Խաչիկ Տէտէեան – Պէյրութ

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԱՐԴԿԱՆՑ Եկէ՜ք մոռնանք՝ ինչո՞ւ հոս ենք, Գաղտնիքն այդ թող մնայ անթեղուած Ամպերուն մէջ մառախլապատ։ Եկէ՜ք մոռնանք, որ մահկանացու ենք, Անբան ամպերուն նման՝ Թափառինք անհոգ, կարծէք անմահ ենք, Երկրէ երկիր սուրանք, կարծէք անկապանք ենք, Խնդանք, զուարճանանք, կարծէք մանուկ ենք, Ու երբ օրը մթնի, չխորհինք թէ սա վերջն է, Այլ սկիզբը՝ խինդ ու պատրանքի, որ անվերջ…

Վեհանոյշ Թեքեան – Նիւ Ճըրզի

ՄՈԽԻՐԷ  ԾԱՌ (Հատուած)   Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ   Լոյսի նման ծննդազօր ստուերի պէս սերմնապահ Լոյսի նման միահեծան ստուերի պէս ինքնակոչ Ստուերի պէս բաժանելի լոյսի նման ինքնասլաց Լոյսի նման ընթեռնելի եւ ստուերի պէս անտիպ Լոյսի նման հաւատացեալ ստուերի պէս դիւրախաբ Լոյսի նման ինքնուղի ստուերի պէս հնազանդ Լոյսի նման ինքնաբաւ ստուերի պէս մակաբոյծ Լոյսի նման բազմիմաստ…

Փանոս Ճերանեան – Մոնրէալ

Ամենածանօթը Իմ սիրածին ծաղկանց մէջէն ամենածանօթը ինծի ՝ կարմիր վարդն է իր փուշով. ու ծաղիկը՝ ապրիմ-մեռնիմ իր թաւալող տերեւով … (Թրթիռներ) Փանոս Ճերանեան   Մասիս Լեռը Օրը տակաւ կը մթագնի… անջնջելին, Հայասպանի դէմքը տեսած Մասիս լեռն է՝ բոսորագոյն ամպերէ վեր Իր տեսածը Վկայելու Կը մագլցի … Փանոս Ճերանեան

Վահան Զանոյեան – ԱՄՆ

Խենթերս Բառեր կան մէջս խուժաննե՜ր բառի կը ժայթքին չորս դիս խելար ու վայրի ինչպէս բզզացող պիծակներ կատղած կայան տենչացող տեղահան բառեր Ձայներ կան մէջս ալիքնե՜ր ձայնի կ՚ողողեն գանկս ողջ էութիւնս խլացնող կիրքով անձնագիր կ՚ուզեն շփոթ աչքերէս յոգնած աչքերէս Յոյզեր կան մէջս գնացքնե՜ր յոյզի կը սուրան վայրագ անողոք, դաժան անզուսպ կորովով կը հարցաքննեն խղճմտանքս խռով խղճմտանքս…

Տիգրան Գաբոյեան – Տուպայ

Կարօտ /նոր/ Կարօտը իր մարմինը կը յանձնէ, ինծի է՞ր, չեմ գիտեր, գիտեմ միայն, որ իր մարմինը կը յանձնէ, տեւական է՞ր, չեմ գիտեր, գիտեմ միայն, որ իր մարմինը կը յանձնէ: Ո՞ւր էր, այժմ կը լռեմ, արդէն ինքը՝ կարօտը կ’ըսէ՝ -մարմինս ձեզի կը յանձնեմ, ներեցէք ինծի վէրքերուն սիրոյն: Տիգրան Գաբոյեան

Սեւան Հանէշեան Պետուրեան – Քալիֆորնիա

ԱՆԻ՜ Երազներո՜ւ մէջ հիւսուած ճրագարա՛ն, ո՞ւր է ճրագդ, այն որ պիտի ջերմացնէր սիրտն ու հրդեհէր հոգին։ Այսօր եկայ մօտդ, եկայ ճրագդ որոնելու, Հազար ու մէկ ճրագ։ Անի՛…Անի՛… Անի՜… Փլատակ էութեանդ ընդմէջէն կրկնուող համանուագ, Անի՛… Մեր էութիւնն ալ փլատա՛կ, բայց խաչը քանդակուած ։ «Տէ՜ր ողորմեա՛», լո՜ւռ կը լսենք, «Ազգիս հայոց սէր միութիւն», լո՜ւռ կ՛երգենք, կը լսե՞նք……

Ռուբէն Ճանպազեան – Թորոնթօ

Խաղալի՞ք եմ միթէ​ ​Խաղալի՞ք եմ միթէ,​ Անզգամ մէկ ի՞ր.​ Համոզուած ես որ չե՞մ զգար,​ Եւ սիրտս քա՞ր է անկենդանի.​ Կը կարծես որ այդքան հեշտ,​ Կրնամ մոռնա՞լ ամէն ինչ.​ Անտարբերութիւնդ իմ վերջս է,​ Եւ ահա կը զգամ ոչինչ:​ ​ Ռուբէն Խաժակ​ Թորոնթօ, Սեպտեմբեր 2014

Յակոբ Նալպանտ Տլտլեան – Հալէպ

Դանդաղութեան Երգը Ժամանակն այդքան​ Դանդաղ կը հալի​ Եւ կը մահանայ​ Ինչպէս հրէական​ Բանտերու խորքը​ Մահուան հացադուլ​ Յայտարարած եւ մահը սպասող​ Պաղեստինի քաջ​ Խիզախ հայդուկի​ Դատարկ աղիքի​ Պրկումներու մէջ​ Դանդաղ սողացող​ Մայր ժամանակը Եւ ժամանակը​ Կը ճմռթկուի​ Ան կը պլլուի​ Եւ կիսակլոր լուսինի նման​ Ան ալ կը դառնայ​ Կիսակլորուած​ Կիսապլլուած​ Ինչպէս հրէական բանտախցի մէջ​ Իր ցուրտ…

Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան – Հալէպ

ԱՆԾԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ Կը փայլփլին Համրացած զանգերը տաճարներուն Անծայրածիր դաշտերուն մէջ լքուած Արեւալոյս է անհունին մէջ Կիսափուլ տուներէն ներս Աղօթքի խունկ սպասում Զանգակատան վրայ խաչ ու գողգոթայ Անծայրածիր դաշտին մէջ ոչ մէկ կարեկցանք ՁԱՅՆ ՏՈՒՐ ԾԱՌ 2016 ​ Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան

Կարօ Արսլանեան – Քուէյթ

«ԵԹԷ» բանաստեղծական հատորի շարքէն Կարօ Արսլանեան Այս երգը երգ չէ, արիւնոտ վէրք է, Դարաւոր կիրք է եւ արհաւիրք է. Այս երգը դէմքէդ պոկուած ժպիտ է, Համբոյրներուդ պէս զուլալ, վճիտ է, Կարօտիդ պէս բորբ, անվերջ թռիչք է: Այս երգը քու սրտիդ դռները թակող Եւ հայեացքներուդ ցոլքով յագեցող Ծարաւ, որբուկ է, Այս երգը անցեալէն ապագայ վազող խենթ…