Հայ Լեզուի Խնդիրը. Դանիէլ Վարուժան
ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐԸ Չեմ գիտեր թէ պիտի կրնա՞մ համառօտակի յայտնել կարծիքս շաբաթաթերթ «Ազատամարտի» կազմակերպած enquête-ին։ Կը փորձեմ ըսել։ Բայց մեծ բաղձանքս է լսելը անոնց տեսութիւնները, որոնք կրցած են մարսել նախնիքներու ստուար հատորներէն մինչեւ այսօրուան մեր վիժած մատենիկները։ Պատասխան առաջին հարցումին Մենք ազգի մը լեզուն ճոխ ու կատարեալ կը համարինք այն ատեն միայն, երբ ան…