«Քաղաքը կարդում է». Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօն

«Քաղաքը կարդում է». Գիրքի Երեւանի չորրորդ փառատօն Երեւանի մէջ, Յուլիս 30,31 եւ Օգոստոս 1-ին երեք օր շարունակ, Աբովեան փողոցի կեդրոնական մասը՝ Նկարիչներու միութեան շէնքի դահլիճը, «Զանգակ» գրատունը եւ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահը հիւրընկալած էին հրատարակիչներ, գրողներ, գրաքննադատներ եւ ընթերցողներ: Տեղի ունեցան գրական-մշակութային տասնեակ միջոցառումներ՝ գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառներէն զատ նաեւ նոր տպուած գիրքերու շնորհանդէսներ, գրական քննարկումներ, մասնագիտական աշխատարաններ, հանդիպումներ…