Համբիկ Մարտիրոսեան – Պէյրութ
ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐՈՒՆ Ա՜խ, ես որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզեմ, որ դուք խօսի՛ք հայերէն… Սորվիք օտար բի՜ւր լեզուներ, բայց չմոռնա՛ք հայերէնն… Ամէն լեզու, ծաղկի նման, ունի անուն, բո՜յր ու համ, Բայց Ոսկեղնիկն ուրիշ հա՜մ է, ան կը բուրէ՝ հայօրէն..: Քանի՜ քանի՜ վանտալ ցեղեր, բարբարոսներ վայրենի, Աւերեցի՛ն մեր երկիրը, քանդեցին բո՛յնն հայրենի… Հրկիզեցին սուրբ տաճարներն, աւերեցին տո՜ւն ու տե՜ղ Բայց չկրցան հիմէն պոկել՝ մեր թանկ գա՛նձը՝ Մայրենի..: Դա՜ր ու դարեր ան ապրեցաւ, հասաւ մեր օրն, յաղթական… Դարձաւ հայու հպարտութի՛ւնն, անցագի՜րը պատուական… Ձեր մանկութեան օրօրոցէն, եղաւ աղօ՛թք, լո՜ւռ օրհնանք՝ Ինչպէ՞ս կրնաք զայն շուտ մոռնալ, ան կնի՛քն է յարութեան..: Հայոց լեզուն մօր կաթի հետ, լուռ մրմունջով մեղմանուշ, Որպէս հե՜զ ու խոնարհ շշունչ, շոյեց հոգի՛ն ձեր անուշ… Ու այդ պահէն, շուրթեր անխօս, անմեղունա՜կ ու բարի՝ Գեղգեղեցին ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ-ը՝ հրաշքով մեծ, բերկրալի..: Կ’ապրիք հիմա օտար ափեր, ձեր շուրջ հազար երգ ու տաղ… Հազա՜ր ու մէկ օտար բարքեր, ու լեզուներ՝ ծաղկաքաղ… Թայց, թէ զգո՜յշ… մի՛…մի՛ ձուլուիք՝ ժխոռին մէջ ամպամած՝ Մոռնաք յանկարծ լեզուն ձեր թանկ, ինքնութիւնը՝ փառապանծ: ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