Զարմանազան 2024

Զարմանազան 2024 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։  Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. – 10-էն 17 տարեկան…

«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ

«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական եւ մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւնը ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ՝ պատմելու, նորութիւններ փոխանցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու հանգրուաններու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ։ Ի վերջոյ հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական հոգին յայտնաբերել,…

Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը

Երեւանի մէջ. Տեղի ունեցաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» հատորի շնորհանդէսը Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ գործիչ, մտաւորական, գրող Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքի շնորհանդէսը: «Աստղերու հաւատքով» խորագրով գիրքի ամերիկեան ներկայացումը կայացած էր շաբաթներ առաջ՝ Pasadena Antique Warehouse-ի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ մտաւորականներու, հասակարական-քաղաքական, մշակութային եւ այլ ասպարէզներու ներկայացուցիչներու: Հայաստանեան շնորհանդէսը նոյնպէս բազմամարդ էր. ընթերցողները մէկ յարկի տակ համախմբած էր արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, որու դարաւոր…

Միհրան Թումաճան՝ Կոմիտասի Արժանաւոր Սանը

Միհրան Թումաճան՝ Կոմիտասի Արժանաւոր Սանը Մ. Թումաճանի վերջին նկարը Կոմիտաս վարդապետ իր սաներով. նստած Ա. շարք, աջին՝ Մ. Թումաճան։ Այս տարի կը լրանայ արեւմտահայ երաժշտական կեանքի արժանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Միհրան Թումաճանի մահուան 50ամեակը։ Ան ի սպառ կորուստէ փրկեց հարիւրաւոր երգեր, որոնք յօրինած էր հայ շինականը իր դարաւոր հայրենիքի տարածքին՝ փաստօրէն շարունակելով իր ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍ…

Հայ լեզուն մտահոգիչ չափերով կը նահանջէ նաեւ Հայաստանի մէջ…

Հայ լեզուն մտահոգիչ չափերով կը նահանջէ նաեւ Հայաստանի մէջ…   «Սկզբէն էր Բանը, եւ Բանն Աստուծոյ մօտ էր, եւ Բանն Աստուած էր». Աւետարան ըստ Յովհաննու 1:1  Բան, ասինքն բանականութիւն, միտք: Եւ այդ մէկը կ’արտայայտուի խօսքով, այսինքն՝ լեզուով: Հայ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան իր «ոգու սով» մռայլ բանաստեղծութեան մէջ կարծես կանխագուշակած էր, թէ ի՞նչ պիտի պատահի ապագային, երբ…

Սիրան Սեզայի «խորտակուած Կեանքեր» Վէպի Ողջունելի Հրատարակութիւնը

Սիրան Սեզայի ՙխորտակուած Կեանքեր՚ Վէպի Ողջունելի Հրատարակութիւնը   2023 տարին կը զուգադիպի Սիրան Սեզայի (Զարիֆեան) ծննդեան 120-ամեակին: Գրագիտուհի, հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ հասարակական դէմք Սիրան Սեզա շարունակողը եղաւ զինք նախորդող ժամանակաշրջանի ականաւոր կին դէմքերուն`  Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի եւ Հայկանուշ Մառքի, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Ան կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մտատիպար ունեցաւ Սրբուհի Տիւսաբը, մինչ իր…

Պուրճ Համուտի Հայաթափման Հարցը

Պուրճ Համուտի Հայաթափման Հարցը Վերջին քանի մը տարիներուն խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ հայաթափումը Պուրճ Համուտի՝ լիբանանեան այն շրջանը, որ լայնաբաց ընդունած էր աշխարհասփիւռ տարագրուած հայորդիները: 1920ականներուն, Լիբանան դարձած էր հայկական հիմնական գաղթօճախներէն մէկը: Բռնագաղթած հայերը հասնելով այս հիւրընկալ երկիրը հաստատուեցան հիմնական երկու կեդրոններու՝ մէկը գաւառային Այնճարի, իսկ միւսը Պէյրութի արուարձան Պուրճ Համուտի մէջ: Սկիզբը ապաստանելով…

Ճանչնանք մեր բառերը (2)

Ճանչնանք Մեր Բառերը (2) 1. Փուշման Աւելիքանքսանտարիառաջէր: Աթոռիսվրայունէիերիտասարդհիւանդմը. մէկ կողմէ կը դարմանէի զինք, միւս կողմէ կը զրուցէինք.  շատ աւելի ես էի խօսողը, իսկ ինք երբեմն առիթ կը գտնէր կցկտուր բառեր արտասանելու, եբր յանկարծ ըսաւ. −Փուշման եղայ… Իսկոյնսաստեցի՝ընթացքտալովբնազդականմաքրամոլութեանմը. −Պէտք չէ փուշման ըսես… թրքերէն է… Խօսակիցսանակնկալիեկաւ, յօնքերը պռստեց, շեշտակի նայեցաւ ու ապա՝ −Ինչպէ՞ս թրքերէն կ’ըլլայ,− հակադարձեց անզօր,− ամբողջ կեանքս փուշման ըսած եմ ու փուշման լսած եմ, եւ ոչ մէկը նկատողութիւն ըրած է. իսկ հայերէնը ի՞նչ է: −Զղջալ է. զղջացի-զղջացիր-զղջաց……

Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում

Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում` Երաեւանի մէջ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում նուիրուած հալէպահայ գրող Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին: Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը եւ բանասիրական բաժանմունքի ուսանողները ներկայացուցին անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ արժեւորեցին արեւմտահայ մտաւորականին սէրն ու նուիրումը` մայրենի լեզուին եւ հայրենիքին հանդէպ: Գրողին կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձաւ…

Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեակի առթիւ

Ներսէս Շնորհալիի 850-ամեակի առթիւ Զանազան առիթ­­նե­­­րով յի­­շուե­­ցաւ թէ այս տա­­րի կը նշենք հայ հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան մե­­ծանուն բա­­նաս­­տեղծ Սուրբ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի 850-ամեայ յո­­բելեանը։ Այդ յո­­բելեանի ծի­­րէն ներս յա­­ճախ յի­­շուե­­ցաւ նաեւ անոր հե­­ղինա­­կած «Առա­­ւօտ Լու­­սոյ» շա­­րակա­­նը։ Ան յաղ­­թա­­­հարած է բա­­զում դա­­րերու աւե­­րիչ ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը եւ յա­­ջողած է պա­­հել ամուր այժմէակա­­նու­­թիւն։ Անոր այժմէակա­­նու­­թեան մա­­սին կը յի­­շեմ ապ­­րում մը, որ…