Հրանդ Մ. Մարգարեան – Նիւ Եորք
ԴԻԱԿՍ… Այս առաւօտ, դիակս գտան` գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։ Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ տառերուն անզարդ երանգ էր տուած… Արիւնս լերդացած… Դիազննիչը ըսաւ վճռօրէն. մահը առտուայ մութին էր եկեր։ – Սրտի կաթուած է- … Յետոյ նայեցաւ համակարգիչի պաստառին ճերմակ։ Տառ մը միայնակ, որբի մը նման՝ նստա՞ծ էր, կանգնա՞ծ, թէ լո՜ւռ խոնարհած… Զարմացած հարցուց.…