Նորա Պարութճեան – Փարիզ
ԿԸ ԳՐՈՒԻ յորդեալ հեղուկ մոխրագոյն չարաբոյր հոսուկ թանձրացած սիրոյ ամանէն ինկած աւելորդութիւն որուն չի կրնար այլեւս մարմինը տոկալ կը գրուի … կը գրուի անկապ անորոշ սողանցքներէն երակի բացին վրայ չքանալիք մէկ պահի որ հեռու է հասկցուելու ճաշակէն ո՞ւր է ո՞ւր է իմաստը եւ թոյրը զոր ծայրերով մատներուն դիտեցինք օր մը ու տեսանք անկէ…