Արթուն Կէպէնլիօղլու – Պոլիս

Կորաքամակ Մտահոգ տեսայ այսօր քեզ Ուսերդ կախ Սրտիդ մէջ վախ են թողեր Քեզ են վերագրեր Չնչին մեղքերը Սլքտող անտէր Քեզ են ընծայեր Առիթ մը գաղտնագողի Մի թէ մոռացման կարօտ Բոլոր մեծ ոճիրներ                                                           Արթուն Կէպէնլիօղլու Իշխանական Հորիզոնի վերջին շկնանքի Հսկողութեան տակ քաղաքը Աջս՝ Մեծ կղզին    Եւ աջ աջի՝                         ԻՇԽ     ԱՆ     ՆԵՐ Հրդեհ մը…

Արամ Քէթէնճեան – Պաղտատ

Արտագաղթ Թողած հողդ թանկագին, Ուր պապերդ կը հանգչին Եւ արմատներդ են խորին՝ Գացիր հեռուն, օտարին:   Թողած օճախդ ջերմիկ Եւ օրրանդ, ուր մայրիկ Օրօրներով քաղցըրիկ՝ Քեզ սնանեց  իմ բալիկ:   Թողած ընկերք, ընտանիք, Անկեղծ սէրդ քնքուշիկ, Թողած յուշ ու յիշատակ՝ Այլոց դարձար մտերմիկ:   Թողած մարգերն հայրենի, Բուրումնաւէտ  ծաղիկներ Եւ երփնաթոյր թռչուններ՝ Գաղթեցիր նոր աշխարհներ:…

Անահիտ Սարգիսեան – Փարիզ

քար ու բառ քար մը դուն քար մը ան բառ մը դուն բառ մը ան քարեր բառեր ցիր ու ցան     քով քովի եկաք սակայն չորս պատ ու պատմութիւն չդարձաք     քար մը դուն քար մը ան բառ մը դուն բառ մը ան քարեր բառեր քով քովի բայց ցիր ու ցան    …

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Պէյրութ

ԴԱՐՁ Տենչ մը անպատում Կ’անձրեւէ յար խոպան դաշտերու լռումին կուտակ: Ու կ’իջնեն սպիտակ ձիւնի փաթիլներ Մանուկ օրերուս համբոյրին քնքուշ:   Կենեղ լոյսին հետ Մարգարտաշար դաշտերուն սերմերը բարի Յուսահատ կեանքիս ղզջումը կու լան:   Ո’չ մէկ տարակոյս վաղուան յարածուփ խինդին:   Այս անձրեւը լոյս խոպան դաշտերու եւ զղջումը բարւոք դարձի փառաւոր Զիս ետ կը կանչեն Առօրեայ…

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ

Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Խանդավառուած անցեալ տարի փառատօնի հանդէպ դրական եւ քաջալերական արձագանգէն, Շիրակի Մարզային Գրադարանը, 21 Մարտ, 2023-ին՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այս տարի եւս կը կազմակերպէ արդէն աւանդական միջոցառում դարձած ՝ «Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Փառատօն»ը, առցանց ձեւաչափով: Փառատօնը նախատեսուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար: Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները…

Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի Մէջ Փլուզուած է Հայ Թագաւորի Պատկերով 2000-ամեայ Սիւնը

Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի Մէջ Փլուզուած է Հայ Թագաւորի Պատկերով 2000-ամեայ Սիւնը Այժմեան թրքական Ատիյեամանի մէջ (Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի տարածք) գտնուող Կոմմագենի թագաւորութեան հայկական թագով պատկերուած Միհրդատ II-ի եւ քրոջ պատկերով 2000-ամեայ սիւնը փլուզուած է երկրաշարժին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ 1in.am-ը։ Կը նշուի, որ UNESCO-ի ցանկին մէջ գտնուող Նեմրութ լերան արձանահամալիրը նկատելի վնաս չէ կրած։

Շիրիմի այցելութիւն լեզուներու գերեզմանատան մէջ

Շիրիմի այցելութիւն լեզուներու գերեզմանատան մէջ* Կարելի չէ գու­շա­կել թէ մարդկա­յին պատ­մութեան ո՞ր հանգրո­ւանին մարդ արա­րածը իր ար­ձա­կած ձայ­նե­րը կա­նոնի մը հա­մաձայն ձե­ւաւո­րեց եւ գո­յացուց իմաս­տա­լից բա­ռեր։ Առաս­պե­լական պատ­մութեան հա­մաձայն Բա­բելո­նի աշ­տա­րակը կա­ռու­ցողնե­րը Աս­տո­ւածա­յին պա­տիժով մը սկսան տար­բեր լե­զու­ներ խօ­սելով հա­մատեղ աշ­խա­տան­քի կա­րողու­թե­նէն զրկո­ւիլ։ Այսպէ­սով ալ անա­ւարտ մնաց իբ­րեւ թէ Աս­տուծոյ գա­հը նո­ւաճե­լու մի­տու­մով կա­ռու­ցած Բա­բելո­նեան…

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ  Խրոյեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան ժանրին, ուր տողերն ու նախադասութիւնները կրնան չկէտադրուիլ,…

Մայրենին հայրենիք է

Մայրենին հայրենիք է 21Փետ­րո­ւարը Մայ­րե­նիի հա­մաշ­խարհա­յին օրն է ու նաեւ պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի մա­հուան 16-ամեակը։ Երկրին երկրա­շար­ժով տա­ռապած օրե­րը կ՚ապ­րինք…։ Լե­զուն կրնա՞յ պատ­մել վիշ­տը։ Ան­շուշտ ոչ, բայց կսկի­ծը բա­ցատ­րելն իսկ բա­լասան է։ Մարդ երկրի մը քա­ղաքի՝ գիւ­ղի, տու­նի մը մէջ ծնե­լով կը սկսի աշ­խարհի վրայ իր ճամ­բորդու­թեան։ Ծնած հա­սակ առած տե­ղը իր հայ­րե­նիքը կը հա­մարէ։…