Յակոբ Այվազ (1911-2006) – Պոլսահայ խմբագիր եւ հրատարակիչ։

Ծնած է 1911-ին, Իսթանպուլ։ Իր առաջին դպրոցը կ՚ըլլայ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Ուսումը կը շարունակէ Բերա՝ Էսաեան վարժարան, ուր կ՚ունենայ ուսուցիչներ՝ Պարթեւեան, Փանոսեան, Սուլթանեան, Կուրտիկեան էֆէնտի։ Միջնակարգը աւարտելէ վերջ կը սկսի աշկերտութեան իր խորթ հօրը քով, որ կօշկակար էր, ինչպէս իր հարազատ հայրը, որ մահացած էր, երբ Այվազ ութ տարեկան էր: Կ՚աշխատի Պէյազիտ՝ Չաթալ խան, որ կ՚անուանուէր «Կօշկակարներու քոնսերվաթուար»։

Առաջին անգամ 1929 թուականին կը ներգրաւուի «Տէյիրմենճինին քըզը» անուն օփերեթին մէջ։ Յետոյ բէմ կը բարձրանայ «Շարք» թատրոնի խումբով։ Կը միանայ Շաւարշ Գարագաշի խումբին։

1946 թուականին, երբ կը վերաբացուի Իսթանպուլի հայկական թատրոնը, Այվազ կը խաղայ «Երիտասարդաց թատերախումբ»ին մէջ: Իսկ արդէն 1956 թուականին կազմակերպած է Մշակութային միութեան «Փոքր թատերախումբ»ը, բեմադրած է կարգ մը թատերախաղեր, խաղացած՝ թէ՛ թրքերէն եւ թէ՛ հայերէն ներկայացումներ։

Յակոբ Այվազի վերջին խաղը կ՚ըլլայ իր գրի առած «Սօն փերտէ»ն։ Բոլոր այս շրջանին ան չէ դադրեցուցած արուեստի մասին իր գրութիւնները:

Արուեստի մասին իր առաջին յօդուածները Յակոբ Այվազ տակաւին 1935 թուականին սկսած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ՝ «Տոմսակներ», «Ճպուռ» եւ «Միմոս» ծածկանուններով։

Շարունակելով գրութիւնները իր հիմնադրած «Քուլիս»ին մէջ, ան առաւելաբար խմբագրական աշխատանքով զբաղած է՝ հրաւիրելով հեղինակներ, տպագրելով ստացուած նամակներ աշխարհի բոլոր կողմերէ եւ ամենակարեւորը՝ մատը պահելով իր ապրած երկրի եւ տարածքաշրջանի թատերական ու մշակութային կեանքի զարկերակին վրայ:

Այվազ 1948 թուականին այցելած է Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Իրան, Յունաստան եւ Եգիպտոս՝ հանդէսը ծանօթացնելով հայկական գաղութներուն եւ հոնկէ հաւաքելով մշակոյթի ու արուեստի նիւթեր՝ տպագրած է «Քուլիս»ի էջերուն մէջ: Մինչեւ 1996 թուականը ան հրատարակած է 1104 թիւ, որոնք այսօր հարուստ եւ անգին գանձարան են հայ ու համաշխարհային մշակոյթը, արուեստը եւ մանաւանդ թատրոնը ուսումնասիրողներուն համար:

1997-ին Թուրքիոյ գրողներու ընկերակցութիւնը Յակոբ Այվազը կը պարգեւատրէ «Մամուլի ծառայութեան» մետայլով: Իր բեմական աշխատութիւններու կողքին, Յակոբ Այվազ Ի. դարու կէսին կը ձգէ յիսուն տարուան ժառանգ մը՝ ստանպուլահայ հրատարակչական կեանքէն ներս:

«Քուլիս»ի դադրումէն ետք Այվազ կը սկսի աշխատակցիլ «Ակօս»ին, ուր շարունակէ հրատարակել «Լուցիքա տուտու»ն, ինչպէս նաեւ իր յուշերը։ Ան կը մեռնի 2006-ին։ Աճիւնը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, իր բեմընկերներուն դրացնութեամբ։

Յակոբ Այվազ կը մահանայ 29 սեպտեմբեր 2006 թուականին, 95 տարեկանին:

 

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶ

Օր չ՚անցնիր որ նամակներ չստանանք: Անոնց մէջ կան մեզի գովողներ, գնահատողներ ու քննադատողներ: Ոմանց համար «Քուլիս» շատ գեղեցիկ է ու առինքնող, անքննադատելի ու իր նկարներովը ախորժաբեր:

Ոմանց համար ալ այպանելի նկարներովը, նոյնքան այպանելի ու պախարակելի:

Եւ տակաւին կայ զարմանալին. մինչեւ այսօր կան ընթերցողներ ալ, որոնք ցարդ չեն կրցած թերթին ուղղութիւնը ճանչնալ, եւ ճիշդ ատոր համար ալ անոր էջերուն մէջ զանազան ու զարմանազան նիւթեր կը փնտռեն:

Ուրեմն՝ մինչեւ այսօր չենք կրցել մեր ընթերցողներէն ոմանց հասկցնել, թէ «Քուլիս» գեղարուեստական հանդէս մըն է, որուն էջերը պէտք է զարդարեն գեղարուեստական նիւթեր ու նկարներ: Թէ այս թերթին մէջ գտնել անկարելի է այս նիւթերէն դուրս որեւէ յօդուած:

Քանիցս ստիպուած ենք կրկնել այս նոյն յանկերգը, եւ, դժբախտաբար չենք կրցած ինքզինքնիս հասկցնել:

Այս տողերը գրելու զիս մղեց պուլկարահայ արժէքաւոր բանաստեղծ, յարգարժան բարեկամս՝ Պր. Կարօ Ճոպոյեանին 15 Յուլիս 1967 թուակիր նամակը, ուր ի մէջ այլոց կ՚ըսէ.

