Անուշ Նագգաշեան, սաղիմահայ բանաստեղծուհի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու:

Ծնած է 1961-ին, Պաղեստինի Կազա քաղաքին մէջ: 1967-ին հրեա-արաբական պատերազմէն ետք ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Երուսաղէմ։ 1979-ին աւարտած է Երուսաղէմի Սրբոց թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը, 1984-ին՝ Երեւանի պետական համալսարանը։ 1985-ին մեկնած է Անգլիա. Հետեւած է «Փիթմընզ քոլեճի» անգլերէնի եւ թատերարուեստի դասընթացներուն։ 1995-ին ԵՊՀ-ի մէջ «Ֆրիկի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը» թեմայով պաշտպանած է գիտական ատենախօսութիւն եւ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։ 1995-2007 թուականներուն Երուսաղէմի Սրբոց թարգմանչաց վարժարանին մէջ դասաւանդած է հայոց լեզու, գրականութիւն, գրաբար, հայոց պատմութիւն եւ մատենագիտութիւն, եղած է մշակութային միջոցառումներու պատասխանատուն։ 1991-98 թուականներուն եղած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի խորհրդական։ 2015 թուականէն «Ծանօթանանք հայ Երուսաղէմին» հաղորդաշարի հեղինակն ու հաղորդավարն է։

Լոյս ընծայած է «Սիրոյս տաք շունչէն» (1993թ.), «Գիշերային պատարագ» (1994թ.), «Անձրեւոտ սէր» (1998թ.), «Խաչուած սէր» (2000թ.), «Եթէ յանկարծ տեսնես իրեն…» (2003թ.), «Հատընտիր» (2004թ.), «Փոքրիկ աղջիկը… Մեծ երազով» (2009թ.), «Ես հայ եմ» (2013թ.) ժողովածուները։  2013 թուականին լոյս տեսած է անգլերէն թարգմանութեամբ բանաստեղծութիւններու գիրքը՝ Love & Torment, 2016 թուականին՝ «Այդ սերմը ես էի» գիրքը, 2011-2013 թուականներուն՝ «Անդրադարձ ամսաթերթը»։

Արժանացած է տարբեր պարգեւներու՝ Հայաստանի գրողներու միութեան ոսկէ մետալի, Հայաստանի վարչապետի յուշամետալի եւ Մովսէս Խորենացիի մետալի:

 

«Սէրս նման անձրեւին»

Դուրսը անձրեւ է նորէն եւ ես քեզի կը յիշեմ…

Եւ իմ սէրը շատ նման բնութեան այս պարգեւին.

Սէրս նման անձրեւին նոյնքան առատ եւ մաքուր

Նոյնքան յստակ, անարատ, սէրս նման անձրեւին…

 

Սէրս նման անձրեւին ունի իր երգը յատուկ,

Որուն արգանդն երկինքն է, որ անձրեւէ ետք կ’ըլլայ

Այնքան բարի ու կապոյտ, անսահման ու արեւոտ,

Ինչպէս սիրող աչքերը եւ խորութիւնը յոյսին…

 

Դուրսը անձրեւ է նորէն եւ անձրեւ է սրտիս մէջ,

Ուրիշ անձրեւ է սակայն, անձրեւ սիրող սրտերու,

Դուրսը անձրեւ է ահա, ես մեր երգը կը գրեմ,

Արդէն հեռու եմ քեզմէ, բայց մեր պարը կը պարեմ…

Իսկ անձրեւի հրաշքով մեր հեքիաթը կը հիւսուի…

 

Դուրսը անձրեւ է նորէն, եւ ես` հարսը անձրեւին…

 

 

«Խաչուած սէր»

 

Գիշերն այսքան կարճ

Եղած չէր երբեք․․․

Մատներուդ նման

Սահեցան ժամերն,

Սիրաշոյանքի

Վայելքը քնքուշ

Ակնթարթ էր լոկ․․․

Բայց տխուր էի․․․

Քանզի հասկցայ

Որ ուշացած եմ․․․

Այո՛, ուշացած,

«Ուրիշն է», ըսիր

«Սրտիս մէջ նստած»․

Բայց թեւերուդ մէջ

Ես էի խաչուած։

Եւ ուրախ էի,

Այդ խաչին համար․․․

Մի՞թէ ուշացայ․․․

Աչքերդ փակ էին,

Չբացիր երբեք․․․

Այնպէս կ՚ուզէի

Ես ինձ հոն տեսնել․․․

Եւ հաւատացի

Թէ դուն պարզապէս

Չուզեցիր մատնել

Միացման պահի

Հաճոյքը վսեմ․․․

«Ուրիշն է», ըսիր

«Նստած սրտիս մէջ»․

Բայց ես ինձ տեսայ

Փակ աչքերուդ մէջ․․․

Այնպէս կ՚ուզէի

Փակուէին բոլոր

Դռները սրտիդ

Երբ ես էի հոն․․․

Դուն չխօսեցար․․․

Այդպէս ես խաչուած

Քեզ սպասեցի,

Ինչպէս Քրիստոս

Ծարաւ սպասեց․․․

Կաթիլ մը ջուրին։

Բայց նոյնիսկ քացախ

Չտուիր դուն ինձ։

Արդ որքան ուզեմ

Իջնել այդ պաչէն,

Միշտ ուշ եմ կարծես․․․

Խաչուած եմ արդէն։

Բառերըս վերջին

Քեզի կ՚ուղղեմ Տէր․․․

Ի՜նչ խնդրեմ քեզմէ,

Ներո՞ւմ, բայց ինչու․

«Քանզի լաւ գիտեմ

Թէ ես ինչ կ՚ընեմ»։

Ես միշտ հնազանդ

Քու մեծ պատուէրիդ

Խաչուած եմ սիրով․

Սէրէն չեն մեռնիր․․․։

 

 

…ԵՒ ԱՉՔԵՐՍ, ՍԻՐՏՍ, ՀՈԳԻՍ

Ես չեմ գիտեր արդեօք ինչո՞ւ,

Նայուածքդ ինձ այդքան յուզեց,

Տարաւ ինծի այնքան հեռու,

Այնքան ծանօթ աշխարհ մը ինձ:

 

Ինչպէս կրցար այդպէս յամկարծ

Դուն աչքերէս իջնել սրտիս,

Եւ գրաւել ամբողջովին,

Եւ աչքերս, սիրտս ու հոգիս…

 

Խենթ զգացում ծանօթ ես ինձ,

Եւ հոն ես միշտ, սակայն երբեմն`

Լոկ շշուկէ, լուռ նայուացքէ

Փոթորկի պես կալեկոծիս:

 

Կամ կը փշրես վայրկեանի մէջ,

Ամէն քնքուշ, անուշ երազ,

Կամ կը ծնիս դուն ոչինչէն,

Ու կը հիւսես երազ դղեակ…

 

Այդպես ես դուն` քնքուշ ու խենթ,

Բայց առանց քեզ չկայ երազ,

Կեանքի հոսքին աղբիւրն ես դուն…

 

ԵՐԵՔ ԵՐԳ ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ

1.

Պարզ է այս գիշեր նման հոգիիս,

Չկայ ոչ լուսին, ոչ վառուղ աստղեր,

Մեղմիկ կը լսեմ երգդ տխրագին,

Նման հոգիիս բառերդ պարզ են…:

 

Տխուր է ձայնդ նման հոգիիս,

Չես ուզեր կրկնել բառերը երգին,

Քանզի կարօտը ի՞նչ բառով յայտնել,

Գիշերն ու հոգիս քու երգդ կ’ուզեն…

 

Պարզ է գիշերը, պարզ է իմ հոգին,

Պարզ է իմաստը անբառ քու երգին,

Եւ տխուր ենք մենք` գիշերը, դուն, ես,

Իրարմէ հեռու առանձին այսպէս…

 

2

Սակայն այս գիշեր վառուեր է հոգիս,

Նման երկնքի աստղերուն պոռթկուն,

Ալ հոգնած եմ ես առանձին այսպես…

Չեմ ուզեր երգդ մեղմիկ հասնի ինձ,

Ես կ’ուզեմ ձայնդ փոթորկէ հոգիս,

Ու երգդ քանդէ պատերը սրտիս,

Եւ չեմ ալ ուզեր հովերուն յանձնես

Համբոյրներ քնքուշ այտերս շոյող…

Թէ կ’ուզես ինծի եկուր ա՛յս գիշեր,

Նախքան որ պոռթկան աստղերն երկնքին…

Փոթորիկին մէջ երգդ անհետի…

Եւ հոգիս փնտռե ուրիշ երկինքներ…

 

Թէ կ’ուզես ինծի եկուր ա՛յս գիշեր…

3

Եկուր որ վառենք ջահերն երկնքին,

Չձգենք սէրը մթութեան մէջ լուռ…

Գարուն է նորէն, բայց քեզմէ հեռու`

Բոյրը վառ սիրոյ կը խեղդէ հոգիս,

Չորսդիս ծաղիկներ, թիթեռ, թռչուններ,

Բոլորը կ’երգեն սիրոյ երգը մեր,

Բայց դուն կը մնաս տակաւին հեռու,

Տակաւին անհաս, չարչարող երազ…

Կանցնին գարուններ, ես դեռ կը սպասեմ,

Վախնամ ձմեռն այս` չբերէ գարուն…

 

 

