Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վերաշինութիւնը Ընթացք Առած Է

Քեսապի մէջ. Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին կը վերանորոգուի Քեսապ հայկական աւանի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը վերանորոգուի։ Նախքան  Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որ նաեւ զգացուած էր  Քեսապի մէջ, եկեղեցիին մէջ երեւցած էին որոշակի ճաքեր։ Բան մը, որ դարձած էր գիւղի ազգային մարմիններու մտահոգութեանց առանցք։ Աւելի ուշ  կիպրահայ նուիրեալ հայրենակից Սեպուհ Արմենակեան լսելով այդ մասին  հաւանութիւն տուած…

Ճանչնանք մեր բառերը (1)

Ճանչնանք Մեր Բառերը (1) Արօր եւ արօր(իկ) Ենթադրելի է, թէ ամէն արեւմտահայ կը ճանչնայ արօր բառը՝ իբրեւ երկրագործական սարք, նոյնիսկ   եթէ տեսած չըլլայ զայն. այս պարագային ի մտի ունիմ լիբանանահայը, որուն կեանքին մէջէն շատ շուտ վերացաւ արօրը, որ անցած դարու կէսերուն այնքան տարածուած էր Պեքաայի ամբողջ երկայնքին:  Ենթադրելի է, որ Անճարի հայրենակիցները  աւելի նպաստաւորուած ըլլան՝ իւրաքանչիւրը ունեցած ըլլալով իր…

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը 30 տարեկան

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը 30 տարեկան «Արաս» հրատարակչութիւնը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, այս տարի Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին մասնակցութիւն կը բերէ արդէն այս յոբելենական շրջանին։  Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականը, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս, «Արաս»ի տաղաւարը շաբաթավերջին հոծ թիւով գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ Ամբողջ անձնակազմն ալ համակուած էր յոբելեանի…

«Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը». Եգիպտոսի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Ալեքսանտր Սարուխանի 125-ամեակը

«Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը». Եգիպտոսի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Ալեքսանտր Սարուխանի 125-ամեակը Եգիպտոսի մէջ հանդիսաւորութեամբ տօնած են հայ մեծանուն երգիծանկարիչ, հրապարակախօս Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 125-ամեակը: Յոբելենական հանդիսութիւնները տեղի ունեցած են «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» ծրագրի ծիրէն ներս՝ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին պատկանող «Ալսանարի» պատմական տան մէջ: Միջոցառման ներկայ եղած են թէ՛ եգիպտահայ համայնքի աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Սարուխանի…

Պատմական Ակնարկ՝ Սուրիահայութեան. Տիգրան Գաբոյեան

Պատմական Ակնարկ՝ Սուրիահայութեան. Տիգրան Գաբոյեան Հայերու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ դարաւոր պատմութիւն ունի, առաջին ցայտուն արձագանգը կը հասնի Մեծն Տիգրան թագաւորի ժամանակաշրջանէն (Ն.Ք. առաջին դար), երբ Հայաստանը կը համարուէր մեծ կայսրութիւն, ծաւալած Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, ընդգրկելով Սուրիան, Լիբանանն ու Պաղեստինը եւ մաս մը Եգիպտոսէն: Բոլոր յիշուած տարածաշրջաններուն մէջ հայերուն թիւը յատկանշելի կը համարուէր, գալիք…

Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու

Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու Գրական երկու լեզուների շուրջ մտորումները օրինաչափօրէն ուղեկցւում են ուղղագրութեան խնդրին դէմառդիմումով, ասես ամէն անգամ յիշեցնելով, որ լեզուի ձայնագրութեան կերպը նոյնքան կարեւոր հանգամանք է՝ մասնաւորապէս երկուորեակ հայերէնները համազուգակցող իր նշանակութեամբ, եւ յատկապէս Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները կիզակէտող դերով։ Անշուշտ, պետութիւնը կարեւոր, թէեւ ոչ միակ պայմանն է լեզուի զարգացման, լեզուի նկարագրի պահպանութեան համար։…

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Թիւը

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Թիւը ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հրամանաւ լոյս տեսաւ Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» երկլեզու պաշտօնաթերթի այս տարուան առաջին թիւը (2023 թիւ 1), նուիրուած՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի յիսնամեայ յոբելեանին: 224 էջեր հաշուող գունատիպ այս թիւը կը բացուի Արամ…

Սփիւռքահայ իրականութեան մեծ բացական՝ հայ մտաւորականութեան դերակատարութիւն-ազդեցութիւնը

Սփիւռքահայ իրականութեան մեծ բացական՝ հայ մտաւորականութեան դերակատարութիւն-ազդեցութիւնը «Հայկազեան» Հայագիտական Հանդէս թիւ 43/1 Խմբագրական   Ոչ-վարդապետական մտածումը, խօսքի եւ գործի ազատութիւնը շարժիչ ուժ կը հանդիսանան որեւէ հասարակութեան զարգացումին: Մտաւորականը, որ հասարակութեան հարցերը առարկայօրէն բարձրաձայնող անհատն է ու կը պայքարի զգուշաւոր, յարմարող, քարացած ըմբռնումներու եւ մտածելակերպի դէմ, կը հանդիսանայ հասարակութեան բարօր զարգացման հիմնատարր: Իր յատկանշական արժանիքներով, ինչպիսիք…

Հայութեան հպարտանքներէն՝ երաժշտահան, երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեան

Հայութեան հպարտանքներէն՝ երաժշտահան, երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեան Մոնթրէալաբնակ երաժշտագէտ, երաժշտահան փրոֆ. Պետրոս Շուժունեան մօտաւորապէս 50 տարի գործած ու ստեղծագործած է երաժշտութեան ոլորտին մէջ:  Անոր հետաքրքրութեան առանցքը կազմած է նուագախմբային, դաշնամուրային, սենեկային եւ  երգչախմբային երաժշտութիւնը: Եղած է  դասախօս Քեպէքի «Universite du Quebec a Montreal» համալսարանին մէջ: 1987-1988 եղած է Մոնթրէալի միջազգային օփերային փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարի օգնական, 1988-1990՝…

Մի՛ ըսէք՝ օրեկան, ամսեկան, այլ ըսէք՝ օրական, ամսական, այլեւ՝ ժամական, շաբթական

ՄԻ՛ ԸՍԷՔ՝ ՕՐԵԿԱՆ, ԱՄՍԵԿԱՆ, ԱՅԼ ԸՍԷՔ՝ ՕՐԱԿԱՆ, ԱՄՍԱԿԱՆ, ԱՅԼԵՒ՝ ԺԱՄԱԿԱՆ, ՇԱԲԹԱԿԱՆ 1.Մի՛ ըսէք՝ օրեկան, ամսեկան` արեւելահայու պէս, այլ ըսէք՝ օրական, ամսական՝ հայու պէս, այլեւ՝ ժամական, շաբթական Հապա ինչո՞ւ ըսել՝  տարեկան… *   *    * Ասոնց բոլորին մէջ տարեկան-ը միակն է, որուն սկզբնաձեւը կը վերջանայ ի ձայնաւորով. հետեւաբար՝ տարի+ական > տարեկան Ուրեմն՝ ի+ա > ե: Նաեւ՝ բարի+արար > բարերար, ոսկի+արիչ > ոսկերիչ,  այգի+ա+պան >…