Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում

Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում` Երաեւանի մէջ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում նուիրուած հալէպահայ գրող Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին: Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը եւ բանասիրական բաժանմունքի ուսանողները ներկայացուցին անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ արժեւորեցին արեւմտահայ մտաւորականին սէրն ու նուիրումը` մայրենի լեզուին եւ հայրենիքին հանդէպ: Գրողին կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձաւ…

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը 30 տարեկան

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը 30 տարեկան «Արաս» հրատարակչութիւնը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, այս տարի Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին մասնակցութիւն կը բերէ արդէն այս յոբելենական շրջանին։  Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականը, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս, «Արաս»ի տաղաւարը շաբաթավերջին հոծ թիւով գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ Ամբողջ անձնակազմն ալ համակուած էր յոբելեանի…

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Թիւը

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Թիւը ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հրամանաւ լոյս տեսաւ Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» երկլեզու պաշտօնաթերթի այս տարուան առաջին թիւը (2023 թիւ 1), նուիրուած՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի յիսնամեայ յոբելեանին: 224 էջեր հաշուող գունատիպ այս թիւը կը բացուի Արամ…

«Փիլիպարտէզ»Ի Գծով Ծրագիր

«ՓԻԼԻՊԱՐՏԷԶ»Ի ԳԾՈՎ ԾՐԱԳԻՐ Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պատանի ընթերցողներու ուղղեալ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը»։ Այս գործի հեղինակն է Թինա Քոփմա, որ միեւնոյն ժամանակ գիրքը նկարազարդած է։ «Արաս»ի այս գիրքը խմբագրած է Սարին Աքպաշ։ Էջադրութիւնն ալ կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։ «Արաս»ի այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է…

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս Թիւ 43/1

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս Թիւ 43/1 Լոյս տեսաւ «Հայկազեան» համալսարանի հայագիտական հանդէսի 2023 տարուան առաջին գիրքը: Ան իր 520 էջերուն մէջ, «Սփիւռքահայ իրականութեան մեծ բացական՝ հայ մտաւորականութեան դերակատարութիւն-ազդեցութիւնը» վերնագրեալ խմբագրականին կողքին, կ’ընդգրկէ արուեստագիտական, բանահիւսական, գրականագիտական, եկեղեցագիտական, ընկերաբանական, լեզուագիտական, պատմագրական ուսումնասիրութիւններ, հրապարակում մը, հաղորդումներ եւ երկու գրախօսական: «Հայկազեա»ն հայագիտական հանդէսը լոյս կը տեսնէ Հայկազեան համալսարանի…

2023-ի Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակները

2023-ի Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակները Միջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակը, ինչպէս ամէն տա­րի, այս տա­րի եւս յանձնո­ւեցաւ Սեպ­տեմբեր 15-ին՝ Հրանդ Տին­քի տա­րեդար­ձին օրը։ Այս տա­րի մրցա­նակը տրո­ւեցաւ Թուրքիայէն «Աչըք ռա­տիօ» ձայ­նասփիւ­ռի ալի­քին եւ Թուրքիոյ դուրսէն՝ Գո­լոմ­պիայէն, «Խո­զէ Ալե­ւար Ռեսթրե­փօ փաս­տա­բան­նե­րու հա­մախմբում»-ին։ Մրցա­նակին նպա­տակն է ըսել որ առան­ձին չեն այն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը եւ խմբակ­նե­րը, որ յոյս կը ներշնչեն…

Յայտնի եղան «Օրօրա»ի դափնեկիրները

Յայտնի եղան «Օրօրա»ի դափնեկիրները Սեպտեմ­բե­րի 19-ին Նիւ Եոր­­քի մէջ «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը յայ­­տա­­­րարեց 2024 թ. «Օրօ­­րա»ի հե­­րոս­­նե­­­րու անուննե­­րը, «Քլին­­թոն» հա­­մաշ­­խարհա­­յին նա­­խաձեռ­­նութեան ամե­­նամեայ մի­­ջոցառ­­ման ըն­­թացքին։ Այս հե­­րոս­­նե­­­րէն մէ­­կը դար­­ձաւ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրը։ Շնորհման արա­­րողու­­թիւնը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ 2024 թ. Մա­­յիսին, Լոս Ան­­ճե­­­լես։ 2024 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրը կը ստա­­նայ 1.000.000 ԱՄՆ տո­­լար պար­­գեւ եւ նո­­ւիրա­­տուու­­թեան շղթան…

Պելճիքահայ Կարինէ Մելիքսէթեանը արժանացած է ֆլամանական «N-VA» կուսակցութեան պատուաւոր պարգեւին

Պելճիքահայ Կարինէ Մելիքսէթեանը արժանացած է ֆլամանական «N-VA» կուսակցութեան պատուաւոր պարգեւին   Պելճիքայի ֆլամանական «N-VA» կուսակցութիւնը իր ամէնամեայ՝ արդէն տասնմէկերորդ պատուաւոր պարգեւը յանձնած է ֆլամանական Կենթ քաղաքի բնակիչ հայուհի Կարինէ Մելիքսէթեանին՝ հասարակական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրման համար։ Կարինէ Մելիքսէթեանը Պելճիքա կը բնակի 1996 թուականէն։ Պելճիքա եկած էր որպէս զբօսաշրջիկ, բայց սիրահարուած, ամուսնացած ու մնացած է…

«Բառիկ». Հայերէնի Բառապաշարդ Հարստացնելու Նախաձեռնութիւն Մը

«Բառիկ». Հայերէնի Բառապաշարդ Հարստացնելու Նախաձեռնութիւն Մը Հայրենադարձ Շահէն Արաբօղլեանի եւ Սուրէն Փափազեանի կողմէ պատրաստուած «Բառիկ» անունով բառախաղը հայերէնի բառապաշարդ հարստացնելու եւ նոր բառեր սորվելու խրախուսելի նախաձեռնութիւն մըն է։ Parig.xyz կայքին մէջ խաղի տեսքով եւ օրական դրութեամբ կրնաս կռահել թաքնուած բառը 6 փորձ կատարելով։ Ամէն մէկ կռահումէ ետք, տուփիկներուն գոյները կը փոխուին, ցոյց տալով՝ որքան մօտեցած ես…

Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Ռուպինա Ալահայտոյեանի «Լիբանանի Երգչախմբային արուեստը» հատորը

Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Ռուպինա Ալահայտոյեանի «Լիբանանի Երգչախմբային արուեստը» հատորը  Հայ  Աւետարանական համայնքի  Լիբանանի երիտասարդ հովիւներէն՝ Վեր.  Ժիրայր Ղազարեանի էջէն կը կարդանք՝  Երկար տարիներու ջանասէր աշխատանքէ ետք, Տիկին Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան կ՚ամբողջացնէ «Լիբանանի Երգչախմբային Արուեստը 1920-2020» վերնագրով  հատորը։ Վերոյիշեալ աշխատանքը հարստութիւն է Լիբանանի Հայ գաղութին համար, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային մեծ աշխատանք։ Հայկազեան Համալսարանի հովանաւորութեամբ՝ Վեր.…