Անհամասեռութիւն
Անհամասեռութիւն Անհամասեռութիւնը գրողական կարեւոր թերութիւն մըն է, որ կը կայանայ խօսքի համադաս բառերը անմիօրինակ ձեւաւորելու մէջ: Օրինակ՝ ***«Ե. դարու մատենագիր Ղազար Փարպեցի պատմիչը եւ ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանը մեծապէս յայտնի են…»: —Պատկերացնենք մէկը, որ ոչ մէկ գաղափար ունի այստեղ յիշուած յատուկ անուններու մասին եւ այս կարդացածովը պիտի հաստատէ իր առաջին ծանօթութիւնը: Արդ, ի՞նչ կ’ըսէ այս նախադասութիւնը…