Փարիզեան շրջան – «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» շաւիղի բացում
Կանյի – Փարիզեան շրջան. «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» * շաւիղի բացում Փարիզեան շրջանի արեւելեան քաղաքներուն ազատագրութեան 80-ամեակը տօնուեցաւ զանազան արարողութիւններով: Այսպէս Կանյի քաղաքը այս առիթով Կիրակի, Սեպտեմբեր 1-ին կազմակերպած էր նախ բացատրական պտոյտ մը քաղաքին պատմական եւ հետաքրքրական վայրերը: Այս խումբը յետոյ մասնակցեցաւ նախապէս «Կանաչ ճամբայ» կոչուող եւ քաղաքապետարանի Յունիս 26-ի որոշումով «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան»…