Տրամադրելի Է Android Համակարգի Հայերէն Ուղղագրիչը

Նշան Պասմաճեան. «Մեր Սաթիկը»՝ Յուշերու Ճանապարհներուն Վրայ Սաթենիկ Ծաղիկեան – Գամպուրեանի «Անմոռաց Տարիներ. Յետադարձ Հայեացք Դէպի Արմատներ» Գիրքին Առիթով Գիրքը տպուած է Երեւան, տպարան «Էտիթ Փրինթ»,  21 Դեկտեմբեր 2021-ին, 204 էջ, արեւելահայերէն, սակայն Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Դեկտեմբերի վերջին շաբաթը Ֆէյսպուքին մէջ նկատեցի, որ Սաթենիկ Ծաղիկեանը գիրք մը գրած է ու զայն հրատարակած: «Մեր Սաթիկն է», ըսի…

Կատարուեցաւ Սպանիոյ Մալակա Քաղաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բացումը

Կատարուեցաւ Սպանիոյ Մալակա Քաղաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բացումը ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»- 21էն 23 Յուլիսին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան հովուական այցելութեամբհասաւ Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալակա քաղաքը: Այցելութեան նպատակը Մալակայի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»ի եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւններն էին: Արարողութենէն առաջ Սսրբազան հայրը, ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Շնորհք աբղ. Սարգսեանի՝ հանդիպում…

Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններու Պատմամշակութային Ժառանգութեան Նուիրուած «ՔարՏես» Յաւելուածը Հրապարակի Վրայ Է

Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններու Պատմամշակութային Ժառանգութեան Նուիրուած «ՔարՏես» Յաւելուածը Հրապարակի Վրայ Է «ՔարՏես»ը բջիջային հեռաձայնի յաւելուած մըն է, որ մշակուած է՝ իբրեւ անհատական զբօսաշրջութեան ուղեցոյց՝ յայտնաբերելու Պոլսոյ եւ Անգարայի բազմամշակութային ժառանգութիւնը: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Նորվեկիոյ դեսպանատան հովանաւորութեամբ պատրաստուած այս յաւելուածը երկլեզու է՝ անգլերէն եւ թրքերէն, եւ պատրաստուած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին կողմէ։ Վերջերս թարմացուած յաւելուածը…

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագիրին Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագիրին Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան Ճափոնական դասական կիթառի հանրածանօթ «Gendai Guitar Magazine» ամսագիրը այս տարուան Յունիսի թիւով հրատարակած է հարցազրոյց մը լիբանանահայ ծանօթ կիթառահար, Համազգայինի Լինանանի մէջ գտնուող «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի ամպիոնի վարիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ: Հարցազրոյցին վեց էջերէն չորսին մէջ բաւական ընդարձակ եւ մանրամասն կերպով անդրադարձած…

Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ…

Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ… Մեծ Եղեռնէն աւելի քան դար մը ետք, այսօր, աշխարհացրիւ սփիւռքահայերու երրորդ ու չորրորդ սերունդները քանի՞ ճակատի վրայ պարտին պայքար մղել՝ հայ մնալու կամ հայապահպանման դրօշը գետին չձգելու համար։ Անկախ՝ իրենց քաղաքացիի եւ մարդու անհատական առօրեայ պատասխանատուութիւններէն, երազներէն ու տաղտուկներէն, եթէ հայկական արիւն կը շրջի իրենց երակներուն մէջ՝…

«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են

«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ «Արդ Եւս» արեւմտահայերէն մշակութային դրամաշնորհի մրցոյթի ինն յաղթողներու անունները։ Արեւմտահայերէնը մշակութային ժամանակակցութեան եւ նորարարութեան առաջնագիծին բերելու հրամայականով՝ 2021ի աշնան մեկնարկեց սոյն ծրագիրը։ Հիմնարկութիւնը ստացաւ յիսուն եօթ յայտեր, որոնցմէ բաժանմունքի անդամներէն կազմուած յանձնախումբը ընտրեց հետեւեալ ինն նախագիծերը. – Հայ ստեղծագործներ խմբակէն Քարոլին Փարթամեան,…