«Անկրկնելի Հալէպը»

«Անկրկնելի Հալէպը» Հալէպ ծնած ու Հալէպի մէջ իր կեանքի, ազգային ծառայութեան ու աշխատանքի ամէնէն եռուն տարիները  ապրած Մաթիկ Էպլիղաթեանին պատերազմը պարտադրեց հեռանալ  ծննդավայրէն, սակայն չյաջողեցաւ պոկել իր պորտակապը՝ իր բնութագրումով գաղթաշխարհի երկրորդ Հայաստանէն՝ Սուրիայէն։ Ընդհակառակը. Էպլիղաթեան լոյսին բերաւ Հալէպի արժէքը, մայր գաղութ կոչուելու հիմքերը, ծաղկուն կեանքն ու պատերազմի եւ երկրաշարժի յաղթահարման ճիգերը 286 էջանի գիրքի…

Հայ Ազգային Բուժարանի Հարիւրամեակ` Դար Մը Հոգածութիւն Եւ Խնամատարութիւն

Հայ Ազգային Բուժարանի Հարիւրամեակ` Դար Մը Հոգածութիւն Եւ Խնամատարութիւն 1 յուլիս 1923-ին Մաամըլթէյնի մէջ պաշտօնապէս հիմնադրուած հայ թոքախտաւորներ խնամող հայկական բուժարանը 12 օգոստոս 1938-ին կը փոխադրուի Ազունիէ` իր շուրջ համախմբելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ ծառայութիւն մատուցելով բոլորին: Սկիզբը իբրեւ թոքախտաւորներ բուժող եւ անոնց հոգատարութիւնը ստանձնող այս կառոյցը ժամանակի ընթացքին իր երդիքին տակ կ՛ընդունի նաեւ այլ հիւանդութիւններէ…