Խաչիկ Տէր Ղուկասեան – Պուէնոս Այրես

ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ, ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Վաւերական ոչինչ ըսուածին հարազատ ոչ մէկ բառ և կայուն ոչ մէկ իմաստ տողանցումի անհաւասար կշռոյթին: Եւ սակայն խօսքը, ամբողջական ու բացարձակ, կա՛ր: Մինչև որ արմատներէդ տարագիր մոռցուած օր մը հեռացար: Եւ սկսաւ այս յաւերժական թափառումը լեզուին մէջ: Տառապանքը հիմա -կը գրես- ներկայ է մշտական անցեալի մարող արձագանգին ընդմէջէն: Ժամանակը այլևս…

Թադէոս Եսայեան – Ամման

Անաւարտ Պատերազմը Արցախի Գիժ էր հովը գերեվարուած այդ օրին​ Երբ արեւը մեր սարերէն դուրս տարին,​ Շաղն առտուան արցունքի պէս կաթեցաւ​ Վրան զոհին, որ մօր արցունք չունեցաւ… Երէկ էր դեռ բիլ կապոյտ կար երկինքին,​ Հերոսները հասեր էին բարձունքին,​ Կարծես ոգին Դաւիթ Բէկի, Նժդեհի​ Կապեր էին հայոց սիրտերը իրար… Բայց հովը իժ թրքալեզու վայրենի​ Բնաջնջեց ծաղիկները սարերուն,​…

Գէորգ Պետիկեան – Փասատինա

ԿԱՆԱՉ ԳԱՐՈՒՆՍ Հոգիս իր հանդիպած գարնան, Ծաղիկներ քաղեց անհամար, Վարդերը գգուեց, համբուրեց, Որպէսզի ծնին երազներս անհամար: Հոգիս իր հանդիպած գարնան, Մտքէս չոր ու ամայի, Ջերմութիւն բաշխեց բոլորին, Որպէսզի ապրին ու բազմանան: Ապա հոգիս իր հանդիպած գարնան, Հաւաքեց իմ սէրերը կարօտագին, Ու յոյս խառնելով երազին, Յանձնեց գիշերուան կապոյտին: Ու անկէ ետք, հոգիս իր հանդիպած գարնան, Մէկ…

Անահիտ Սարգիսեան – Փարիզ

Տիկին Պիաթրիս նախաբան շուտով քսեց շրթունքին կարմիրը մատներով շտկրտեց մազերուն գանգուրները դէմքը քիչ մը թեքեց` դէպի աջ, լուսանկարողին համար` դէպի ձախ, ապա պրկուած ժպիտ մը գծագրեց դէմքին նայելով անդին ոչ ոքին պէտք էր փաստէր աշխարհին կեանքին ժամանակին բոլորին թէ գեղեցիկ էր տակաւին ու երջանիկ դիտեց Տիկին Պիաթրիս պատառ մը երջանկութիւնը պատկերին ու գոհունակ վերադարձաւ իր…

Սարգիս Քէլ Խաչերեան – Պէյրութ

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ   Դարձեալ մեծ մայրս է​ Որ հնավաճառին օձիքին կառչած​ Իր հին լաթերուն հետ​ Հին ցաւերն ալ ծախել կ’ուզէ Ներսի սենեակը​ Մայրս խոր շունչ մը կ’առնէ​ Հօրս իրմէ պահած​ Ծխախոտի տուը​ Յայտնաբերելուն առթիւ Հայրս​ Ճոճուող բազկաթոռին վրայ​ Կը փորձէ ինք զինք գտնել​ Անխաղընկեր աչքխփուկ խաղցող​ Տղեկի մը պէս Քոյրս​ Եղբօրս հանդերձներուն հետ​ Իր ճմռթկուած երազներն…

Յարութիւն Պէրպէրեան – Մոնրէալ

Կորսուող բնաշխարհ III Ես չեմ կրնար մնալ լուռ ու ձեռնածալ, երբ աղէտը կը հարուածէ ամէնուրեք: Հայրս կ’ըսէր՝ նստած ճիւղդ չեն սղոցեր, իսկ մենք՝ հիմա կոյս անտառներ կը հրկիզենք եւ կ’ամլանայ հողը ընդմիշտ … Ովկիանոսներուն մէջ կէտեր հսկայ կը կոտորուին անխնայ: Ծիածանագոյն ծաղիկներ վառման հոն կ’անհետանան՝ բեղմնաւորող թեւաւորներու ջնջուած այցէն … Իսկ ազգս ձուկ է ապականող…

Մարուշ Երամեան – Գահիրէ

Կինը  Որ կամաց կամաց վերածուեցաւ խոտի    Խաղ  Կին – կոն – կոտ – խոտ  Կինը նայեցաւ յուշերով  Կոնաձեւ էին  Կոտով չափեց ու տեսաւ  Նուազած բայց խտացած  Ճառագայթող մարգրիտ  Իսկ էութեամբ  Թրթռացող ցօղի կաթիլ  Մատղաշ ու թարմ տերեւին    Ցաւ    մոռցեր էր թարմութիւնը  անձրեւներուն գրգիռը կողերուն  գինովցնող բոյրը  մայրամուտի խարխաբին մէջ   կիսալուսին էր  չամբողջացած    ծնած էր ամենէն գեղեցիկ հովիտին մէջ  աշնանային օր մը  մոռցուած թեւակոտոր հեռացող  երազներու սէրէն  վայրի նժոյգներ կային վարգող  անոնց աչքերուն մէջ կարդացեր էր  տենդը խենթ գիշերներուն  առանց գիրերը ճանչնալու  առանց հեգելու    արեւը խանձեց զինք  լուսինը փայփայեց    եւ հողը միշտ թարմ մնաց կողերուն    եւ որովհետեւ հողը միշտ թարմ  մնաց կողերուն  ինք ալ վերածուեցաւ խոտի  եւ ամէն գարնան  նորովի կը կանաչի    Մարուշ Երամեան 

Համբիկ Մարտիրոսեան – Պէյրութ

ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐՈՒՆ  Ա՜խ, ես որքա՜ն, որքա՜ն կ’ուզեմ, որ դուք խօսի՛ք հայերէն…  Սորվիք օտար բի՜ւր լեզուներ, բայց չմոռնա՛ք հայերէնն…  Ամէն լեզու, ծաղկի նման, ունի անուն, բո՜յր ու համ,  Բայց Ոսկեղնիկն ուրիշ հա՜մ է, ան կը բուրէ՝ հայօրէն..:    Քանի՜ քանի՜ վանտալ ցեղեր, բարբարոսներ վայրենի,  Աւերեցի՛ն մեր երկիրը, քանդեցին բո՛յնն հայրենի…  Հրկիզեցին սուրբ տաճարներն, աւերեցին տո՜ւն ու տե՜ղ  Բայց չկրցան հիմէն պոկել՝ մեր թանկ գա՛նձը՝ Մայրենի..:    Դա՜ր ու դարեր ան ապրեցաւ, հասաւ մեր օրն, յաղթական…  Դարձաւ հայու հպարտութի՛ւնն, անցագի՜րը պատուական…  Ձեր մանկութեան օրօրոցէն, եղաւ աղօ՛թք, լո՜ւռ օրհնանք՝  Ինչպէ՞ս կրնաք զայն շուտ մոռնալ, ան կնի՛քն է յարութեան..:    Հայոց լեզուն մօր կաթի հետ, լուռ մրմունջով մեղմանուշ,  Որպէս հե՜զ ու խոնարհ շշունչ, շոյեց հոգի՛ն ձեր անուշ…  Ու այդ պահէն, շուրթեր անխօս, անմեղունա՜կ ու բարի՝  Գեղգեղեցին ԱՅԲ ԲԵՆ ԳԻՄ-ը՝ հրաշքով մեծ, բերկրալի..:    Կ’ապրիք հիմա օտար ափեր, ձեր շուրջ հազար երգ ու տաղ…   Հազա՜ր ու մէկ օտար բարքեր, ու լեզուներ՝ ծաղկաքաղ…  Թայց, թէ զգո՜յշ… մի՛…մի՛ ձուլուիք՝ ժխոռին մէջ ամպամած՝  Մոռնաք յանկարծ լեզուն ձեր թանկ, ինքնութիւնը՝ փառապանծ:                                                 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 

Կարօ Արմենեան – Ուաշինկթըն

ԱՇԽԱՐՀԱԶՕՐ գարնան վանկերն են անգիտակ որոնք այսպէս կ՚արթնցնեն առաւօտը երբ տխուր է ամէն բան   մեր մեռելները անթաղ են դեռ և գետերը վարարած են արիւնով և վերջին տունկը որթի կը գալարի միջոցին մէջ անօգնական դուն գիտես որ վերջ գտած է մանկութիւնդ դուն ինկած ես դուրս նժարէն և մողոքն է որ կ՚ուտէ քեզ բթացնելով ամէն զգօն…