Քուէյթի հայ համայնքը

Քուէյթի հայ համայնքը Քուէյթի հայ համայնքը սկսած է կազմաւորուիլ 1950-ական թուականներուն, Իրանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած, յատկապէս աշխատանք որոնող հայ երիտասարդներով: Համայնքը միշտ վայելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը: 1956-ին Քուէյթ հաստատուած ընտանիքներուն թիւը հասած է քառասունի, իսկ անհատներուն թիւը՝ հազարի: Հետեւաբար, գոյացած է համայնքային վարչութիւն մը, որուն առաջնահերթ խնդիրը եղած է դպրոց եւ…

Ինչո՞ւ սխալ կը գրենք…

Ինչո՞ւ սխալ կը գրենք… Եկէք նայինք, թէ ի՛նչ են մեր գաղութին մէջ ամէնէն լայն տարածում ունեցող գրաւոր խօսքի տեսակները, թէ ի՛նչ կը կարդանք մենք գրեթէ ամէն օր, կը կարդանք ամէնէն աւելի ու երբեմն միայն այդ բնոյթի բաներ կարդալու առիթ կ’ունենանք… Մեր ակումբներու, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու, մեր հանրային ամէն տեսակ հաստատութիւններու պատերէն կախուած յայտարարութիւնները, կոչերը, ազդերը,…

Պէյրութի մէջ. Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղի ներկայացում

Մասնակցութեամբ Հայրենի Արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի Եւ Աշակերտներու. Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Ծաղկաքաղի Ներկայացում Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 25 փետրուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» վերնագիրով ասմունքի աշակերտական ցերեկոյթ` մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանի…

Սփիւռքը Քանի՞ Օրաթերթ Ունի

Սփիւռքը Քանի՞ Օրաթերթ Ունի Կար ժամանակ, երբ սփիւռքի տարածքին լոյս կ՛ընծայուէին աւելի քան 15 հայատառ օրաթերթեր: Պատկերը այդպէս էր գո՛նէ մինչեւ 80-ականներու վերջերը կամ 90-ականներու կէսերը: Այդ օրաթերթերը ունէին իրենց հաւատարիմ աշխատակիցներն ու նո՛յնքան հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէին: Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին տպաքանակը 5000-ի շուրջ եղած է: Քանի…

Արա Կիւլէր

Արա Կիւլէր   1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիօներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ։ 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ։ Այդ տարիներուն է որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն…

Արեւմտահայերէնի Սխալ Ընտրութիւնները. Մարօ՞, Մարո՞յ, թէ՞ մարո

Արեւմտահայերէնի սխալ ընտրութիւնները Արեւմտահայերէնի սխալ ընտրութիւնները           Մարօ՞, Մարո՞յ, թէ՞ մարո 1. Սկսելու համար ըսենք, որ հայերէնը  օ տառով վերջացող բառ չունի. այս իրողութիւնը կը հաստատուի թերթատելով «Նոր հայկազեան»-ն ու  «Արմատական»-ը, որոնցմէ դուրս չիք հայերէն որեւէ բառ, գոնէ՝ արմատ: Եւ չի կրնար ունենալ, քանի որ օ տառը ծնունդն պատմական աւ-ի մը, որ իրմէ ետք  ունեցած է բաղաձայն մը,  առանց…

Արեւմտեան թեմի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» հատորը

Արեւմտեան թեմի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» հատորը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ հերթական գիտական ծրագիրը յաջողութեամբ իր աւարտին հասաւ, երբ հրատարակուեց «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ. ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման արդի խնդիրներ» ժողովածուն։ Այն ամփոփում է Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հետ համատեղ 2024ի Յուլիսին Երեւանում անցկացուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերը,…

Իրանեան Թերթերու Արձագանգը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն

Իրանեան Թերթերու Արձագանգը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն   Թէեւ շատ հմուտ աշխատանքով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայութիւնները իրանեան լրատուական միջոցներէն հաւաքուած եւ մէկտեղուած են, սակայն պէտք է նշել նաեւ, որ բազմաթիւ վկայութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարութիւններու արխիւներուն մէջ: Այդ վաւերագրութիւնները պաշտօնական փաստերն են Հայոց Ցեղասպանութեան, որոնք աշխարհի պետութիւններուն ստիպեցին ընդունիլ եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան…

Աճիլ ու բազմանալ

Աճիլ ու բազմանալ *** «Հայաստանում վարակման դէպքերը աճել են» (Հ1): —Ի՞նչ կը մտածէք աճիլ բայի այս կիրարկութեան մասին… *   *   * Ինծի կը թուի, թէ դէպքերու համար բնորոշ չէ այս  կիրարկութիւնը. դէպքերը՝ կը բազմանան, չե՛ն աճիր: Մալխասեանի մեծաթիւ մեկնութեանց առաջին չորսը աճիլ բայը կը սահմանեն՝ –Աւելի մեծ ծաւալ ստանալ –Առաջ գալ, զարգանալ (բոյսի եւ անասունի համար) –Աւելանալ, մեծանալ (օրինակ՝ լուսինի չափը) –Ծանրութիւնը աւելանալ Ինչպէս…

Մասաչուսեցի մէջ. Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը

Մասաչուսեցի մէջ. Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը Արշիլ Կորքի կը գծէ իր քրոջ՝ Ագապիի տունը՝ Ուաթըրթաունի Տեքսթըր պողոտային վրայ, 1922-ին (Լուսանկարողը անծանօթ է. Արշիլ Կորքի հիմնարկութեան հաւաքածոյէն) Փետրուար 3-ին, ԱՄՆ-ու Մասաչուսեց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկած է Տեքսթըր պողոտայի եւ Հէյզըլ փողոցի խաչմերուկը Արշիլ Կորքիի անունով կոչելու որոշումը։ 1915-ի…