Սարգիս Քէլ Խաչերեան – Պէյրութ
ՏԽՈՒՐ ԵՐԳ ցաւերս զանգակի մը լեզուակին մէջ պահուած ղողանջ արցունքներս ժանգապատ լարի մը մէջ պահուած թրթռացում հոգսերս հեռաւոր անցեալի մը մէջ պահուած յիշողութիւն սէրերս հնատաշ քարի մը ծաքերուն մէջ պահուած սեպագրութիւն ԱՅԴ ՕՐԵՐՈՒՆ մեր յոյսը շատ մեծ էր ընկեր անվաղիւ այդ օրերուն մեր ժպիտը լայն էր ընկեր նեղ ու սեղմ…