Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը կը սկսի

Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը կը սկսի Սահակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, 23 Մա­յիս 2024, Հինգշաբ­թի, ըն­դունեց Տիգ­րա­նակեր­տի Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան Խոր­հուրդի ան­դամնե­րը, գլխա­ւորու­թեամբ ատե­նապետ Վարդգէս Էր­կիւն Այը­քի։ Այ­ցե­լու­ներ յայտնե­ցին, թէ եկած են Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան ու­շադրու­թեան յանձնել Տիգ­րա­նակեր­տի Եկե­ղեցին հե­տաքրքրող նիւթ մը. Ինչպէս ծա­նօթ է տա­րիներ առաջ մեծ նո­րոգու­թեան մը են­թարկո­ւած ու բա­րեզար­դուած էր…

Բառի Մը Ծնունդը

Բառի Մը Ծնունդը Ձեզմէ շատերուն կը պատահի, որ իրենց տնտնացող դպրոցականին թելադրեն՝  «աճապարէ՛, bus-ը  հասնելիք է»: Ուրիշներ իրենց կարգին եւ այլազան առիթներով օգտագործած են այս նոյն բառը, որ մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ եւ արեւմտահայերուս (արդէն երբէն ի վեր նաեւ՝  սփիւռքացած արեւելահայերու) բառամաթերքին անքակտելի մասը կը կազմէ…իրերու տրամաբանական բերումով: Երբ գրեթէ ամբողջ եւրոպան ու Ամերիկան ալ հետը որդեգրած…

Հայաստան՝ Փարիզի «Ֆիլեքս» Դրոշմաթուղթերու Տօնավաճառի Պատուոյ Հիւր

Հայաստան՝ Փարիզի «Ֆիլեքս» Դրոշմաթուղթերու Տօնավաճառի Պատուոյ Հիւր ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 30 Մայիսէն 1 Յունիս Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Փարիզի հեղինակաւոր «Ֆիլեքս» դրոշմաթուղթերու երկամեայ տօնավաճառին՝ իբրեւ այս տարուան պատուոյ հիւր։ «Հայփոստ» ընկերութիւնը տօնավաճառին կը ներկայանայ առանձին տաղաւարով մը՝ ցուցադրելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ հայոց այբուբենը պատկերող հայկական դրոշմաթուղթերու լաւագոյն նմուշները եւ հաւաքածոները։ Տօնավաճառի շրջանակին…

Միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ» հանդէսին

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ «ԱՆԱՀԻՏ» ՀԱՆԴԷՍԻՆ Հայաստանի գիտական շրջանակներէն ներս հայ մամուլին նուիրուած քանի մը գիտաժողովներ եղած են: Զանազան տարիներու Երեւանի մէջ գիտաժողովներ իրականացուած են՝ նուիրուած հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, Մխիթարեան Միաբանութեան «Բազմավէպ»ին եւ աւանդական մամուլի այլ անուններու: Բայց առաջին անգամ ըլլալով հայ ակադեմական արուեստագիտութիւնը կ՚անդրադառնայ հայ պարբերական մամուլին՝ «Անահիտ»…

Սեբաստիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Վաճառքի Հանուած է

Սեբաստիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Վաճառքի Հանուած է Վերջերս Սեբաստիոյմ (թրք․ պաշտօնական անուանումը՝ Սվազ) վաճառքի հանուած է Հաֆիք գաւառի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին։ Այդ դէպքին վերաբերեալ Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան (DEM Parti) Մարտինի պատգամաւոր Ժորժ Ասլանը հարցում ուղարկած է թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյին։ Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»…

«Վառիլ» բային նշանակութիւնը

ՎԱՌԻԼ ՆՇԱՆԱԿԷՐ… ԶԻՆՈՒԻԼ Վառիլ Ներսէս Շնորհալի ունի Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը՝ «Նորահրաշ»-ը, որ արդարօրէն կը նկատուի մեր հոգեւոր  գրականութեան գոհարներէն  մէկը եւ  որուն առաջին երկու տողեը կ’ըսեն. Նորահրաշ պսակաւոր  եւ զօրագլուխ առաքինեաց, Վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու: Եթէ ըսենք, որ զինու՝ գործիական հոլովն է զէն(ք) բառին, այսինքն՝ զէնքով, ապա ակնկալելի է, որ այս երկու տողերը  հեշտութեամբ  ըմբռնելի …

Հնդկական Diplomatist Վերլուծական Ամսագիրին՝ Հայաստանի Նուիրուած Թիւին Շնորհահանդէսը

Հնդկական Diplomatist Վերլուծական Ամսագիրին՝ Հայաստանի Նուիրուած Թիւին Շնորհահանդէսը 24 Մայիսին, Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան մասնակցեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած Հնդկաստանի արտադրողներու դաշնակցութեան (FIEO)՝ Հնդկաստան-Հայաստան համաժողովին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հնդկական Diplomatist միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական ամսագիրին՝ Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւին շնորհահանդէսը: Դեսպանը իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամական յարաբերութիւններու վերջին շրջանի զարգացումներուն, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդարձակուող…

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը  «Մշակոյթը` ճանապարհ յաղթանակի»: Այս  պատգամը, զոր տուած է երջանկայիշատակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Բերիոյ թեմ տուած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, 1983-ի ապրիլին, քառասուն տարիներ ետք ակնթարթ մը արթնցաւ ուղեղիս մէջ` Պոսթընի հայկական մշակութային հաստատութիւններ  այցելութեանս առիթով: Պարտուած եւ յուսալքուած հայու հոգեվիճակս պահ մը թթուածին ստացաւ, երբ քառօրեայ արձակուրդով…

Հայկազեան Համալսարան. Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք

Հայկազեան Համալսարան. Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք 13 մայիս 2024-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացքը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան: Դասընթացքը կ՛իրականացնեն գիւմրեցի ծանօթ դարբին Յովհաննէս Մընոյեանը եւ թանգարանի փոխտնօրէն  Գայիանէ Ասլանեանը: Աշխատանոցը պիտի…

Զահրատի ոգեկոչում Էսայեան Ս. Միութեան մէջ

Զահրատի ոգեկոչում Էսայեան Ս. Միութեան մէջ   10Մա­­յիս թո­­ւակա­­նը Զահ­­րա­­­տի ծննդեան օրն է, որ յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Էսաեան Սա­­նոց Միու­­թեան մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած մի­­ջոցա­­ռու­­մով։ Հոծ բազ­­մութիւն մը փու­­թա­­­ցած էր այս յա­­տուկ ձեռ­­նարկին ներ­­կայ գտնո­­ւելու հա­­մար։ Ներ­­կայ էր Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ., Արամ Արք. Աթէ­­շեան, Հայ Կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի վի­­ճակա­­ւոր Արհ. Լե­­ւոն Արք. Զէ­­քիեան, ՀՀ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Նաիրի Պետ­­րո­­­սեան եւ…