Հաւատացի Անոր… Աչքս լոյսին եւ ճշմարտութեան բացած, Ճանչնալու համար լաւը, որ յաճախ իմս էր, Եւ ապրումիս ջերմութիւնը կորսնցուցած, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր: Ու կեանքս ներարկող կարօտով, Գրիչս յուշերուս հետքերուն կապած, Ճակտիս գիրերը կարդալով, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր: Ապա յոյսի եւ հաւատքի խօսքերով, Մարդոց խուլ ցաւերուն միանալով, Հոգիիս փրթած բեկորներով, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր: Վարակիչ ապրումներս բաշխելով, Մաշած խանդավառութիւնս վերագտայ, Ու բարեսիրտ ուխտաւորի նման, Հաւատացի անոր, որ անհաւատալի էր: ՓՈՐՁԵՑԻ… Փորձեցի քալել, կեանքի գեղեցկութեան ուղիներով, Մարդկային ընդհանրական յոյսերէն կախուած, Լաւատեսութեան յամառ կամքով, Հաւատքի բոլոր բառերս օգտագործած: Բայց, ափսոս, քայլերս սառած մնացին: Փորձեցի քալել մեծ ու փոքր քայլերով, Ազգիս ապրումները շալկած, Անոր ներկան վաղուան պատրաստելով, Ներքին ու խոր ապրումներով պաշարուած: Բայց, ափսոս, քայլերս կէս ճամբան մնացին: Դէմքիս վրայ յուսահատ մարդու արցունքով, Անփոշի մտածումներս խոհերու դարձուցած, Սիրտս ալ միտք դարձնելով, Փորձեցի քալել գրիչս աչքի վերածած: Բայց, քայլերս իրենց տեղերը մնացին: Փորձեցի քալել կարօտի արցունքով, Երկրէ երկիր իբրեւ գաղթական դարձած, Սրտիս մէջ կորսուածի մը կանչով, Հայու յոյսն ու լոյսը փնտռելէ յոգնած: Բայց, ափսոս, քայլերս անաւարտ մնացին: Քալեցի կեանքի հոսանքէն քշուած, Եւ վարակիչ ապրումներու իբրեւ որսորդ, Օրերուս ուրախ եւ տխուր շարանով, Մտքի հոսքի դարձուցի տեւական ճամբորդ: Բայց, ափսոս, դարձեալ չյաջողեցայ: Քալեցի յաղթանակի եւ պարտութեան հետ, Քայլերուս ծուռ հետքերը շալկած, Կեանքի սնանկութիւնը պոռալով,…