Կեանքի Հոսքին Աղբիւրն Ես Դուն…

Հայրենի երկինքին տակ ես չեմ քալեր այլ կը թռչիմ…

Հայաստանը քարաստան է կ՚ըսեն, բայց ինծի համար ծաղկաստան է ան…

Ես այնտեղ կը զգամ այնքան թեթեւ, այնպէս երջանիկ, որ ուրիշ ոչ մէկ երկիր կրնայ պարգեւել…

Վերջապէս ստեղծագործ միտքս հանգիստ չունի այնտեղ, եւ ամէն նայուածք, ամէն ժպիտ թռիչք կու տայ հոգիիս… Այո, ես բանաստեղծ եմ եւ ամենէն շատը իմ հողիս վրայ կը զգամ, որ բանաստեղծ եմ…

Հայրենի արեւն ալ բնականաբար աւելի ջերմ է քան աշխարհի բոլոր արեւները…

Եւ այդ արեւին ջերմութեանը տակ ծուլօրէն կը բարձրանամ Նալպատեանի զառիվերով, ոչ միայն վայելելով երկինքն ու հողը, այլ կողքէս անցնողներուն ժպտալով, նոյնիսկ անծանօթին բարեւելով, իրենց մայրերուն ձեռքերէն բռնած երեխաներուն սիրելով եւ… Ահա հասած եմ Նալպանտեան-Իսահակեան խաչմերուկը ու կը սպասեմ որ կարմիր լոյսը կանաչ դառնայ։

Կողքիս յաղթանդամ երիտասարդ մը կանգնած նոյնպէս կը սպասէ կանաչ լոյսին։ Հիացած կը նայիմ այս առնական, գեղեցիկ հայ երիտասարդին, չէ՛, չէ՛, թող երկարի կարմիր լոյսը… Թող երկա՜ր նայիմ… Մեր պատմութեան գիրքերէն դուրս եկած արքաներու մարմնացումն է կարծես… Հիացումս կը զիջի համարձակութեանս եւ դիմելով անծանօթին կ՚ըսեմ։

—Երիտասարդ, Տիգրան մեծն ես թէ Արտաշէս Արքան…

Երիտասարդը շուարած կը նայի նախ ինծի, ապա շուրջը եւ վստահ ըլլալով, որ հարցումս իրեն ուղղած եմ կ՚ուզէ բան մը ըսել։

Լոյսը կը փոխուի կանաչի… Բայց ստեղծագործ հոգիս լուծումը կը գտնէ.

—Խնդրեմ հարցում չ՚ընես, պարզապէս թող թեւէդ անցնիմ եւ այս մայթէն միւս մայթը թագուհիի նման յառաջանամ…

Շուարած բայց առանց տատամսելու երկարեց թեւը եւ ես մեղմ ժպիտ մը դէմքիս, գլուխս բարձր, հպարտ հայ թագուհի՝ հասայ դիմացի մայթը։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ…

—Սփիւռքահա՞յ էք, իսկ ձեր անունը…

—Ինչ կարեւոր է… Կարեւորը այս պահը յաւերժացնելն է, եթէ օր մը տեղ մը կարդաք կամ հեռուստացոյցով լսէք՝

«Ես չեմ գիտեր արդեօք ինչու

Նայուածքդ ինձ այդքան յուզեց»…

Գիտցէք, որ ձեր մասին է… Այս պահն է, որ պարգեւեցիք եւ ես յաւերժացուցի… Այն ատեն անունս ալ կը գիտնաք…

Թագուհիի նոյն ժպիտով հեռացայ, բառը սառած ձգելով երիտասարդին շրթներուն վրայ, եւ գրիչս ու անձեռոցիկ մը հանելով պայուսակէս, գրեցի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը, որ ապագային դարձաւ նաեւ երգ։

Ես չեմ գիտեր արդեօք ինչո՞ւ,

Նայուածքդ ինձ այդքան յուզեց,

Տարաւ ինծի այնքան հեռու,

Այնքան ծանօթ աշխարհ մը ինձ։

Ինչպէս կրցար այդպէս յանկարծ

Դուն աչքերէս իջնել սրտիս,

Եւ գրաւել ամբողջովին,

Եւ աչքերս, սիրտս ու հոգիս…

Խենթ զգացում ծանօթ ես ինձ,

Եւ հոն ես միշտ, սակայն երբեմն՝

Լոկ շշուկէ, լուռ նայուածքէ

Փոթորկի պէս կ՛ալեկոծիս։

Կամ կը փշրես վայրկեանի մէջ,

Ամէն քնքուշ, անուշ երազ,

Կամ կը ծնիս դուն ոչինչէն,

Ու կը հիւսես երազ դղեակ…

Այդպէս ես դուն՝ քնքուշ ու խենթ,

Բայց առանց քեզ չկայ երազ,

Կեանքի հոսքին աղբիւրն ես դուն…