Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան
Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան Պսակադրութեան եկեղեցական արարողութեան մը ներկայ էի: Եկեղեցին ու անոր խորանը արտակարգօրէն լուսաւորուեր էին: Ամէն կողմ` հարսնեւորներ, գեղեցիկ հանդերձանքով պճնազարդուած կիներ ու մանկամարդ օրիորդներ, կոկիկ ու վայելուչ արտաքինով երիտասարդներ: Ուրախութի՛ւն կը ճառագայթէր ամէնուն դէմքէն: Փեսան` հազիւ 25ամեայ երիտասարդ մը, դասին մէջ է արդէն: Ակնդէտ կը սպասէ հարսին գալուստը` նայուածքը չհեռացնելով տաճարին…