Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան – Հալէպ
ԱՆԾԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ Կը փայլփլին Համրացած զանգերը տաճարներուն Անծայրածիր դաշտերուն մէջ լքուած Արեւալոյս է անհունին մէջ Կիսափուլ տուներէն ներս Աղօթքի խունկ սպասում Զանգակատան վրայ խաչ ու գողգոթայ Անծայրածիր դաշտին մէջ ոչ մէկ կարեկցանք ՁԱՅՆ ՏՈՒՐ ԾԱՌ 2016 Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան