Արամ Քէթէնճեան

Կարօտ ու բերկրանք Խաւարին մէջ գիշերուայ Հայեացքս կողմդ յառած, Ուր բազմած ես վեհութեամբ Հիմա՝ անյայտ, մթագնած: Այնտեղ ես Դուն օրնիբուն, Երկա՜ր դարեր, բիւր տարիք, Որպէս պահակ մշտարթուն ՝ Յար կը հսկես հայրենիք: Քեզ տեսնելու բուռն տենչով Ես կը սպասեմ այգաբաց, Իսկ ժամերը գիշերուայ Անանցնող են ու սառած: Բայց վերջապէս՝ լուսաբաց Ու ճառագայթք շողշողուն. Կարծես երկինքն…

Սագօ Արեան

Հալէպ. ներբող պատերազմին   Հալէպ մնացած ընկերոջս՝ Յակոբ Նալպանտին: Դիմակաւոր սեւազգեստ գլուխներ, անտէր դիակներ, մեռելներ, որ դեռ գետնին են, պարկեր եւ կառքերով շրջող մունետիկներ: Ալլահ կը կանչեն բոլորը:Հինցած քաղաքներուն կարմիր ուրուականը: Տեղ մը, ուր ագռաւները չեն հասնիր:Ճանապարհ բացող շէկ ու սեւ մօրուքաւորներ, խոփ խոշոր սկուտեղներ, խոշոր տուփեր, սնտուկներ, որոնցմէ շատ- շատեր դատարկ են:Սին բառեր տրուած…