Ակնայ երգիչը՝ Թորոս Ազատեան

Ակնայ երգիչը՝ Թորոս Ազատեան 15 նոյեմբեր 1955 թուականին կը մահանայ հայագէտ, խմբագիր, գրող եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան: Պոլսոյ եւ արտասահմանի պարբերականներուն աշխատակցած մտաւորականը իր անխախտ հետքը ձգած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, գործելով ոչ միայն Պոլիս, այլ նաեւ՝ Լիբանան: Հնագոյն մամուլին մէջ ցրուած են անոր յօդուածները: Թերթելով հայրենի գիտնական Պախտիար Յովակիմեանի «Հայոց ծածկանուններու բառարան»ը,…

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։ Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.-…

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը Նոյեմբեր 9-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ «Ֆլաժէ» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ի նշանաւորում տասներեք երկիրներու դափնեկիրներուն։ Անոնց շարքին է հայ տաղանդաւոր գրող Արամ Պաչեանը իր «P/F» փորձարարական վէպով: Նախաձեռնութեան նպատակն է եւրոպական…

Լիբանանահայ հրատարակչատուները այսօր՝ ընթերցասիրութեա՞ն թէ՞ շուկայական տագնապ

Լիբանանահայ հրատարակչատուները այսօր՝ ընթերցասիրութեա՞ն թէ՞ շուկայական տագնապ Լիբանանահայ գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն նման, հայկական հրատարակչատուն-տպարանները կ’ապրին տագնապալի օրեր, որոնք ոչ միայն կապուած են վերջին երկու տարիներու տնտեսական եւ առողջապահական ցնցումներուն, այլեւ բաւական ետ երթալով՝ ընդհանրապէս նահանջի նշաններ սկսած են ցոյց տալ 90-ական թուականներէն սկսեալ, բացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն, որ կը շարունակէ գրեթէ բնականոն գործել:…

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին

Նիկոսիոյ Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2021-ին, Նիկոսիոյ Արմենիաս փողոցի վրայ բացումը կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին, ուր զետեղուած յուշակոթողին բացումը կատարեց Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու։ Կիպրահայ համայնքի անդամներէ եւ կիպրական կառավարութիւնը եւ պետութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնակատարներէ բաղկացած հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։ Սթրովոլոսի Քաղաքապետարանի եւ Կիպրոսի Եւրոպական Համալսարանի ֆանֆառին…

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, թէ 6 Նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին, ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին, գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր նպաստը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն վերջին առաւել քան 40 տարիներուն ընթացքին։ Հալէպ ծնած եւ հասակ նետած Տատոյեան հեղինակ…

«Մշոյ Բուլանըք Գաւառի Հայաբնակ Գիւղերն Ըստ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին Ուղղուած Նամակների» Աշխատութեան Լոյս Ընծայման Առթիւ

«Մշոյ Բուլանըք Գաւառի Հայաբնակ Գիւղերն Ըստ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին Ուղղուած Նամակների» Աշխատութեան Լոյս Ընծայման Առթիւ Ես գիտեմ, դուն ալ գիտես, որ սոսկ լալով ու ողբալով եթէ շաղախենք մեր հայրենեաց հողը Հայրենիք չի շինուիր: ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ Անցեալ տարի լրացաւ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի ծննդեան 200ամեակը։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը պատշաճ հանդիսութիւններով պիտի յիշատակէր Հայոց Հայրիկի բազմաբովանդակ գործունէութիւնը։…

Արամ Հայկազի «Շապին Գարահիսար Ու Իր Հերոսամարտը» Գիրքը

 Արամ Հայկազի «Շապին Գարահիսար Ու Իր Հերոսամարտը» Գիրքը Կորուսեալ ծննդավայրի վերյուշը, ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի յիշողութիւնները ուղեկցել են Արամ Հայկազին ամբողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքում, դարձել պատմութիւն եւ յուշագրութիւն, պատմուածք ու վէպ, որոնց կենտրոնում ինքն է՝ որպէս Գարահիսարի մնացորդաց սերունդ: 1949-1954 թթ. գրեց ու հրատարակեց «Ցեղին ձայնը» պատմուածքների երկհատորեայ ժողովածուն, 1962 թուականին՝ «Չորս աշխարհ» գիրքը, 1973-ին՝ «Չորս…

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. (41դ) Հատորի Շնորհանդէսը Պէյրութի Մէջ

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. (41դ) Հատորի Շնորհանդէսը Պէյրութի Մէջ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. հատորի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մշակութային կցորդ պ. Դաւիթ Ալլավերդեանի, հայագիտութեամբ շահագրգռուած մշակութասէր հիւրերու եւ Հանդէսի խմբագրակազմին:…

Հայերէն խօսիլ, սորվիլ եւ սորվեցնել ազգի գոյութենական ներկայի եւ գալիքի մարտն է

Հայերէն խօսիլ, սորվիլ եւ սորվեցնել ազգի գոյութենական ներկայի եւ գալիքի մարտն է               Պարտուածի եւ պարտութիւնը ընդունածի վարք է հայերէնէ հրաժարումը, կ’ըսուի՝ վասն պատշաճեցման, յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու, յաջողելու: Ինչե՜ր լսած եմ հայ մարդոցմէ, որոնք առանց ամչնալու յայտարարած են, որ հայերէնը «փոր չի կշտացներ», գտած են, որ «հայ դպրոցը հասութաբեր չէ», էսթէպլիշմընթի աստղ մը մարգարէի…