Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն hայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկանը բոլորեց

Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն hայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկանը բոլորեց Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկան է։ Եկեղեցին ունի շատ հետաքրքրական պատմական։ Արդեօք ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է անիկա՝ միչեւ այսօրուան նորակառոյց եկեղեցին դառնալը։ Թորոնթոհայ համայնքը մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ձեւաւորուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ պատմական հիմնադրութեան շուրջ՝ նկատի ունենալով, որ ցեղասպանութենէն փրկուած փոքր թիւով…

Բարձրացուեցան Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Պողպատեայ Առաջին Գերանները

Բարձրացուեցան Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Պողպատեայ Առաջին Գերանները Կլենտէյլի մէջ շինարարութեան տարածքին վրայ բարձրացուեցան Հայ-ամերիկեան թանգարանի կառուցային առաջին գերանները: Յատուկ այս հիմնաքարը պաշտօնապէս սկիզբը կը դնէ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի շինարարութեան երկրորդ հանգրուանին: Յաւելեալ հետաքրքրական նորութիւններ` շուտով:

Գալիֆորնիոյ աւանդական՝ Վարդերու շքերթին հայկական ծաղկասայլը արժանացած է յանձնախումբի յատուկ մրցանակին

Գալիֆորնիոյ աւանդական՝ Վարդերու շքերթին հայկական ծաղկասայլը արժանացած է յանձնախումբի յատուկ մրցանակին Արդէն 130 եւ աւելի տարիէ ի վեր ամերիկեան աւանդոյթ մը կայ. Գալիֆորնիոյ նահանգի Փասատինա քաղաքին մէջ Նոր տարին կը սկսի Վարդերու շքերթով: Շուրջ 135 տարի շարունակ «Փասատինայի վարդերու մրցաշարերու ընկերակցութիւն»ը Փասատինա քաղաքէն ներս կը կազմակերպէ նահանգի շքերթներուն մէջ ամենէն մեծը՝ Վարդերու շքերթը: Այս շքերթին,…

Գամիշլիի մէջ նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներ եւ վերանորոգուած «Կիւլպէնկեան» սրահի բացում

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մօտէն Հետեւեցաւ Գամիշլիի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Շինարարական Աշխատանքներուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, մօտէն հետեւեցաւ Գամիշլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն։ Սրբազան Հայրը այցելեց եկեղեցի, ընկերակցութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ.…

Պոլսոյ Կէտիկփաշա թաղը. պատմական եւ պատուական բնակավայր մը

ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՆ Կէտիկփաշա թաղը պատմական ե՛ւ պատուական բնակավայր մը եղած է իր բնակիչներով, եկեղեցիով, դպրաց դասով եւ դպրոցով։ Ան պատմական է, քանի որ հոն կազմուած են բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք հասցուցած են սերունդներ՝ որոնք արդիւնալի ծառայութիւններ մատուցած են համայնքային-հասարակական, կրթական, եկեղեցական եւ առ հասարակ մշակութային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Կէտիկփաշա իր բնակիչներուն այս գործունէութեամբ արդարացիօրէն արժանացած է…

Բնակարանաշինութիւն Վաքըֆգիւղի մէջ

Բնակարանաշինութիւն Վաքըֆ գիւղի մէջ Սոյն տա­րուայ Փետ­րո­ւար ամ­սի կոր­ծա­նիչ երկրա­շար­ժը 11 քա­ղաք­նե­րու մէջ մեծ աւէր գոր­ծած էր։ Անոնց կար­գին էր նաեւ Թուրքիոյ միակ հայ­կա­կան գիւ­ղը Վա­քըֆը։ Վա­քըֆի մէջ դար­ձեալ բազ­մա­թիւ տու­ներ փլան եւ ան­գործա­ծելի դար­ձան։ Յա­ջոր­դող ամիս­նե­րուն գիւ­ղա­ցինե­րուն առա­քուե­ցան քոն­թէյնըր­ներ, որոնք հա­մեմա­տաբար աւե­լի ապա­հով կե­ցու­թիւն մը կը խոս­տա­նային մինչ այդ վրան­նե­րու մէջ պատսպա­րուած ժո­ղովուրդին։ Այժմ…

Թիֆլիսի մէջ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած յուշատախտակ բացուած է

Թիֆլիսի մէջ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած յուշատախտակ բացուած է Նոյեմբեր 27-ին Թիֆլիսի Տիմիթրի Ուզնածէ 93 հասցէին վրայ տեղի ունեցաւ հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը։ Այս հասցէին վրայ 1906-1922 թուականներուն ապրած է աշխարհահռչակ երաժշտահանը։ Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Միջոցառման կը մասնակցէին աշխատանքային այցով Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար,…

Կիպրոսի Հայոց Վարժարանի եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը՝ Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

Կիպրոսի Հայոց Վարժարանի եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը՝ Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքթարն է, Էրտողանին փեսան: Երեքշաբթի 7 Նոյեմբերին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ոյժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանին եւ Սբ.Աստուածածնայ եկեղեցւոյն շրջափակին մէջ: Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն…

Պուրճ Համուտի Հայաթափման Հարցը

Պուրճ Համուտի Հայաթափման Հարցը Վերջին քանի մը տարիներուն խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ հայաթափումը Պուրճ Համուտի՝ լիբանանեան այն շրջանը, որ լայնաբաց ընդունած էր աշխարհասփիւռ տարագրուած հայորդիները: 1920ականներուն, Լիբանան դարձած էր հայկական հիմնական գաղթօճախներէն մէկը: Բռնագաղթած հայերը հասնելով այս հիւրընկալ երկիրը հաստատուեցան հիմնական երկու կեդրոններու՝ մէկը գաւառային Այնճարի, իսկ միւսը Պէյրութի արուարձան Պուրճ Համուտի մէջ: Սկիզբը ապաստանելով…

Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վերաշինութիւնը Ընթացք Առած Է

Քեսապի մէջ. Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին կը վերանորոգուի Քեսապ հայկական աւանի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը վերանորոգուի։ Նախքան  Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որ նաեւ զգացուած էր  Քեսապի մէջ, եկեղեցիին մէջ երեւցած էին որոշակի ճաքեր։ Բան մը, որ դարձած էր գիւղի ազգային մարմիններու մտահոգութեանց առանցք։ Աւելի ուշ  կիպրահայ նուիրեալ հայրենակից Սեպուհ Արմենակեան լսելով այդ մասին  հաւանութիւն տուած…