Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915) – Մեծ Եղեռնի զոհ բանաստեղծ, արձակագիր, բանասէր եւ թարգմանիչ
Ծնած է Մալկարա, Ատրիանուպոլսոյ նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն։ Ուսումը աւարտած է անկանոն ձեւով ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ առանց զայն բոլորելու։ Դպրոցէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք մտած է հօրը խանութը։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին ան դուրս չէ ելած Մալկարայէն ու չէ ճամբորդած։ Սիրողաբար գրականութիւն մշակած է։ «Կարծեմ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել, բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ».- ըսած է ան։
Քերթողական իր էջերը ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝ «Լքուած քնար» (1902), «Երկունք» (1906) եւ «Նոր քնար» (1912)։ Երկարօրէն աշխատած է «Նոր քնար» հատորին վրայ, որ կը նկատէ լաւագոյն աշխատութիւնը։
Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք յայտնի անուն ապահոված են իրեն։ Գրականութիւն մուտք գործած է Կարօ ծածկանունով։ Որպէս արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ անժխտելի կարողութիւն ցոյց տուած է իր գրական վերլուծական յօդուածերով։
Արտաշէս Յարութիւնեան երկար ժամանակ աշխատած է մամուլին, որ յայտնի անուն ապահոված է իրեն:
Մահացած է 13 կամ 16 Օգոստոս 1915-ին, Իզմիթի մէջ, եղած է Մեծ Եղեռնի զոհ դարձած գրողներէն մէկը։
Մահէն յետոյ իր գրութիւնները լոյս տեսած են զանազան տեղեր, գրողը արժեւորուած է յետմահու. նշենք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ալ 2016 թուականին լոյս տեսած է անոր «Ընտրանի» հատորը («Անտարէս»էն), ուր ընտրովի ամփոփուած են քերթուածներ, գրական դիմաստուերներ, քրոնիկներ եւ իր բանաստեղծական գիրքերէն «Նոր քնար»ը՝ ամբողջութեամբ:
ԿԱՐՕՏՆԵՐ
Հոգւոյս խորը կարօտներ կան`
Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն`
Մոմին ճերմակ մարմինն աղուո՜ր:
Կարօտներ կան խորը մըտքիս,
Որ անդադար զայն կը փորեն.
Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն,
Լուռ` կը խորհիմ ես ինքնիրեն:
Ու կը լայննա՜յ վէրքը տակաւ
Չըդարմանուած կարօտներուն.
Ո՛չ ո՛ք գիտէ զանոնք,- ի՜նչ փոյթ,
Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն:
Չընչի՞ն ցաւեր. է՜, ո՜վ գիտէ.
Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.
Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ`
Կը մարին խորն այդ ցաւերուս:
Ու կարօտներն իմ մեծամոլ
Կը սպառեն զիս մինչեւ ըզմահ,
Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն`
Մոմին մաքուր մարմի՜նն աղուոր:
Արտաշէս Յարութիւնեան
1912