Ի՞նչն է որ մեզ հայ կը պահէ, երբ չըլլայ լեզուն

Հայուն Հաւաքական Կերպարը Եւ Ինքնութիւնը Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ արուեստագէտներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ ու ստեղծագործել. անոնց անունը դուրս կու գայ իրենց ապրած երկրին սահմաններէն, հասնելու համար տարբեր երկիրներ ու ցամաքամասեր: Անոնք ոչ միայն չեն ժխտեր իրենց ազգութիւնը, այլ հպարտօրէն կը նշեն իրենց արմատները եւ կը սատարեն ՀԱՅ մարդու կերպարին բիւրեղացման. օտարներուն…

Արեւմտահայերէնի ուսուցումը Հայաստանի դպրոցներէն ներս

Արեւմտահայերէնի ուսուցումը Հայաստանի դպրոցներէն ներս Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր լինելութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն են.  «Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է…

Անհամասեռութիւն

Անհամասեռութիւն Անհամասեռութիւնը գրողական կարեւոր  թերութիւն մըն է, որ կը կայանայ խօսքի համադաս բառերը անմիօրինակ  ձեւաւորելու մէջ: Օրինակ՝ ***«Ե. դարու մատենագիր  Ղազար  Փարպեցի պատմիչը եւ ակադեմիկոս  Մկրտիչ Ներսիսեանը մեծապէս յայտնի են…»: —Պատկերացնենք մէկը, որ ոչ մէկ գաղափար ունի այստեղ յիշուած յատուկ անուններու մասին եւ այս կարդացածովը պիտի հաստատէ իր առաջին  ծանօթութիւնը: Արդ, ի՞նչ կ’ըսէ այս նախադասութիւնը…

Արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք

1.Արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք             Կը թուի, թէ մեր լեզուն պիտի երկար կրէ  ռուսական  այս  քաղցկեղը, որ ահա վերջին տարիները թափանցեց մեր բարքերուն մէջ, արժանացաւ  անոր մե՛րթ բարեխառն, մե՛րթ ջերմ վերաբերումին,  հուսկ՝ լիարժէք տուն-տեղ դարձաւ, եւ այս բոլորը  փութաջան միջնորդութեամբը արեւելահայերէնի:             Այսօր մեր գրողները, յատկապէս լրագրողները, բայց նաեւ այլազան  գրասենեակներ՝ իրենց քարտուղարներով, իրարու ձեռքէ կը խլեն այս աղբերը:             Հրամեր էք՝             —Զինեալ միջադէպի…

Ընձեռել եւ ընձեռնել

Ընձեռել եւ ընձեռնել             Մեր օրերը հիմա կ’անցնին լեզուական դառն ու աւելի դառն անակնկալներով, որոնց հայթայթիչը արեւելահայ իրականութիւնն է իր բանաւոր ու գրաւոր խօսքերով: Ամէն օր դէմ- յանդիման կը գտնուինք այլանդակութեան մը, որ կու գայ գերազանցելու նախորդը ու այսպէս շարունակ:             Ասոնց վերջինն է ընձեռնել-ընձեռնուել:             Որով կը խաթարուի լեզուական հազարամեակներու  աւանդ մը, որ օրին եղած է ընձեռել-ընձեռուիլ  զոյգը ու այնպէս ալ…

Արեւմտահայերէնի Նահանջը. Մեր Խօսակցական Լեզուէն Մաքրելով Օտար Բառերը` Պահպանենք Մեր Արեւմտահայերէնը

Արեւմտահայերէնի Նահանջը. Մեր Խօսակցական Լեզուէն Մաքրելով Օտար Բառերը` Պահպանենք Մեր Արեւմտահայերէնը Սփիւռքահայութեան մօտ, ի մասնաւորի` արեւմտեան երկիրներու մէջ, ո՛չ միայն տեղական եւ օտար լեզուներէ բառեր կը խառնենք մեր խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ, այլ նաեւ կ՛ընթանանք դէպի լեզուափոխութիւն: Գաղտնիք մը մէջտեղ հանած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի նահանջի եւ նախամահաքունի շրջան մը: Անշուշտ պատճառները բազմակողմանի…

Արեւմտահայերէնը եւ ներկայ հայրենիքը

Արեւմտահայերէնը եւ ներկայ հայրենիքը Ժողովուրդի մը լեզուն՝ անոր մեծագոյն հարստութիւնն է, անտարակոյս: Ազգի մը միասնականութեան խորհրդանիշն է ան: Հաւաքական յարատեւ ճիգի արգասիքը: Աւելին: Լեզուն, իր կառոյցով ու ձայնական, հնչական հնարաւորութիւններով, ժողովուրդի մը շնորհներուն եւ յատկանիշներուն արտացոլումն է: Ան իր մէջ կը պարփակէ զինք ստեղծող հաւաքականութեան հանճարն ու իմաստութիւնը: Իր խորքին մէջ ունի ժողովուրդին արարիչ հուրը,…

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր

Արեւմտահայերէն-Արեւելահայերէն. Մերձեցման Հարցեր Պատմական Ակնարկ Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացողութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ` թէ որակապէս իրարմէ որքանո՛վ կը տարբերին մեր խօսուածքները` բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը: Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը` արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու…

Ուղղագրութեան պատմութիւն

Ուղղագրութեան պատմութիւն Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Անգլիա յարաբերաբար քիչ զոհ տուաւ՝ բաղդատած Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Խորհրդային Միութեան…սակայն  անոր տնտեսական կորուստները կը գերազանցէին բոլորինը, քանի որ շրջափակուած կղզի մը ըլլալով՝ ան ամբողջովին կը մատակարարուէր արտաքին աշխարհէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն, ուրկէ հասնող նպաստին 70–80 տոկոսը կը փճացուէր գերմանական սուզանաւերուն կողմէ եւ որուն դիմաց, սակայն, ան հարկատու էր  եւ պարտական…

Եղեռնը եւ արեւմտահայերէնը

Եղեռնը եւ արեւմտահայերէնը Եղեռնի բացասական հետեւանքներուն մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ արեւմտահայերէնը, որ իր կարգին տեղահան եղաւ այն բնական ու նպաստաւոր միջավայրէն՝ Պոլիսէն ու Արեւմտեան Հայաստանէն,  ուր ան յառաջացած ու ծաղկած էր: Այդ կորուստը իր ուրոյն ցոլացումը կը գտնէ մամլոյ բնագաւառին մէջ: Արևմտահայ արդի մամուլի լեզուական պատկերը ուղիղ կը համեմատի  վերջին 25-30 տարիներուն՝ հայերէնի հանդէպ…