Տարաբնակ Մարդը Մ. Իշխանի Թատերախաղերուն Մէջ
Տարաբնակ Մարդը Մ. Իշխանի Թատերախաղերուն Մէջ 25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ «Սփիւռքը թատրոն կրնա՞յ ունենալ»։ Օշականի պատասխանը աւաղում մըն է այդ օրերու սփիւռքահայ թատրոնին, որ կը ներկայանար…