Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:   – Բիղատաս Ալեքսանտրոս, «Ազգ եւ ազգային փոքրամասնութիւններ – Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն», Աթէնք, 2022…

Ժընեւի Թրուանէ շրջանի հրապարակը վերակոչուեցաւ ՝ Place d’Armenie անունով

Ժընեւի Թրուանէ շրջանի հրապարակը վերակոչուեցաւ ՝ Place d’Armenie անունով   Ժընեւի կեդրոնական Թրուանէ շրջանի հրապարակը վերակոչուեցաւ  դառնալով   ՝ Place d’Armenie   («Հայաստան հրապարակ»)։ Այս մասին վերահասու դարձանք  Զուիցերիոյ  Հայոց թեմէն։   Շաբաթ 7 Մայիս 2022-ը պատմական եւ եզակի օր պիտի մնայ Ժընեւի Թրուանէ շրջանի պատմութեան ու հայոց տարեգրութեան մէջ։ Այսօր պաշտօնապէս  առաւօտեան ժամը 11:30-ին՝ հանդիսաւորապէս Հայկական…

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Վերաքննիչ Ատեանին Հասած Է

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Վերաքննիչ Ատեանին Հասած Է Ինչպէս ծանօթ է, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրին մէջ առաջին իրաւական քայլն էր: Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր, ապա…

Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» Հիւանդանոցը՝ Իբրեւ Հայկական Կառոյց Կորսնցնելու Վտանգ Կայ

Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» Հիւանդանոցը՝ Իբրեւ Հայկական Կառոյց Կորսնցնելու Վտանգ Կայ  Պոլսահայութիւնը մտահոգ է Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» հայկական հիւանդանոցը կորսնցնելու հարցով: 2013ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեղարկեցին ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներուն մէջ ընտրութիւններ իրականացնելու գործող կանոնակարգը: Անոր յաջորդող տարիներուն նոր կանոնակարգ չհաստատուեցաւ: «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան յայտնեց, որ այս օրերուն յաճախակի դարձած են խօսակցութիւնները հնարաւոր…

«Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի նախաձեռնութեամբ. Հայկական սփիւռքի հարցախոյզի 4-րդ փուլը պիտի մեկնարկէ

«Կիւլպէնկէան Հիմնարկ»ի նախաձեռնութեամբ. Հայկական սփիւռքի հարցախոյզի 4-րդ փուլը պիտի մեկնարկէ Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը (ՀՍՀ) Գալուստ Կիւլպէնկեան hիմնարկութէան նախաձեռնութիւնն է, որ կը գործէ Լոնտոնի հայկական հիմնարկի հովանիին ներքոյ, խումբ մը մասնագէտներու եւ հետազօտողներու առաջնորդութեամբ: Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը այս գարնան պիտի իրականացուի Միացեալ Նահանգներու (յատկապէս Նիւ Եորք/Նիւ Ճրզի, Միշիկըն, Լոս Անճելես) եւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի հայկական համայնքներուն…

Մելգոնեան Վարժարանի Յուշամատեան պիտի կազմուի

Մելգոնեան Վարժարանի Յուշամատեան պիտի կազմուի Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը, գործակցութեամբ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակին, նախաձեռնած է «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ի պատրաստութեան, զոր պիտի ընդգրկէ 1924 թուականին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած Հաստատութեան 79-ամեայ կրթական, մարզական, արի-արենուշական, արհեստից վարժարանի, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան պատմութիւնը: Այս ազնիւ եւ վսեմ նպատակին համար կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը…

«Ապրիլ» Գրատունը Կը Ներկայացնէ Վահէ-Վահեանի Թարգմանած Ճպրանի «Մարգարէն»

«Ապրիլ» Գրատունը Կը Ներկայացնէ Վահէ-Վահեանի Թարգմանած Ճպրանի «Մարգարէն» Բանաստեղծ, խորունկ տեսանող Ճպրան Խալիլ Ճպրանի աշխարհահռչակ գրական ստեղծագործութիւնը՝ «Մարգարէն», որ հայերէնի թարգմանուած էր բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի կողմէ 1984ին, վերահրատակուած է եւ պիտի ներկայացուի «Ապրիլ» գրատան կողմէ, Հինգշաբթի, 19 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ ( 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA)։ Գիրքը…

Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Նիւթեր Բաժնուեցան Առաւել Քան 3 Միլիոն Ուսուցիչներու

Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Նիւթեր Բաժնուեցան Առաւել Քան 3 Միլիոն Ուսուցիչներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին առիթով, Միացեալ Նահանգներու Ազգային կրթութեան միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման տպագիր եւ թուային նիւթեր բաժնեց առաւել քան 3 միլիոն ուսուցիչներու։ Յիշեցնենք, թէ Յուլիս 2021ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական բաժանմունքէն եւ Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու միութեան պատուիրակ…

Բառերու Գանձարանին Մէջ – 7. «Ռա» ու «Րէ», Ռահ ու Ռանչպար, Ռամիկ եւ Ռազմիկ (Բ. Մաս)

Բառերու Գանձարանին Մէջ (7) – «Ռա» Ու «Րէ», Ռահ Ու Ռանչպար, Ռամիկ Եւ Ռազմիկ (Բ. մաս‏) Շփոթեցուցիչ պարագայ ունին «ձերբակալել» ու «ձերբազատիլ» բայերը, որոնք թէեւ կու գան «ձեռք» բառէն, սակայն կը գրուին «րէ»-ով, որովհետեւ կազմուած են գրաբար «ձերբ» («ձեռք»-ին գործիական հոլովը` ձեռքով) եւ համապատասխանաբար` «կալանել» (բռնել, կապել)  ու «ազատիլ» բայերէն… «Ձեռն» արմատով շինուած միւս բառերը կը պահեն իրենց ուղղագրութիւնը. ձեռագիր, ձեռագործ, ձեռակերտ, ձեռարուեստ, ձեռնակապ, ձեռնափայտ, ձեռնառումբ, ձեռնոց, ձեռնարկ, ձեռնադրել, առատաձեռն, ձեռնածու…

Հայաստան մասնակցած է Վենետիկի Պիենալէին՝ «Ղարիպ» տաղաւարով

Հայաստան մասնակցած է Վենետիկի Պիենալէին՝ «Ղարիպ» տաղաւարով Վենետիկի ժամանակակից արուեստի 59-րդ միջազգային պիենալէին տեղի ունեցած է Հայաստանի տաղաւարի պաշտօնական բացումը, որուն մասնակցած են ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը (հայաստանեան տաղաւարի յանձնակատար) եւ ԿԳՄՄ նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեանը (հայաստանեան տաղաւարի համակարգող): Պիենալէին ներկայացուածէ ՀՀ ԿԳՄՄ-ի…