Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագը այս տարի տեղի ունեցաւ աւելի մեծաքանակ մարդոց ներկայութեամբ

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագն այս տարի աւելի բազմամարդ եղած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է հերթական պատարագը, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, իր վրայ սեւեռած էր աւելի մեծ ուշադրութիւն: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեւական ժամանակ կը հրաժարէր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբեթին վրայ, բայց ի վերջոյ տեղի…

Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս

Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս Աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին կամ ընդհանրապէս հայութեան համար արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է գերազա՛նց նշանակութիւն ունենան, կամ այդպէ՛ս կ’ակնկալուի առնուազն: Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը…

Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ

Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանի անունով փողոց Պէյրութի մէջ. «հայկական փափուկ ուժի» օրինակ մը Վերջերջս հրապարակային քննարկման նիւթ կը դառնայ «փափուկ ուժ» (soft power) եզրը եւ անոր դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Փափուկ ուժի յղացքը հասկնալու համար բնականօրէն պէտք է դարձնել մետալը, ուր իշխող է «կարծր ուժ»ը (hard power). առանց մէկուն կարելի չէ…

Աթէնքի Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան վարժարան

Աթէնքի Սոֆի եւ Լեւոն Յակոբեան վարժարան   Դեռեւս 5-6-րդ դարերէն ի վեր հայերը սկսած են բնակութիւն հաստատել Յունաստանի մէջ՝ կեդրոնանալով հիմնականին մէջ Աթէնք, Թեսաղոնիքէ, Կոմոտինի, Կաւալա, Օրեստիադա, Դիդիմոտիխո քաղաքներուն, Կրետէ եւ Կոս կղզիներուն մէջ: Ինչպէս եւրոպական շարք մը երկրներու մէջ, այստեղ եւս ձեւաւորուած է ուժեղ հայ համայնք, որ առ այսօր զգալի դեր ունեցած է սփիւռքի…

«Բառիկ». Հայերէնի Բառապաշարդ Հարստացնելու Նախաձեռնութիւն Մը

«Բառիկ». Հայերէնի Բառապաշարդ Հարստացնելու Նախաձեռնութիւն Մը Հայրենադարձ Շահէն Արաբօղլեանի եւ Սուրէն Փափազեանի կողմէ պատրաստուած «Բառիկ» անունով բառախաղը հայերէնի բառապաշարդ հարստացնելու եւ նոր բառեր սորվելու խրախուսելի նախաձեռնութիւն մըն է։ Parig.xyz կայքին մէջ խաղի տեսքով եւ օրական դրութեամբ կրնաս կռահել թաքնուած բառը 6 փորձ կատարելով։ Ամէն մէկ կռահումէ ետք, տուփիկներուն գոյները կը փոխուին, ցոյց տալով՝ որքան մօտեցած ես…

Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Ռուպինա Ալահայտոյեանի «Լիբանանի Երգչախմբային արուեստը» հատորը

Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Ռուպինա Ալահայտոյեանի «Լիբանանի Երգչախմբային արուեստը» հատորը  Հայ  Աւետարանական համայնքի  Լիբանանի երիտասարդ հովիւներէն՝ Վեր.  Ժիրայր Ղազարեանի էջէն կը կարդանք՝  Երկար տարիներու ջանասէր աշխատանքէ ետք, Տիկին Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան կ՚ամբողջացնէ «Լիբանանի Երգչախմբային Արուեստը 1920-2020» վերնագրով  հատորը։ Վերոյիշեալ աշխատանքը հարստութիւն է Լիբանանի Հայ գաղութին համար, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային մեծ աշխատանք։ Հայկազեան Համալսարանի հովանաւորութեամբ՝ Վեր.…

Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւններ Լոս Անճելըսի Մէջ

Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւններ Լոս Անճելըսի Մէջ Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Սեպտեմբեր 29 էն Հոկտեմբեր 1, 2023, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի (ՀԱԳ) հարիւրամեակը: ՀԱԳ համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող դպրոց մըն է, իբրեւ յետեղեռնեան Հայ սփիւռքի առաջին երկրորդական վարժարանը՝ հիմնուած իբրեւ այդպիսին 1923-ին: Անոր աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները, ի մասնաւորի Ամերիկայի…

Ամփոփուեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը

Ամփոփուեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը Ամփոփուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին» 2023 թուականի փուլը, որուն աւարտին, մասնակիցները յանձնուեցան հաւաստագրեր: Յուլիս 3-էն 28-ը, 18 երկրներէ ժամանած շուրջ 60 սփիւռքահայ ուսուցիչներ վերապատրաստուեցան 7 տարբեր ծրագիրներով՝ «Ուսուցում մանկապարտէզի մէջ», «Ուսուցում միօրեայ դպրոցի մէջ», «Տարրական ուսուցում», «Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդում», «Հայոց…

«Կովերու Պարտէզ»ի Վիճայարոյց Վաճառքը Կ՛ալեկոծէ Երուսաղէմի Հայութիւնը

«Կովերու Պարտէզ»ի Վիճայարոյց Վաճառքը Կ՛ալեկոծէ Երուսաղէմի Հայութիւնը ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ արձանագրուած զեղծարարութիւնը թէեւ արժանի արձագանգը չէ գտած հայ մամուլի սիւնակներուն վրայ, բայց կը զբաղեցնէ համաշխարհային լրատուամիջոցները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք անգլիական հանրածանօթ BBC լրատուամիջոցի թղթակից Եոլանտա Քնելի մշակած լրատուութիւնը. Երուսաղէմի հայ համայնքը մասնաբաժին ունի Երուսաղէմի հին քաղաքի ամէնէն սուրբ քրիստոնէական վայրերուն եւ իրենց…

Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ Հետքեր» Բանաստեղծութիւններու Հատորը՝ «Արաս»էն

Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ Հետքեր» Բանաստեղծութիւններու հատորը՝ «Արաս»էն Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ Հետքեր» բանաստեղծութիւններու հատորը: Պոլսահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։ Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ…