Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագիրին Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագիրին Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան Ճափոնական դասական կիթառի հանրածանօթ «Gendai Guitar Magazine» ամսագիրը այս տարուան Յունիսի թիւով հրատարակած է հարցազրոյց մը լիբանանահայ ծանօթ կիթառահար, Համազգայինի Լինանանի մէջ գտնուող «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի ամպիոնի վարիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ: Հարցազրոյցին վեց էջերէն չորսին մէջ բաւական ընդարձակ եւ մանրամասն կերպով անդրադարձած…

Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ…

Երբ Աբեղեանական Ուղղագրութիւնը Արագասոյր Կ՛արշաւէ Աստ Ու Անդ… Մեծ Եղեռնէն աւելի քան դար մը ետք, այսօր, աշխարհացրիւ սփիւռքահայերու երրորդ ու չորրորդ սերունդները քանի՞ ճակատի վրայ պարտին պայքար մղել՝ հայ մնալու կամ հայապահպանման դրօշը գետին չձգելու համար։ Անկախ՝ իրենց քաղաքացիի եւ մարդու անհատական առօրեայ պատասխանատուութիւններէն, երազներէն ու տաղտուկներէն, եթէ հայկական արիւն կը շրջի իրենց երակներուն մէջ՝…

«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են

«Արդ Եւս»ի Նպաստառուները Յայտնի Են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ «Արդ Եւս» արեւմտահայերէն մշակութային դրամաշնորհի մրցոյթի ինն յաղթողներու անունները։ Արեւմտահայերէնը մշակութային ժամանակակցութեան եւ նորարարութեան առաջնագիծին բերելու հրամայականով՝ 2021ի աշնան մեկնարկեց սոյն ծրագիրը։ Հիմնարկութիւնը ստացաւ յիսուն եօթ յայտեր, որոնցմէ բաժանմունքի անդամներէն կազմուած յանձնախումբը ընտրեց հետեւեալ ինն նախագիծերը. – Հայ ստեղծագործներ խմբակէն Քարոլին Փարթամեան,…