Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ
Իզմիրէն գաղթը վաւերագրող ցուցահանդէս՝ Մարսէյլի մէջ «Նոր Յառաջ»էն կը կարդանք՝ Թերթիս 1778 թիւէն սկսեալ (13 Սեպտեմբեր 2022) ծաւալուն յօդուածով մը պարոն Արմէն Քիւրքճեան հանգամանօրէն անդրադարձած էր ճիշդ հարիւր տարի առաջ 1922 Սեպտեմբերին պատահած՝ չքնաղ Իզմիրի աղէտին, որու հետեւաքներով ալ ծայր առաւ տակաւին Թուրքիոյ մէջ մնացած, Եղեռնէն վերապրածներու զանգուածային արտագաղթը։ Ստեփան Պօղոսեան ալ թիւ 1734-ի (2…