Մարուշ Երամեան – Գահիրէ

Կինը  Որ կամաց կամաց վերածուեցաւ խոտի    Խաղ  Կին – կոն – կոտ – խոտ  Կինը նայեցաւ յուշերով  Կոնաձեւ էին  Կոտով չափեց ու տեսաւ  Նուազած բայց խտացած  Ճառագայթող մարգրիտ  Իսկ էութեամբ  Թրթռացող ցօղի կաթիլ  Մատղաշ ու թարմ տերեւին    Ցաւ    մոռցեր էր թարմութիւնը  անձրեւներուն գրգիռը կողերուն  գինովցնող բոյրը  մայրամուտի խարխաբին մէջ   կիսալուսին էր  չամբողջացած    ծնած էր ամենէն գեղեցիկ հովիտին մէջ  աշնանային օր մը  մոռցուած թեւակոտոր հեռացող  երազներու սէրէն  վայրի նժոյգներ կային վարգող  անոնց աչքերուն մէջ կարդացեր էր  տենդը խենթ գիշերներուն  առանց գիրերը ճանչնալու  առանց հեգելու    արեւը խանձեց զինք  լուսինը փայփայեց    եւ հողը միշտ թարմ մնաց կողերուն    եւ որովհետեւ հողը միշտ թարմ  մնաց կողերուն  ինք ալ վերածուեցաւ խոտի  եւ ամէն գարնան  նորովի կը կանաչի    Մարուշ Երամեան 

Համբիկ Մարտիրոսեան – Պէյրութ

ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐՈՒՆ  Ա՜խ, ես որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզեմ, որ դուք խօսի՛ք հայերէն…  Սորվիք օտար բի՜ւր լեզուներ, բայց չմոռնա՛ք հայերէնն…  Ամէն լեզու, ծաղկի նման, ունի անուն, բո՜յր ու համ,  Բայց Ոսկեղնիկն ուրիշ հա՜մ է, ան կը բուրէ՝ հայօրէն..:    Քանի՜ քանի՜ վանտալ ցեղեր, բարբարոսներ վայրենի,  Աւերեցի՛ն մեր երկիրը, քանդեցին բո՛յնն հայրենի…  Հրկիզեցին սուրբ տաճարներն, աւերեցին տո՜ւն ու տե՜ղ  Բայց չկրցան հիմէն պոկել՝ մեր թանկ գա՛նձը՝ Մայրենի..:    Դա՜ր ու դարեր ան ապրեցաւ, հասաւ մեր օրն, յաղթական…  Դարձաւ հայու հպարտութի՛ւնն, անցագի՜րը պատուական…  Ձեր մանկութեան օրօրոցէն, եղաւ աղօ՛թք, լո՜ւռ օրհնանք՝  Ինչպէ՞ս կրնաք զայն շուտ մոռնալ, ան կնի՛քն է յարութեան..:    Հայոց լեզուն մօր կաթի հետ, լուռ մրմունջով մեղմանուշ,  Որպէս հե՜զ ու խոնարհ շշունչ, շոյեց հոգի՛ն ձեր անուշ…  Ու այդ պահէն, շուրթեր անխօս, անմեղունա՜կ ու բարի՝  Գեղգեղեցին ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ-ը՝ հրաշքով մեծ, բերկրալի..:    Կ’ապրիք հիմա օտար ափեր, ձեր շուրջ հազար երգ ու տաղ…   Հազա՜ր ու մէկ օտար բարքեր, ու լեզուներ՝ ծաղկաքաղ…  Թայց, թէ զգո՜յշ… մի՛…մի՛ ձուլուիք՝ ժխոռին մէջ ամպամած՝  Մոռնաք յանկարծ լեզուն ձեր թանկ, ինքնութիւնը՝ փառապանծ:                                                 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 

Կարօ Արմենեան – Ուաշինկթըն

ԱՇԽԱՐՀԱԶՕՐ գարնան վանկերն են անգիտակ որոնք այսպէս կ՚արթնցնեն առաւօտը երբ տխուր է ամէն բան   մեր մեռելները անթաղ են դեռ և գետերը վարարած են արիւնով և վերջին տունկը որթի կը գալարի միջոցին մէջ անօգնական դուն գիտես որ վերջ գտած է մանկութիւնդ դուն ինկած ես դուրս նժարէն և մողոքն է որ կ՚ուտէ քեզ բթացնելով ամէն զգօն…

Թամար Գասպարեան Արսլանեան – Երեւան

Ի՞նչն է գաղտնիքն…    Ի՞նչն է գաղտնիքն այս Հալէպին,  Զարմացուցեր է աշխարհին,  Գորշ օրերուն արհաւիրքի,  Կ’արժանանայ դեռ հմայքի:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ամրոցին մեր,  Ո՛չ երկնահաս շքեղ շէնքեր,  Ոչ ալ՝ պէս-պէս արդի վայրեր,  Այլ՝ հնութիւն, հիւրընկալ սէր:    Ի՞նչն է գաղտնիքն տաքուկ սիրոյն,  Կը թափանցէ խորը հոգւոյն,  Կը կլանէ միտքը  իսկոյն,  Կը պարուրէ սիրտն զգայուն:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հպարտ հողին,  Տուն կը կանչէ իր պանդուխտին,           Որ վայելելով  բարիքն այլին,  Ան կը հիւսէ՜ փառքն Հալէպին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն իր այդ օդին,  Թէպէտ սեւ մուխ ու ծուխ հոտի,  Կը յայտնուի զուլալ ոգին,  Ուր կը խայտան կեանքն ու հոգին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ջրին համով,  Հայաստանի գետին բոյրով,  Երբ որ ըմպես դառնաս գինով,  Չես յագենար օտար ջրով:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հալէպցիին,  Կ’ըսեն կառչած է անցեալին,  Կ’ապաւինի իր բնազդին  Ու մարդկային գութ գորովին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն մայր գաղութին,  Պահապանը մշակոյթին,      Դէմ յանդիման լուրջ վտանգին՝  Թափը կու տայ նոր զարթօնքին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հայ համայնքին,  Համբերանքին, տոկուն կամքին,  Յոյսեր տածած  նոր գալիքին,  Կը հաւատայ միշտ հրաշքին:    Թամար Գասպարեան Արսլանեան  Գանձասար   Մարտ դ. 2014 

Գրիգոր Պըլտեան – Փարիզ

ՆՈՅՆԸ      աւազի բլուրներէն ծուխեր կու գան ճերմակ  կը ծածկեն հետքերը բլուրներու  տեղաշարժ ու ջնջումը տեղաշարժին  երբեմն  քուրջեր կը յայտնուին աղի մազի խոպոպներ եւ դեռ  խաւերը քաղաքի աղբին  մեռել մը որ կը մնայ հոն անթաղ  աննեխելի   ու զմռսուած  կը դիտես  պիտի չկրնաս նայիլ անոր դէմքին  թերեւս նմանիք իրարու  թերեւս անկրելին  օ վայր բերնին մէջ ձայնին ահաւորութեան  ուր արեւը խրեցաւ ծագումին  օ վայր սկզբնական եւ ան-  յօդելի  բայց չյիշել  ոչինչ որ ըլլար յիշելի  եղանք մոռացումը աշխարհին  թերեւս նոյն բլուրները կու գան նախկին անխօս աւազներէն      Գր. Պըլտեան, ՎԱՅՐԵՐ, Փարիզ 1983

Արա Ճուհարեան – Քինկսթաուն

Շաքարաման  ***  կ’ուզեմ կախուիլ պատշգամի ճաղերէն  թացնալ անձրեւէն  չորնալ հովէն   բայց մարդիկ պիտի այլայլին այս նոր   զարմացական նշանէն   աւելի լաւ է մտնեմ սենեակս   եւ կախուիմ   շարունակականութենէն    ***  ես եւ ես փողոց իջանք միասին  ես անհետացայ մերկ – փողոցի վերջաւորութեան  իսկ ես – հագուստներով տուն վերադարձայ  տանս ծաղիկները ջրեցի  ***  սէրը երազ էր – մնաց  մենք չմնացինք – իրական էինք   սիրոյ շաքարները մնացին   շաքարամանին մէջ    ***  մարգագետինը կապոյտ է  երկինքը կանաչ   երդիքը անգոյն   ծուխը վարդագոյն   եւ կ’ուրախանաս   գոյները փոխած ըլլալուդ համար    ***  թռչունները երբ ճռուողեն վիթխարի ծառերուն մէջ  չեն երեւիր   կարծես ծառերը կը ճռուողեն թռչուններուն փոխարէն   քար կը նետեմ ծառին   որ թռչունները թռչին  թռչին որ երեւին   եթէ թռչունները չթռչին   չեն երեւիր         ***  ես կորսնցուցի ճամբան   դուն գտար ճամբան   որովհետեւ ուրիշ բան չունէի կորսնցնելիք  որովհետեւ ուրիշ բան չունէիր գտնելիք  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է     ***  գիտնալու համար զիս  պիտի փորես հողը մինչեւ արմատներս   եւ պիտի տեսնես թէ  ճիւղերս ու արմատներս գրեթէ նոյն տեսքը ունին  …

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Պէյրութ

Բարեւ Քեզ Երջանկութեան մայրաքաղաք ու ձանձրոյթի արքայութիւն, Բարեւ քեզ, հնադարեան վառ բարեւ… Փառատօնն ես հազարդարեան անուրջներով իմ անանուն Եւ անորոշ ապրումներուս երջանկութեան երկիրն ես դուն: Անկունքներէ հեռաւոր Գետեր կուգան վարարուն, Գետեր կուգան կամրջընկէց, տարփաձայն… Գետեր սանձող կամուրջ եմ ես, կամո’ւրջդ եմ ես: Գետերուն մէջ երազներ կան: Յաւերժական անդունդին ափն անծանօթ Եւ այդ ափին ապարանքներ հետախուզող…