի՞նչ արևելահայ, մի՛այն հայը բաւական չէ՞: Մարդը փնտռեցե՛ք, անհատի արժէքր գործի համար և ո՛չ թէ ծննդավայրը…», յաճախ կը կրկնէր ան: (9)
1920ի ամռան կը գլխաւորէ Խորհրդային Ռուսիոյ հետ բանակցելու համար Մոսկուա մեկնած պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
1920 Դեկտեմբերի իրադարձութիւններէն յետոյ բազմաթիւ մտաւորականներու հետ Շանթ նոյնպէս կը բանտարկուի: 1921 Փետրուարեան ապստամբութենէն յետոյ կ’ազատի բանտէն եւ բազմթիւ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, Պարսկաստանի վրայով, ակամայ կը հեռանայ հայրենիքէն, նախ Ֆրանսա, ապա Եգիպտոս:
1922էն 1926ի միջեւ Շանթ կ’արտադրէ ընկերային-քաղաքական բովանդակութեամբ «Մեր Անկախութիւնը», «Ի՞նչ է Ազգութիւնը», «Ժողովուրդ եւ Մտաւորականութիւն» երկերը՝ իւրայատուկ մօտեցումով եւ վերլուծումով:
1926ին կը հրաւիրուի Գահիրէ՝ ուսուցչութեան համար, ուր կը վերագտնէ տարիներու իր մտերիմը՝ Նիկոլ Աղբալեանը, որուն հետ հիմը կը դնեն Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան, հետագային՝ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն եւ ապա միասնաբար կ’անցնին Պէյրութ՝ հիմնելու համար Համազգայինի Հայ Ճեմարանը։
«Գաղափար մը տալու համար, թէ Լ. Շանթն ու Ն. Աղբալեան ինչպիսի բարոյական հիմերու վրայ կ’ուզէին հաստատել Ճեմարանը, արժէ մէջբերել Լ. Շանթի առաջին դպրոցական տեղեկագիրէն հետեւեալ հատուածը. «Հայ Ճեմարանը գիտականօրէն դրուած է ընտանեկան հիմերու վրայ, ամէն կերպ կը ջանանք, որ դպրոցական կեանքը պաշտօնականի չվերածուի, որ աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան փոխադարձ շփումն ու յարաբերութիւնը՝ թէ՛ արտաքուստ, թէ՛ ներքուստ հոգեբանօրէն ըլլայ ընկերական, պարզ ու բնական: Այս տեսակի վերաբերումը սակայն ոմանց համար իսկոյն ընդունելի չէ, որովհետեւ դպրոցի մասին իրենց ունեցած գաղափարէն քիչ մը կը շեղի»: (10)
Մինչեւ իր մահը, 29 Նոյեմբերի 1951, Լեւոն Շանթ կ’ապրի ու կը գործէ Պէյրութի մէջ, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն եւ ուսուցիչ։
Վարուժ Դէնպէլեան
darperag21.net