Իգնա Սարըասլան

Իգնա Սարըասլան – Պոլսահայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ։ Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն Իգնա Սարըասլան ծնած է 1945ին, Պոլսոյ մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ ֆրանսական Ս. Ժոզէֆ վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական բաժանմունքին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ վիրաբոյժ։ Սկսած է գրել 14 տարեկանին։ Աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլին, տալով…

Նորա Պարութճեան

Նորա Պարութճեան Ծնած եմ Լիբանան՝ Պուրճ Համուտ, աւարտած եմ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Մասնագիտական գործունէութիւնս սկսած եմ լրագրութեամբ, մաս կազմած եմ սփիւռքահայ երկու թերթերու խմբագրութեան եւ աշխատակցած մի քանիին։ 1986-էն ի վեր կ’ապրիմ Ֆրանսա։ Այսօր բազմամեայ ուսուցչուհի եմ, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ փարիզեան արուարձանի մէջ գործող Դպրոցասէր վարժարանին մէջ։ Հսկայածաւալ նիւթ մը՝…