Հայկական Ճաշի Փառատօն՝ Մենչըսթըրի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 150ամեակին Առթիւ

Հայկական Ճաշի Փառատօն՝ Մենչըսթըրի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 150ամեակին Առթիւ Շաբաթ, 25 Յունիսի կէսօրին, Մենչըսթըրի Տիտզպըրի գողտրիկ աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Մենչըսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ 150ամեակին առթիւ կազմակերպուած Հայկական ճաշի փառատօնը։ Եկեղեցւոյ խնամակալութեան պատասխանատուները եւ եկեղեցւոյ կից գործող հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտներու ծնողները յղացեր էին այս գեղեցիկ գաղափարը։ Տեղի պատճառով եւ յարաբերաբար աւելի բանուկ…