Անխոնջ մտաւորականը ՝ Յովսէփ Նալպանտեան
Յովսէփ Նալպանտեանի հետ ծանօթացած եմ 1994ի Յունուարին: Մեր բարեկամութիւնը եւ հայակերտումի անյետաձգելի ջանքերուն մէջ մեր գործակցութիւնը ցարդ մեծ թափով կը շարունակուի: Ես շատ ուրախ եմ, որ մանաւանդ վերջին 17 տարիներուն, իր գրական, հեղինակային, մատենագիտական, հրատարակչական գործունէութեան մասին մօտէն տեղեակ եմ եւ գիտեմ, թէ ինք ինչպիսի՛ զոհողութիւններու գնով կ՛իրագործէ… անիրագործելին:
Այս դարուն, երբ հայ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծապէս պակսած է, այս ծաւալով գիրք հրատարակելն ու շարունակաբար պայքարիլը, որպէսզի մեր նոր սերունդին մատչելի դարձնէ հազարաւոր հատորներ՝ հաւանաբար Յովսէփ Նալպանտեանին վիճակուած է այդ առանձնաշնորհումը:
Այս յօդուածի սահմաններուն մէջ պիտի անդրադառնամ Յովսէփ Նալպանտեանի վերջին երեք գիրքերուն:
Ա.- «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ».- Հրատարակուած Լոս Անճելըս, 2015ին, հրապարակագրութիւն, 251 էջ: Գիրքը ձօն մըն է «Աւելի քան երկու միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք եղան օսմանեան եաթաղանի զոհեր. բի՜ւր յարգանք անոնց անմեռ յիշատակին՝ ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ»:
Քաջ եւ խրոխտ հրապարակագիր է Յ. Նալպանտեան։ Ահաւասի՛կ իր սկզբունքը. «Լաւ հրապարակագիրը գիտակից այն անհատն է, որ միշտ ճշմարտութիւնը կը խուզարկէ՝ ընթերցողները տեղեակ պահելով ազգային, տեղական եւ համաշխարհային անցուդարձերէն: Ան կը պաշտպանէ արդարամիտ մամուլի շահերը: Ազգային-հասարակական խնդիրներու լուծման համար անաչառ է եւ հետապնդող: Կը մեկնաբանէ եղելութիւնները եւ կը ձգտի լաւին ու բարիին», էջ 6: Գիրքը ընթերցելէ ետք, ստուգապէս կրնանք ըսել, որ Յ. Նալպանտեան իր գրած սկզբունքին կրողն է, ճշմարիտ եւ անաչառ հրապարակագիրը:
Գիրքը ունի 52 յօդուածներ, որոնք տպագրուած են Սփիւռքի մէջ հրատարակուող բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ: Առաջին յօդուածը կը սկսի 1983ին եւ կ՛աւարտի 2002ին: Կարգ մը յօդուածներ տպագրուած են քանի մը անգամ, տարբեր երկիրներու օրկաններու մէջ: Էջ 244-245ի վրայ կը կարդանք նաեւ, որ հեղինակը 27 այլ յօդուածներ յարմար չէ նկատած գիրքին մէջ զետեղելու… մեզի համար շատ հետաքրքրական էր, օրինակի համար, անտիպ յօդուածներէն մէկը կարդալը՝ «Հայրենի Մտաւորականութիւնը եւ Անկախութիւնը», կամ՝ «Հայաստանի Անկախութեան Գործընթացը եւ Նորօրեայ Մամուլը», «Ցտեսութիւն Հալէպ»ը, եւ այլն: Գիրքը շատ հետաքրքրական է: Էջ 201-214ի վրայ կայ շատ շահեկան յօդուած մը, աւելի ճիշդ՝ պատմական հակիրճ ուսումնասիրութիւն մը, ենթավերնագիրը՝ Ազգային Մտահոգութիւն. «Քանի՞ Հոգի Գիտէ»: Ուսումնասիրութիւնը գրուած է 2000ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 85ամեակին առթիւ: Լուրջ մտաւորականը մատը դրած է վէրքին վրայ եւ այս համեստ գրութեամբ մեզի ցոյց կու տայ, թէ մենք՝ ՀԱՅԵՐՍ, մեր աշխատունակ եւ իմացական բարձր կարողութեամբ, մշակութային աշխոյժ ներկայութեամբ նախանձը շարժած էինք նենգամիտ թուրքին, որուն սաթայէլական ծրագիրները կացինահարեցին հայուն վերելքը:
Գիրքին մէջ գրուած է Արաբ գրականութեան մեծագոյն վարպետներէն՝ Նաճիպ Մահֆուզի մասին, որուն հետ Յ. Նալպանտեան, Եգիպտոս ապրած շրջանին անձամբ ծանօթացած է. Ունի նաեւ որակեալ յօդուածներ՝ Յակոբ Կարապենցի, Պարոյր Սեւակի, Գրիգոր Զօհրապի մասին. հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ՝ «Միջազգային գործազրկութիւնը եւ տնտեսա-ընկերային համակարգերը կը վտանգեն աշխարհի բնականոն վիճակը», «Երկիրներու, նահանգներու, քաղաքներու, վայրերու անունները եւ անոնց իմաստը», եւ այլն: Կը կարծենք, որ այս գիրքը կարդալով՝ կը հասկնանք Յ. Նալպանտեանի, մեծ հայրենասէրի, լաւ գրողի եւ հրապարակագիրի արժանիքները:
Բ.- Յ. Նալպանտեանի լուրջ, գիտական մակարդակով մատենագիտական աշխատանքը՝ «Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ»: Այս գիրքը, ինչպէս նախորդը, հրատարակուած է Լոս Անճելըս, 2015ին, եւ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին. ունի 384 էջ: Յ. Նալպանտեան առաջինն էր, որ 2012ին հրատարակեց «Ամերկահայ Գիրքի Պատմութիւն»ը. իսկ այս գիրքը այդ առաջին աշխատութեան վերամշակուած տարբերակն է. ա՛ն է, որ ԱՄՆի հայկական գիրքերու առաջին եւ բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը կատարած է: Նշեալ գիրքին մէջ կայ աւելի քան 1100 հեղինակներու 3046 գիրքերու մանրամասնութիւնները:
Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ Նալպանտեան հրատարակեց «Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ. յաւելուած»ը, Լոս Անճելըս, 75 էջով: Այս նոր գիրքը կը ներփակէ 327 նոր գիրքերու մանրամասնութիւններ: Այսպիսով, կը կարծենք, որ Յ. Նալպանտեան մատենագիտական այս շատ լուրջ աշխատանքով ցուցակագրած է ԱՄՆի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերու 99 տոկոսը: Յաւելուածին մէջ իրաւացիօրէն կ՛ըսէ. «Մատենագիտութիւնը լուրջ, բազմաբնոյթ եւ դժուար գործ է: Երկար պրպտումներ եւ խստապահանջ կեցուածք պահանջող գիտութիւն»: Այս գործը, ինչպէս նախորդը, ունի անձնանուններու ցանկ, բովանդակութիւն, ինչպէս նաեւ «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարի ցանկ:
Գ.- «Սիրոյ Մատեան», հրատարակուած՝ Լոս Անճելըս, 2016ին, 650 էջ: Այս իւրայատուկ եւ ծաւալուն գիրքը կ՛ընդգրկէ 413 գրողներու 712 բանաստեղծութիւն. առաւել, էջերու ներքեւի բաժինը կան համաշխարհային այլ գրողներու խօսքերը՝ նուիրուած սիրոյ:
Ինչպէս նախորդ գործը, այս գործը նոյնպէս իր տեսակին եւ որակին մէջ միակն է. մենք չենք հանդիպած սիրոյ թեմային նուիրուած այսպիսի ստուար եւ բազմաբովանդակ հատորի մը:
Ան գիրքը ձօնած է իր կնոջ՝ Գարոլինին, նաեւ՝ բոլոր սիրող սիրտերուն… Քանի որ սիրոյ ուժը անհամեմատելի է… Սէրը համբերատար է եւ բարի, եւ սիրոյ խորհուրդը յաւերժական է ու անմեռ:
Ապա, էջ 3-9՝ ծաւալուն բովանդակութիւնն է, որ գրողներու այբբենական կարգով կ՛ընթանայ… մեր կարծիքն է, որ Յ. Նալպանտեան շատ ճիշդ վարուած է, երբ գիրքը չէ դասաւորած ըստ ժամանակագրական կարգի, քանի որ 52 գրողներու ծննդեան թուականները կը բացակային:
Յառաջաբանին մէջ գեղեցկօրէն կը բացատրէ, թէ դասականացած գրողներու կողքին ինչո՞ւ տեղ տրուած է բոլորովին նոր եւ երիտասարդ գրողներու նոյնպէս: Կը կարծենք, որ մեծ բարենիշ մըն է կազմողին եւ խմբագիրին կողմէ, երբ գիտակցութիւնը ունենայ քաջալերելու նոր-սկսնակ գրողները, զորս միշտ պէտք է քաջալերել:
«Սիրոյ Մատեան»ին մէջ, մեզի համար, բաւական նոր անուններ կային… Ահա՛ այդ ուղղութեամբ ալ պէտք է շնորհաւորել Նալպանտեանը, քանի որ մեզի կը հրամցնէ տարողունակ հատոր մը, ուր կարելի է գտնել սիրոյ նիւթին հետ կապուած տարբեր որակի եւ տեսակի գրեթէ ամէն ինչ… Ինքն իր յառաջաբանի վերջաւորութեան կ՛ըսէ. «Հատորը կատարեալ չէ»:
Հատորին մէջ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրողներ կողք կողքի կ՛ընթանան, իսկ ուղղագրութիւնը դասական է:
Ալեք Գլըճեանէն քանի մը տող (էջ 130).
«Ձայնիդ գեղով, դէմքիդ գեղով, խօսուն ծաղիկ փունջն ես դուն.
Սրտիդ հուրով, շունչիդ բուրով, սիրոյ բագնին կոյսն ես դուն.
Գարնանային անձրեւներու լուսակարկաչ հոսք իբրեւ,
Սիրածարաւ լուռ վէրքերուն արարչական բաշխն ես դուն»:
Նաեւ, սիրոյ մեծ երգիչ Նահապետ Քուչակէն քառեակ մը (էջ 631).
«Ես աչք ու դու լոյս, հոգի, առանց լոյս՝ աչքըն խաւարի,
Ես ձուկ ու դու ջուր, հոգի, առանց ջուր՝ ձուկըն մեռանի,
Երբ զձուկըն ի ջըրէն հանեն, մի այլ ջուր ձըգեն, նա ապրի,
Երբ զիս ի քենէ զատեն, քան զմեռնելըն այլ ճար չի լինի»:
Միշտ կարելի է քննադատել, բայց Յ. Նալպանտեանի պարագային, երբ իսկական մեծ աշխատանքը կա՛յ, փաստ է… ուրեմն երկրորդական հարցերու վրայ ծանրանալը անիմաստ կը դառնայ… կարեւորը իր կատարած աշխատանքը գնահատե՛լն է:
Գիրքերու հանդէպ Յ. Նալպանտեանի սէրը անբացատրելի է. ան իսկական սիրահար մըն է գիրքի: Վերջերս մեր զրոյցին ընթացքին ստացանք հետեւեալ տուեալները.
17 տարուան ընթացքին, ան հրատարակած է 34 գիրք: Իր հեղինակած, կազմած եւ խմբագրած գիրքերու էջերուն թիւը 5299 է, իսկ իր հիմնած մատենաշարին հետ միասին՝ 8822 էջ: Այս գիրքերը հրատարակուած են 26,600 օրինակով:
Գրախօսեց՝ Կարպիս Տէր Եղիայեան
Յովսէփ Նալպանտեանի «Կեանքի շարունակուող շաւիղներ»ով
Շուրջ տասը տարի առաջ հիմնուած «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան»
մատենաշարով լոյս տեսաւ 17րդ գիրքը՝ «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ» խորագիրով: Հեղինակը յայտնի մտաւորական գործիչ, ազգային կեանքի քառուղիներուն վրայ շատ գնահատելի վաստակ ունեցող անձ մըն է, ազգային, կրթամշակութային, հրատարակչական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած անհատականութիւն մը՝ Յովսէփ Նալպանտեան:
Տեղին է բանաստեղծ, մշակութաբանութեան փրոֆեսէօր Ռոմանոս Սահակեանի այն դիտարկումը, որ Յովսէփ Նալպանտեանը կը յիշեցնէ. «Ալիշանի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Թէօդիկի եւ այլոց անմնացորդ նուիրումը իրենց գործին»… Դրապէս Յովսէփը այս գիրքով եւս կը ներկայանայ ընթերցող լայն շրջանակներուն ոչ թէ որպէս փաստերու սոսկական ի մի բերող ու արձանագրող, այլ յայտնի եւ անյայտ շատ դէպքերու եւ դէմքերու նոր շունչ ու ոգի տուող, լրջմիտ հետազօտող, թարգմանիչ եւ սերունդ կրթող, խանդավառող բանասէր մը, կրթական մշակ մը, վաստակաւոր հրապարակագիր մը:
Հեղինակը ընթերցողներուն ուղղուած ներածականին մէջ կը խոստովանի, որ «հրապարակագրութիւնը սիրած է փոքր տարիքէն»: Միանգամայն դրական կը գնահատենք հեղինակի այն որոշումը, թէ հարկ է «առանձին գիրքով հրատարակել գրեթէ բոլոր տպագրուած եւ անտիպ յօդուածները: Շուրջ քսան տարուան ընթացքին լոյս տեսած յօդուածները 1983-2002: Կ՛աւելցնէ. «Ինծի միշտ մտահոգած են, հիմա նոյնպէս, մեր ազգային կեանքի տարբեր երեսները: Թէ մենք ազգային գիտակցութեան բացակայութեան պատճառով ինչե՜ր կորսնցուցած ենք, ինչ-ինչ լուրջ խնդիրներ ունինք… հայապահպանում, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում, Հայաստան, գիրք եւ ընթերցանութիւն, երիտասարդութեան իրավիճակ եւ այլն: Այս գիրքին մէջ ընդգրկուած յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները շատ քիչ եւ աննշան ուղղումներու ենթարկուած են, ջանացած եմ պահել նոյն ձեւով, ինչպէս որ լոյս տեսած են թերթերու մէջ» (էջ 8):
Փաստօրէն սոյն գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Յովսէփ Նալպանտեան կեանքի ինչպիսի ուղի անցած է: Ուստի այն կարելի էր վերնագրել նաեւ Գրիգոր Զօհրապի գիրքի վերնագիրին պէս՝ «Կեանքը Ինչպէս Որ Է» եւ հայ կեանքը հեղինակին ընկալումով…
Թերթատելով սոյն գիրքը մտովի հեղինակին հետ կը կատարես առաջին յուզաթաթաւ այցելութիւնը հայրենիք (յօդուածը գրուած է 1983ին): Կ՛ըմբոշխնես այն գերագոյն վայելքը, զոր ապրած է հեղինակը որպէս մեր մայր բուհի՝ Երեւանի Պետական համալսարանի հայկական բանասիրականի ուսանող:
Որպէս հայ լեզուի մշակ, ինծի համար յոյժ գնահատելի եւ թանկ են «Մաքուր Հայերէն Խօսիլ» (էջ 18-20), «Լեզու Եւ Խօսք» (էջ 49-51), «Հայերէնի Ուսուցիչի Ապագան» (էջ 52-53), «Յաւերժի Ճամբորդը՝ Մեր Լեզուն» (էջ 151-156) եւ այլ գրութիւնները:
«Լեզուն, ինչպէս կը գրէ Յովսէփ Նալպանտեան,- կը զարգանայ, կ՛ամրապնդուի միայն կարդալով»: Ցաւօք, մեր օրերուն համացանցը, զանգուածային շատ միջոցներ պարզապէս կը գոցեն գիրքի ճամբան: Այսօր հայ մամուլը, գիրքը հաւատարիմ քիչ ընթերցող ունի: Տեսակ մը գիրքի եղեռն է, որ կը կատարուի: Այդ առումով Յ. Նալպանտեանի սոյն հրատարակութիւնը նաեւ կոչ մըն է ընթերցելու եւ վերընթերցելու մեր գրական արժէքները: Հեղինակի խօսքը ահազանգ մըն է կապուած հայ գիրի եւ գիրքի ճակատագիրին հետ (ըլլա՛յ Սփիւռք, թէ Հայաստան): Օտարաբանութիւններով խճողուած նոր սերունդի խօսքը ձաղկելով՝ Յ. Նալպանտեան տեղին կը մէջբերէ յայտնի ասոյթ մը. «Բառը զէնք է. թշնամիի զինանոցէն զայն փոխ առնելը վտանգաւոր է…»:
Գիրքի արժէքը մեծապէս ըմբռնող եւ գիրքի «խեն»չ մը՝ Յ. Նալպանտեան ունի երկու ծաւալուն յօդուածներ. «Գրադարանիս Բառարանները» (էջ 195-200), «Գրադարանիս Գիրքերը» էջ (222-236):
Հայոց Ցեղասպանութեան 85ամեակին առթիւ ունի շատ շահեկան պատմական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Քանի՞ Հոգի Գիտէ» (էջ 201-214): Մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի «Երկիրներու, Նահանգներու, Քաղաքներու, Վայրերու Անունները եւ Անոնց Իմաստը» յօդուածը, էջ (169-181):
Կարելի է երկար խօսիլ վերջերս հրատարակուած սոյն գիրքին մասին: Կը հաւատանք, որ ընթերցողները ոչ միայն անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը ստանան կեանքի այլազան ոլորտներու մասին, այլեւ հայերէնասիրութենէն հաստատուն քայլ մը կ՛ընեն դէպի հայասիրութիւն, ազգասիրութիւն, եթէ կ՛ուզէք՝ Մարդասիրութիւն… Ատոր համար ալ հեղինակը իրապէս գնահատելի եւ սիրելի անձ մըն է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ի Սփիւռս աշխարհի գոյութեան պայքար մղող հայ զանգուածներուն համար:
Գիրքը ձօն մըն է «Աւելի քան երկու միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք եղան օսմանեան եաթաղանի զոհեր»: Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ կը գնահատենք հեղինակի կեցուածքը: Եւ իբրեւ ամփոփում կ՛ուզենք կրկնել բանաստեղծ Ռ. Սահակեանի դիպուկ բնութագրումը. «Եղիր այն, ինչ որ կաս»: Կասկած չունինք, որ Յովսէփ Նալպանտեան այդպէս ալ կը շարունակէ իր «կեանքի շաւիղները»: Եւ վերջաւորութեան, թող որ այդ շաւիղները վերջ չունենան:
Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, Բանասիրական գիտութիւններու դոկտ., փրոֆեսէօր Արտեմ Սարգսեան