Աննա Արզումանեան – արժանթինահայ իրաւաբան, գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ։
Ծնած է 1962ին Պուէնոս Այրէս: Մասնագիտութեամբ փաստաբան է: Դասաւանդած է «Իրաւունքի փիլիսոփայութիւն» նիւթը Պուէնոս Այրէսի «Սալվատոր» համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ (1988 – 2001): 2003ին աւարտած է Պուէնոս Այրէսի «Լասանեան քոլէճ»ի հոգեվերլուծութեան դոկտորան:
Արզումանեանը հրատարակած է շարք մը բանաստեղծական ժողովածուներ՝ նուիրուած հայկական ժառանգութեան, ցեղասպանութեան, պատմական գործիչներուն եւ կանանց հանդէպ տղամարդոց ունեցած իշխանութեան։
Հրատարակած է` «Շուրթեր», «Քարի տակ», «Խեղդողը», «Երբ ամէն ինչ վերջանայ`ամէն ինչ կը վերջանայ», «Կովկասները» բանաստեղծական ժողովածուները, «Նրանց կինը» վէպը, «Նուռը», «Իմը», «Խուանա Ա» պատմուածքները, ինչպէս նաեւ «Մարդկային պահեստարան. անհետացման մի աշխարհագրութիւն ուսումնասիրութիւնը»:
Ֆրանսերէնէ սպաներէնի թարգմանած է Լիւսյէն Ֆրապիէ-Մազուրի «Սադը եւ օրգիայի արձանագրումը» գիրքը եւ անգլերենէ սպաներէնի` Սիւզան Գուբարի «Հոլոկոստի պոեզիայի ընդարձակն ու համառոտը». Հոլոքոստի ուսումնասիրութեան «Եադ Վաշէմ» միջազգային դպրոցի ֆինանսաւորմամբ իրականացուցած է «Ողջակիզման յիշողութիւնը եւ անոր փոխանցման երկընտրանքները» սեմինարը Երուսաղէմի մէջ, (2008)։
Արժանթինի եւ Հայաստանի մէջ նկարահանած է «Ա» վաւերագրական ֆիլմը` Արժանթինի Կինոյի և Տեսաձայնային արուեստներու Ազգային Ինստիտուտի ֆինանսաւորմամբ: Ֆիլմը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արժանթինի զինուորական գունդի բռնապետութեան օրով անհետացածներուն, որու ղեկավարն է Իգնասիօ Դիմատիան (2010թ):
Աննա Արզումանեանը «Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողներու միջազգային միութեան» անդամ է:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ժանգն է թափանցողը,
ապակիներով ոռոգուած անդունդ։
Վերջնական փոսն է
հմայիչը,
թափօրով մեզ հրողը։
Մի՛ կարծեր որ անթեղուած կրակը
կը պաղի ցօղով։
Անկեղծ հնազանդութիւնն է,
ողջախոհերու հաւատարիմ սնունդը,
խաչեր՝ մեկնումի խստութեան։
***
Ծագ ենք ու գիծ՝
չհասնող ուղղահայեաց
անհունին։
Ուխտս՝ լքուած տապանագիր,
քարի ընդմէջէն աճող մամուռ։
Մինչ անսպառ ձագարը կը հաւասարեցնէ մեզ,
դրօշակները կը չորցնեմ
ու արեւուն տակ կը գրեմ։
Ամբողջ ծարաւդ
կոկորդիս համրութեան մէջ
կ’ընդունի որ անզիջում էր
արեանս ուժը։
Ու հիմա որ չեմ գրկեր քեզ,
կուրացող մարմինս կը տնքայ
յագեցածի յամառութեամբ։
Երկար գիշեր է օրը։
Մերկացող կռնակիս ետին
դատարկ կը սպասէ արեւը
սաւաններու թօթուելով,
ողջ մարմինս անկողնի մէջ
կը տապլտկի,
կը խայտայ՝
ասպարէզ կարդալով տաղտուկին։
Երբ ժամերս կը լուծուին,
դաւը կ՚արիւնի,
բառերս կ՚այրին։
***
Տունը քանդել։
Խանգարել մաշկին յապաւումը
օտար ձեռքերու մէջ։
Ու կիսով ծակել որովայնը,
ծածկելով սայրերը տրոփուն։
Ու տուայտիլ,
ժայռ ու յախճապակի լքել,
խենթացնող ախտին մէջ գահավիժիլ
ու դառնալ պահարաններու մէջ կծկուող ցնցոտին։
Այն ատեն ի զուր պիտի գծէ
սահմանը որուն վրայ կը պարեմ։
ճշմարտութեամբ անզօր կուրծքեր ծծած կ՚ըլլամ,
մահուամբ անզօր կուրծքեր՝ աննկատ սենեակներու մէջ։
«Բագին»
ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 4