ՎԱԽ

 

ճիշդ է որ զէրոն
բան մը կորսնցնելու
վախը չունի
սակայն
բան մը ունենալու
վախովն է որ
կը տառապի

 

 

ԱՅՏԱՓՈՍԻԿ
Թինային

 

այտափոսիկներդ
երկու ծուղակ
որոնց մէջ շուրթերս
կ’իյնան ամէն գիշեր
կ’իյնան բայց խելքի չեն գար

 

այտափոսիկներդ
ինկած երկու ասուպ
չակերտանման
սիրոյ պատմութիւնս մէջբերող

 

այտաափոսիկներդ
զոյգ գերեզման
մեռնիլս կու գայ
ախ
երկու անգամ

ՍԵՓԱԿԱՆ

 

դուն իմ սեփականն ես

այնպէս

ինչպէս մարդու մը սեփական արցունքը

ուրիշ աչք մը

չի կրնար լալ