Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս
Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս Աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին կամ ընդհանրապէս հայութեան համար արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է գերազա՛նց նշանակութիւն ունենան, կամ այդպէ՛ս կ’ակնկալուի առնուազն: Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը…