ԱՐԴ ԵՒՍ. Արեւմտահայ մշակոյթի նոր ծրագիր
ԱՐԴ ԵՒՍ. Արեւմտահայ մշակոյթի նոր ծրագիր արդ եւս. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։ Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը։ Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը. կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու…