Թամար Գասպարեան Արսլանեան – Երեւան

Ի՞նչն է գաղտնիքն…    Ի՞նչն է գաղտնիքն այս Հալէպին,  Զարմացուցեր է աշխարհին,  Գորշ օրերուն արհաւիրքի,  Կ’արժանանայ դեռ հմայքի:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ամրոցին մեր,  Ո՛չ երկնահաս շքեղ շէնքեր,  Ոչ ալ՝ պէս-պէս արդի վայրեր,  Այլ՝ հնութիւն, հիւրընկալ սէր:    Ի՞նչն է գաղտնիքն տաքուկ սիրոյն,  Կը թափանցէ խորը հոգւոյն,  Կը կլանէ միտքը  իսկոյն,  Կը պարուրէ սիրտն զգայուն:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հպարտ հողին,  Տուն կը կանչէ իր պանդուխտին,           Որ վայելելով  բարիքն այլին,  Ան կը հիւսէ՜ փառքն Հալէպին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն իր այդ օդին,  Թէպէտ սեւ մուխ ու ծուխ հոտի,  Կը յայտնուի զուլալ ոգին,  Ուր կը խայտան կեանքն ու հոգին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն ջրին համով,  Հայաստանի գետին բոյրով,  Երբ որ ըմպես դառնաս գինով,  Չես յագենար օտար ջրով:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հալէպցիին,  Կ’ըսեն կառչած է անցեալին,  Կ’ապաւինի իր բնազդին  Ու մարդկային գութ գորովին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն մայր գաղութին,  Պահապանը մշակոյթին,      Դէմ յանդիման լուրջ վտանգին՝  Թափը կու տայ նոր զարթօնքին:    Ի՞նչն է գաղտնիքն հայ համայնքին,  Համբերանքին, տոկուն կամքին,  Յոյսեր տածած  նոր գալիքին,  Կը հաւատայ միշտ հրաշքին:    Թամար Գասպարեան Արսլանեան  Գանձասար   Մարտ դ. 2014 

Գրիգոր Պըլտեան – Փարիզ

ՆՈՅՆԸ      աւազի բլուրներէն ծուխեր կու գան ճերմակ  կը ծածկեն հետքերը բլուրներու  տեղաշարժ ու ջնջումը տեղաշարժին  երբեմն  քուրջեր կը յայտնուին աղի մազի խոպոպներ եւ դեռ  խաւերը քաղաքի աղբին  մեռել մը որ կը մնայ հոն անթաղ  աննեխելի   ու զմռսուած  կը դիտես  պիտի չկրնաս նայիլ անոր դէմքին  թերեւս նմանիք իրարու  թերեւս անկրելին  օ վայր բերնին մէջ ձայնին ահաւորութեան  ուր արեւը խրեցաւ ծագումին  օ վայր սկզբնական եւ ան-  յօդելի  բայց չյիշել  ոչինչ որ ըլլար յիշելի  եղանք մոռացումը աշխարհին  թերեւս նոյն բլուրները կու գան նախկին անխօս աւազներէն      Գր. Պըլտեան, ՎԱՅՐԵՐ, Փարիզ 1983

Արա Ճուհարեան – Քինկսթաուն

Շաքարաման  ***  կ’ուզեմ կախուիլ պատշգամի ճաղերէն  թացնալ անձրեւէն  չորնալ հովէն   բայց մարդիկ պիտի այլայլին այս նոր   զարմացական նշանէն   աւելի լաւ է մտնեմ սենեակս   եւ կախուիմ   շարունակականութենէն    ***  ես եւ ես փողոց իջանք միասին  ես անհետացայ մերկ – փողոցի վերջաւորութեան  իսկ ես – հագուստներով տուն վերադարձայ  տանս ծաղիկները ջրեցի  ***  սէրը երազ էր – մնաց  մենք չմնացինք – իրական էինք   սիրոյ շաքարները մնացին   շաքարամանին մէջ    ***  մարգագետինը կապոյտ է  երկինքը կանաչ   երդիքը անգոյն   ծուխը վարդագոյն   եւ կ’ուրախանաս   գոյները փոխած ըլլալուդ համար    ***  թռչունները երբ ճռուողեն վիթխարի ծառերուն մէջ  չեն երեւիր   կարծես ծառերը կը ճռուողեն թռչուններուն փոխարէն   քար կը նետեմ ծառին   որ թռչունները թռչին  թռչին որ երեւին   եթէ թռչունները չթռչին   չեն երեւիր         ***  ես կորսնցուցի ճամբան   դուն գտար ճամբան   որովհետեւ ուրիշ բան չունէի կորսնցնելիք  որովհետեւ ուրիշ բան չունէիր գտնելիք  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է  որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է     ***  գիտնալու համար զիս  պիտի փորես հողը մինչեւ արմատներս   եւ պիտի տեսնես թէ  ճիւղերս ու արմատներս գրեթէ նոյն տեսքը ունին  …

Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան – Պէյրութ

Բարեւ Քեզ Երջանկութեան մայրաքաղաք ու ձանձրոյթի արքայութիւն, Բարեւ քեզ, հնադարեան վառ բարեւ… Փառատօնն ես հազարդարեան անուրջներով իմ անանուն Եւ անորոշ ապրումներուս երջանկութեան երկիրն ես դուն: Անկունքներէ հեռաւոր Գետեր կուգան վարարուն, Գետեր կուգան կամրջընկէց, տարփաձայն… Գետեր սանձող կամուրջ եմ ես, կամո’ւրջդ եմ ես: Գետերուն մէջ երազներ կան: Յաւերժական անդունդին ափն անծանօթ Եւ այդ ափին ապարանքներ հետախուզող…

Հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտը

Հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտը   Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ նշուեցաւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակը: Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին ներկայ եւ նախկին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ: Զուգահեռ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հնդկաստանի մէջ։ Կալկաթայի ճեմարանէն ներս ներկայ էին հնդիկ ուսուցիչները, տեսչութիւնը, հնդկահայոց վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ հնդակահայ համայնքէն անդամներ: Հեռավար կարգով իրարու…

Ազգային գրադարանային շաբաթը 20 տարեկան է

Ազգային գրադարանային շաբաթը 20 տարեկան է Ազգային գրադարանային շաբաթն այս տարի յոբելենական էր: 20-րդ տարին ըլլալով, շաբաթն այս տարի կրկին համախմբեց Հայաստանի գրադարանային համայնքը՝ Երեւանի եւ մարզերու մէջ, ընդգրկելով հանրային, մարզային, գիտական, համալսարանական եւ այլ գրադարաններ: Նման շաբաթ կայացնելու նպատակը հասարակութեան զարգացման գործին մէջ գիրքի եւ գրադարաններու դերն ու նշանակութիւնն ընդգծելն ու  կարեւորելն է: Ապրիլ…

Առնօ Պապաճանեան – 100 Ամեակ

Առնօ Պապաճանեան – 100 Ամեակ Յունուար 27ին Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ օրը Պապաճանեանական էր, նոր տարուայ առաջին միջոցառումը նուիրուած էր մեծանուն հայ երգահան, դաշնակահար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիսթ, պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Պապաճանեանի ծննդեան 100 ամեակին: