Կը Մշակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Ընդարձակման Ծրագիրը

Կը Մշակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Ընդարձակման Ծրագիրը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին դպրոցին կից գտնուող նոր կալուածները գնելու քայլին շնորհիւ, կը մշակուի վարժարանը ընդարձակելու եւ արդիականացնելու յանդուգն ծրագիր մը, որուն իրականացման պիտի նպաստէ հեղինակաւոր մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը։ Ծրագիրը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ նոր…

Լոս Անճելըսի մէջ. Թիւ 5 Ազատուղիին Վրայ Հատուած Մը Կոչուեցաւ Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի Անունով

Լոս Անճելըսի մէջ. Թիւ 5 Ազատուղիին Վրայ Հատուած Մը Կոչուեցաւ Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի Անունով Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը (Sherriff Department) յատուկ ոստիկանական արարողութեան մը միջոցով ոգեկոչեց իր նահատակ ոստիկաններէն Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի (1961-2001) յիշատակը, եւ այս առիթով, Քալիֆորնիոյ թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը անոր անունով կոչեց եւ յատուկ ցուցատախտակ մը հաստատեց: Պաշտօնական…

«Գիտակ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիր

«Գիտակ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիր «Համազգային» Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին։ «Գիտակ»-ին  նպատակն է դպրոցական կեանքի ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները ներկայացնել հակիրճ արեւմտահայերէնով։ Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար 20 տեսերիզներով, կը հանդիպինք պատմական հերոսներու, մարզաշխարհի, բնութեան մէջ հանդիպած անակնկալներու, ցամաքամասերու, ովկիանոսներու, անասուններու եւայլն։ Երեխաներուն արդէն ծանօթ յղացքները արեւմտահայերէնով ներկայացնելով, կը…

«Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ». հալէպահայ հրապարակախօս՝ Սաղաթէլ Պասիլի նորատիպը

Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ     «Կարեւոր չէ թէ ինչպէս կը գրես, կարեւորը գրես եւ պահպանես այդ յիշողութիւնը»  Սաղաթէլ Պասիլ   2025-ը աշ­խուժ սկիզբ մը ու­նե­ցաւ Երե­ւանի մէջ, յատ­կա­պէս արեւմտա­հայե­րէնի առնչու­թեամբ: Հինգշաբ­թի, 9 Յու­նուարին CSN lab-ի կեդ­րո­նին մէջ, իսկ Շա­բաթ 11 Յու­նուարին «Յա­ռաջ արեւմտա­հայե­րէնի կեդ­րոն»-էն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­ղաթէլ Պա­սիլի «Կեանք մը Հա­լէպի ճամ­բա­ներուն վրայ»…

Զարմանազան 2025

Զարմանազան 2025 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ 9-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ՝ յուլիս 11-էն մինչեւ օգոստոս 6, 2025։ Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու. 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը, 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած…

Արուեստը աղէտի ընթացքին

ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԱՂԷՏԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ Ի՞նչ է արուեստին դերը, մանաւանդ հիմա, որ արուեստն ալ դարձեր է շուկայական իր, առուտուր, մեծ շահերու միջոց: Փաստ՝ տակաւին վերջերս չեմ գիտեր քանի միլիոնի ծախուած է «պատին փակցուած պանան»-ը: Այս օրերուն, երբ պատերազմները կը շրջապատեն մեզ, իսկ բնութեան աղէտները կարծես ցոյց կու տան մեր ապիկարութիւնը բնութեան հետ վարուելու, ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ…