Նորա Մարտիրոսեանի նոր ժապաւէնը պսակներ կը խլէ

Նորա Մարտիրոսեանի նոր ժապաւէնը պսակներ կը խլէ Բեմագիր Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտի» ժապաւէնը Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգի 19-րդ միջազգային փառատօնին (PIFF) շահած է Մահարաշթրայի կառավրութեան «Պրապհատ» մրցանակը, լաւագոյն միջազգային ֆիլմի համար: Յիշեցնենք, որ այս ժապաւէնը Ֆրանսայի (SISTER Productions), Հայաստանի (anEVA Production) եւ Պելճիքայի (Kwassa Films) համատեղ արտադրութիւնն է:   Նշենք, որ սա բմադրիչի առաջին…

Իզապէլ Պայրագտարեան Կը Հրապարակէ Հայկական Մանկական Երգեր

Իզապէլ Պայրագտարեան Կը Հրապարակէ Հայկական Մանկական Երգեր Լիբանան ծնած, Գանատացի-Ամերիկաբնակ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան` գովաբանուած է իր գեղեցկութեան, աշխոյժ ներկայութեան եւ ոճի, ինչպէս նաեւ իր տպաւորիչ բազմածաւալ ձայնին համար։ Ան կը ներկայացնէ հայկական մանկական երգերու նոր ձայնագրութիւն մը, Armenian Songs for Children (AVIE Records AV2449), թողարկումի ամսաթիւ՝ 18.06.2021։ Խորին անձնական ​​ծրագիր մըն է, ուր Իզապէլ յարգանքի…

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ճիգերով համաշխարհային մտքի տիտանները՝ հայերէնով

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ճիգերով համաշխարհային մտքի տիտանները՝ հայերէնով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի  ճիգերով   համաշխարհայ=Հայաստանի մէջ լոյս տեսած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորած թարգմանական շարքի առաջին երեք գիրքերը։ Շարքին նպատակն է  հայերէնի  թարգմանել հասարակական եւ մարդասիրական նիւթերու ամէնէն  ծանրակշիռ   աշխատութիւնները։ Առաջին հրատարակուած գիրքը Ճորճիօ Ակամպէնի «Մնացորդք Աւշուիցի. Արխիւը եւ վկան» (Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e…

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրատարակած Լիբանանի Հայերը, Սուրիոյ Հայերը, Յորդանանի Հայերը եւ Իրաքի Հայերը հատորներուն շնորհանդէսը՝ ներկայութեամբ երիտասարդ եւ երէց սերունդի հայագէտ մտաւորականներու: Հանդիսութեան բացումը կատարեց…

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։ Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝…

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը

Անթիլիասի Մայրավանքի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։ Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.-…

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակիրներուն շարքին է հայ գրող Արամ Պաչեանը Նոյեմբեր 9-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ «Ֆլաժէ» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրականութեան համար ԵՄ մրցանակ» 2021 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ի նշանաւորում տասներեք երկիրներու դափնեկիրներուն։ Անոնց շարքին է հայ տաղանդաւոր գրող Արամ Պաչեանը իր «P/F» փորձարարական վէպով: Նախաձեռնութեան նպատակն է եւրոպական…

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Մեծարուեցաւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Կողմէ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, թէ 6 Նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին, ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին, գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր նպաստը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն վերջին առաւել քան 40 տարիներուն ընթացքին։ Հալէպ ծնած եւ հասակ նետած Տատոյեան հեղինակ…

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. (41դ) Հատորի Շնորհանդէսը Պէյրութի Մէջ

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. (41դ) Հատորի Շնորհանդէսը Պէյրութի Մէջ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ. հատորի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մշակութային կցորդ պ. Դաւիթ Ալլավերդեանի, հայագիտութեամբ շահագրգռուած մշակութասէր հիւրերու եւ Հանդէսի խմբագրակազմին:…

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը Կը Ներկայացնէ Նոր Գիրք Մը

Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ՝ Կեանքի Մեծ Հարցումները Փոքրիկ Ընթերցողներու Համար «Կրթէ անուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ մեծնայ՝ անկէ չշեղի» (Առակած 22:6): «Յաճախ մանուկներ հարցումներ կը հարցնեն եւ ծնողք կամ ուսուցիչ կը շուարին, թէ ինչպէ՛ս պատասխանեն, ի՛նչ ըսեն, ի՛նչ չըսեն կամ ինչպէ՛ս պարզ բայց ճշմարիտ եւ ճշգրիտ պատասխան տան: Ըստ մանկավարժներու եւ հոգեբաններու՝ անոնց փնտռածը…