.… Ամէն պարագայի մտքէ եւ խելքէ վեր է այս մեր թուականներուն հրատարակել գեղարուեստական եւ ամէնուն մատչելի թերթ մը, ինչ որ է «Քուլիս»ը: Հայ թերթերու մէջ բացառիկ կնիք մը կը կրէ իր հետաքրքրական յօդուածներով:

Թէեւ ոմանք քննադատել պիտի ուզեն անոր էջերուն մէջ հոս ու հոն իրենց կիսամերկ մարմինները ցուցադրող արուեստագիտուհիներու նկարները, բայց անոնք պէտք չէ մոռնան, թէ «Քուլիս» ժամանակին հետ քալող թերթ մըն էե:

Մեր սիրելի ընկերը՝ իր այս տողերովը, կարծես ճիշդ վէրքին վրայ դնել ուզած է մատը: Վստահ եմ, անոր ալ այդ ուղղութեամբ գանգատողներ եղած են եւ սակայն նորէն վստահ եմ, որ առաջին առթիւ իսկ այդ նկարները աչքերուն բոլոր ուժովը դիտողները, նոյն այդ քննադատողներն իսկ են:

Ցաւալի է, որ այդ մարդիկը իրենց ապրած դարէն տեղեակ իսկ չեն: Հակառակ իրենց ապրելակերպին, նիստ ու կացին, կարծես թէ չեն ուզեր հետեւիլ ժամանակին ու միայն խօսքով, այո, կը կրկնեմ, միայն խօսքով կը մնան յոռետես եւ յետամնաց:

Բայց ինչպէս ըսի քիչ վերը, անոնք դիմակաւոր պատուախնդիրներ են միայն, ու այս խօսքերով կը կարծեն խաբել ուրիշները: Կ՚ապրին շատ ազատ. իրենց աղջիկներն ու կիները կը շրջագային մինի ժիւբերով, ծովափը, աւազներուն վրայ կը պառկին կիսամերկէն քիչ մը աւելի տէքօլթէ, եւ սակայն բոլոր ասոնք չեն տեսներ կարծես ու կ՚ելլեն թերթերուն մէջ հրատարակուած արուեստագիտուհիներու լուսանկարները քննադատել:

Չեն ուզեր խորհիլ, որ այդ լուսանկարին տէրը իր կեանքը կը շահի պարելով եւ կամ սթրիփթիզով:

Յարգելի քննադատողներ, «Քուլիս» 21 տարին լրացնելու վրայ է: Այս տարիներու ընթացքին սիրով ու հաճոյքով դիմաւորեցինք որեւէ քննադատութիւն, գիտնալով, որ մենք՝ անհատներս, երկինքէ չենք իջած, եւ ճիշդ ատոր համար ալ անքննադատելի էակներ չենք կրնար ըլլալ: Կ՚աշխատինք մեր ուժերուն ներածին չափով օգտակար ըլլալ հայ գիրին ու արուեստին ու անմահացնել անոր ծառայողները: Ինչպէս որ մեզի հասած բազմաթիւ գնահատանքներ դոյզն իսկ չեն շփացներ մեզ, նոյնպէս ալ այսօրինակ քննադատութիւններու վրայ կը ծիծաղինք եւ կ՚անցնինք:

Այո՛, կ՚անցնինք մեր ճամբէն դէպի մեր իտէալը, եւ կը ջանանք ժամանակին քայլ յարմարցնել:

Մեր այդ ընթերցողները ինչո՞ւ չեն խորհիր, որ բազմաթիւ ընթերցողներու հետ դէմ առ դէմ եկող հանդէս մը, պարտաւոր է բոլորը գոհ ձգել: Հազարաւոր ընթերցողներու մէջ, սեւն ալ սիրող կայ, ճերմակն ալ:

Եւ մենք՝ իբրեւ գեղարուեստական թերթ, պարտաւոր ենք մեր ձեռքէն եկածին չափ գոհ ձգել մեր ընթերցողները:

Մնաց որ, մեր տպագրած այդ լուսանկարները գեղարուեստական բնոյթ ունին եւ այպանելի ոչինչ կայ ատոր մէջ:

Ի՞նչ կ՚ըլլար, մեր այս բծախնդրութիւնը կարենայինք քիչ մըն ալ մեր ընտանեկան շրջանակներու մէջ ցոյց տալ… Կը կարծեմ, որ այդ պարագային շատ աւելի օգտակար եւ շինիչ գործ մը ըրած պիտի ըլլայինք: