Սարգիս Վահագն – Լոս Անճելըս
Կրակմար Փակէ՛ փեղկերդ, Դուռ ու պատուհանդ, Փակէ՛ ինչ որ կրնաս. Աչքերդ, շրթներդ, ունկերդ, Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ: – Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ: Դուրսը՝ Գիշերը առանձինն՝ Կը ճանկէ աչքը աստղերուն: Ամայութեան սալայատակները Կը սրսփան, կը դողան Կաղկանձներուն տակ լռութեան: Դուրսը՝ Անձաւներէն իջեր է մարդը, Մերկ նստեր է Ու գիշերուայ յեսաքարին վրայ, Կը սրէ ժանիքները ատելութեան: Նախամարդը՝ հրազէնի…