Անահիտ Սարգիսեան – Փարիզ

քար ու բառ քար մը դուն քար մը ան բառ մը դուն բառ մը ան քարեր բառեր ցիր ու ցան     քով քովի եկաք սակայն չորս պատ ու պատմութիւն չդարձաք     քար մը դուն քար մը ան բառ մը դուն բառ մը ան քարեր բառեր քով քովի բայց ցիր ու ցան    …

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Պէյրութ

ԴԱՐՁ Տենչ մը անպատում Կ’անձրեւէ յար խոպան դաշտերու լռումին կուտակ: Ու կ’իջնեն սպիտակ ձիւնի փաթիլներ Մանուկ օրերուս համբոյրին քնքուշ:   Կենեղ լոյսին հետ Մարգարտաշար դաշտերուն սերմերը բարի Յուսահատ կեանքիս ղզջումը կու լան:   Ո’չ մէկ տարակոյս վաղուան յարածուփ խինդին:   Այս անձրեւը լոյս խոպան դաշտերու եւ զղջումը բարւոք դարձի փառաւոր Զիս ետ կը կանչեն Առօրեայ…

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Խանդավառուած անցեալ տարի փառատօնի հանդէպ դրական եւ քաջալերական արձագանգէն, Շիրակի Մարզային Գրադարանը, 21 Մարտ, 2023-ին՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այս տարի եւս կը կազմակերպէ արդէն աւանդական միջոցառում դարձած ՝ «Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Փառատօն»ը, առցանց ձեւաչափով: Փառատօնը նախատեսուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար: Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները…