Կարօ Սուսանի (1889 – 1977 )– հայ բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, եւ նահանգապետ։ «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ։
Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի) ծնած է Սասուն՝ Ահարոնք գիւղը Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի ուխտագնացութեան օրը. այդպէս ալ կ’անուանուի Կարապետ։ Հայրը՝ Իշխան Խազար ու յատկապէս մայրը՝ Աննան, կը կերտեն իր ազգային նկարագիրը։ Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ’որակուի «Ծուռ» իր անսպառ երանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար։ Նախնական ուսումը՝ գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի 1906էն մինչեւ 1908 ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտ։
1908ին կ’անցնի Պոլիս, ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան։ 1909ին կը յաճախէ Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանը, որու ընթացքը կ’աւարտէ 1914-ին։
Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Կովկաս, ուր կը լծուի կամաւորական շարժումին. Հայ Կամաւորական եւ Ռուս բանակներուն հետ կը մտնէ Տարօն 1916ին, ուր կը նշանակուի Տարօնի կառավարիչ։ Հետագային Ռուս բանակին նահանջին ատեն կը յաջողի փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպել իրենց տեղափոխումը դէպի Արեւելեան Հայաստան։ 1917ին կ’ամուսնանայ Միսաք Մեծարենցի զարմուհի՝ Լոլա Սասունիի բուն անունով՝ Հռիփսիմէ Մեծատուրեանի հետ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակով։ Կը նպաստէ նորածին Հայկական Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման գործին։ Կը դառնայ Խորհրդարանի անդամ, Ալեքսանտրապոլի (ներկայիս Գիւմրիի) նահանգապետ եւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան Փրկութեան կոմիտէի ներքին գործոց նախարար։
1921ին կ’անցնի Սփիւռք՝ յաջորդաբար հաստատուելով Պոլիս, Պուլկարիա, Ժընեւ, Սուրիա, Ֆրանսա, եւ վերջնականօրէն Լիբանան, ուր կը գործէ՝ հանրային-մշակութային մարզին մէջ, իբրեւ ուսուցիչ (Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարան), նաեւ գործիչ ու խմբագիր։ Միանգամայն կ’արտադրէ գրական եւ հասարակական բնոյթի գործեր։ Կը յղանայ «Բագին» գրական ամսագիրի գաղափարը եւ տարիներ շարունակ կը խմբագրէ այս գրական հանդէսը, որ ներկայիս տակաւին լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։ Կը մահանայ Պէյրութ 1977ին արժանանալով ազգային թաղումի։