Օրենճ Քաունթիի մէջ Ազգային Միջնակարգ Վարժարան պիտի հաստատուի
Օրենճ Քաունթիի մէջ Ազգային Միջնակարգ Վարժարան պիտի հաստատուի Երեքշաբթի, 8 Փետրուարի յիտմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ընդհանրապէս Արեւմտեան թեմին եւ մասնաւորաբար Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, եւ Արի Կիրակոս Մինասեան…