Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են

Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են Օլթուի (Կարինի շրջան) վերականգնուած ռուսական եկեղեցւոյ մէջ անասուններ կ՚որոճան։ Թէեւ 3,2 միլիոն լիրա ծախսուած է եկեղեցւոյ վերանորոգման համար, սակայն կառոյցը տակաւին չէ բացուած զբօսաշրջիկներու։ Ըստ Akunq.net-ի, լուրը կը հաղորդէ Artigerçek լրատու կայքը։ Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը Էրզրումը (Կարին) հռչակած է 2025-ի զբօսաշրջութեան մայրաքաղաք։ Սակայն վերջերս հոն վերանորոգուած Օլթուի ռուսական եկեղեցին եւ Ազիզիէի ամրոցային համակարգը վերածուած են ախոռի, ուր կ՚որոճան անասունները։ 2017-ին միլիոնաւոր լիրաներով վերականգնուած եւ նախկին տեսքը ստացած ռուսական եկեղեցին…

Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերու Շարքը՝ ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ

ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերու Շարքը Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ պիտի սկսի հրապարակել  իր նախաձեռնութեամբ պատրաստուած արեւմտահայերէն տեսանիւթերու հերթական շարքը, որուն մէջ ներառուած են «Մեր Լեզուն» դասագիրքի պատմութիւններէն ընտրանի մը (հեղինակներ՝ Լիզա Կապուտեան, Սոնա Վարդապետեան եւ Ալիս Վարդապետեան)։ ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նպատակն է՝ այս տեսաշարքին միջոցով, նոր սերունդին համար արեւմտահայերէնի ուսուցումը աւելի գրաւիչ…

Կորսուած. Մարուշ Երամեան

Կորսուած Այն տարողութեամբ, որ Ջարդի, Եղեռնի եւ գաղթականութեան պատմութիւններ պատմուեր են, խօսուեր ու գրուեր են, չէ խօսուած այլ խումբի մը մասին, ամբողջ սերունդ մը, որ կամովին թէ ենթագիտակցաբար, շրջանցելու համար Ջարդին եւ գաղթականութեան ահաւոր խոցը, մոռացութեան տուած է ոչ միայն իր լեզուն, այլ ամբողջ պատմութիւնն ու արմատները: Ի միջի այլոց պատմուած է, թէ Ամերիկա հասած…

Շուշտակ…

ՇՈՒՇՏԱԿԸ Քրիստոսի եկեղեցին  եւ ամուսնութիւնը (1) Այս գլուխը սկսելու առթիւ կը փափաքիմ նախ սահմանել սակաւ ծանօթ շուշտակ բառը: Մալխասեան  զայն  կը բացատրէ հետեւեալ կերպ. –լուսնի մահիկի նման կանացի գդակ, –քահանայ, որ այրիանալուց յետոյ կուսակրօն է դառնում: Այս վերջին նշանակութեան բերումով կուսակրօնն ալ կը կոչուէր շուշտակ վարդապետ, եպիսկոպոս, ընդհուպ՝ շուշտակ կաթողիկոս: Թերեւս մտածուի, թէ կանացի գդակին անունը ի՛նչ կապ ունի կուսակրօն դարձած…